Ռուբէն Դարբինեան. «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի», մաս 3

899

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը մաս-մաս ներկայացնում է ՀՅԴ երևելի դեմքերից Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գիրքը, որը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի: 

lV

Երկրորդ պատճառը, թէ ինչո՞ւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ, Քաջազնունիի կարծիքով այն է, որ բացարձակապէս անյուսալի է ոեւէ համաձայնութիւն բոլշեւիկներուն հետ:

«Տարօրինակ է թւում,- կ’ըսէ հեղինակը, բայց փաստ է, որ այդ միտքը (այսինքն՝ համաձայնութիւնը բոլշեւիկներու հետ)- կամ այդ միամտութիւնը, ունեցել ենք անցեալում ու փորձ ենք արել կուսակցօրէն դաշնակցիլ բոլշեւիկների հետ: Տարօրինակ է թւում, որովհետեւ դա ասել է պարզապէս չհասկանալ բոլշեւիզմի էութիւնը: Բոլշեւիզմը միահեծան է, ինքնակալ: Ով իր մէջը չէ (կամ քաղաքականօէն բացարձակապէս չէզոք չէ), իր դէմ է արդէն…

«Յամենայն դէպս, իրաւացի թէ անիրաւացի, խելքի շատութիւնից թէ պակասութիւնից, փաստն այն է, որ բոլշեւիկները չեն ուզում ճանաչել մեր կարեւորութիւնը, չեն որոնում ու չեն ընդունում մեր գործելակերպը»:

Եւ որովհետեւ Քաջազնունիի տեսակէտով, «ոչ միայն պարապ ու ապարդիւն, այլեւ անվայել բան» է ինքզինքը յարգող կուսակցութեան մը համար, ինչպիսին է Դաշնակցութիւնը, համաձայնութեան ոեւէ նոր փորձ ընելու բոլշեւիկներու հետ, ուստի նոյն Քաջազնունիի տրամաբանութեամբ Հ. Յ. Դաշնակցութեանը ուրիշ բան չի մնար, բայց եթէ ընել աւելի վայելուչ քայլ մը, այն է՝ խաչ դնել իր գոյութեան վրայ եւ անվերապահօրէն անձնատուր լինել բոլշեւիկերուն ու անոնց ղեկաւարութեան:

Կը զարմանաք, որ Քաջազնունի այսպէս չէր դատէր ցարական ռէժիմի ատեն: Չէ՞ որ այն ժամանակ ալ «պարապ, ապարդիւն ու անվայել բան» էր համաձայնութեան գալ ցարական իշխանութեան հետ յեղափոխական կուսակցութեան մը համար: Չէ՞ որ այն ժամանակ ալ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պէտք չէր այդ իշխանութեան, իբրեւ կազմակերպութիւն կամ կուսակցութիւն, այլ լաւագոյն պարագային ան կարիք ունէր անհատ դաշնակցականներու հաւատարիմ ծառայութեան: Եւ սակայն Քաջազնունիի համար այն ատեն ատիկա հիմ մը չէր, որ աւելորդ դարձնէր Հ. Յ. Դաշնակցութեան գոյութիւնը:

Ի՞նչ է փոխուած այժմ, բոլշեւիկներու տիրապետութեան օրով: Փաստօրէն ոչինչ: Իսկ եթէ բան մը փոխուած է, այն ալ՝ վատէն դէպի վատթարագոյնը:

Հայաստանի անուանական ինքնավարութի՞ւնն է, որ այնքան կ’ոգեւորէ Քաջազնունին: Կրնա՞յ Քաջազնունի՝ ձեռքը խղճին վրայ դնելով՝ ըսել, թէ Հայաստանի մէջ այս պահուս իրապէս գոյութիւն ունի հայ ժողովրդին համար նուազագոյն չափով իսկ ինքնավարութիւն մը: Հոն, ուր ազատ խօսքի համար մարդիկ բանտ կը նետուին, կ’աքսորուին եւ նոյնիսկ կը գնդակահարուին: Հոն, ուր օտար սուիններու վրայ յենուծ պաշտօնեաներու խմբակ մը կը տիրապետէ, խեղդելով ժողովրդական կամքի ամէն ազատ արտայայտութիւն, կարո՞ղ է շիտակ եւ լուրջ մարդ մը պնդել, թէ Հայաստան ինքնաւարութիւն ունի իրապէս եւ թէ բոլշեւիկներու տուածը հայ ժողովրդին՝ աւելի բան մըն է, քան այն, որ կուտար ժամանակին ցարական իշխանութիւնը:

Ինչո՞ւ Քաջազնունի ինքզինքը կ’ուզէ խաբել եւ ուրիշներեն ալ մոլորեցնել այն վրան-բաց կեղծիքով, զոր կը ներկայացնէ հայ բոլշեւիկներու ներկայութեամբ քօղարկուած ռուսական բռնակալ իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ այսօր:

Քաջազնունի կը խոստովանի, թէ ինքը չի ճանչնար հայ բոլշեւիկները, չունի անձնական ծանօթութիւններ անոնց հետ եւ հեռուէն ալ ի վիճակի չէ հետեւելու անոնց գործունէութեան եւ հասկանալու անոնց մտայնութիւնը: Բայց կ’ենթադրէ, թէ անոնք ալ իրեն պէս լաւ հայեր են, ինչպէս որ ռուս բոլշեւիկները «իսկական ռուս մարդիկ են», իր կարծիքով:

Թէ ո՞ր աստիճան ռուս բոլշեւիկները իսկապէս ռուս մարդիկ են ու լաւ կը պաշտպանեն Ռուսիոյ եւ ռուս ազգի շահերը, աւելորդ կը նկատեք հոս քննադատութեան առարկայ դարձնել՝ մեր նիւթէն շատ չշեղելու համար: Բայց, եթէ անգամ ընդունինք, որ Քաջազնունի իրաւունք ունի այդ կէտի մէջ, կը նշանակէ՞ այդ արդեօք, թէ հայ բոլշեւկներն ալ լաւ հայեր են եւ մանաւանդ լաւ կը պաշտպանեն Հայաստանի ու հայ ազգի շահերը:

Դժբախտաբար, Քաջազնունի չարաչար կը սխալուի: Որովհետեւ բոլշեւիզմը զարգացած է ռուսական հողի վրայ, ռուսական կազմակերպութիւն մըն է եւ կը ղեկավարուի Մոսկուայի մէջ նստած կեդրոնական  մարմնի մը կողմէ: Հայ բոլշեւիկները հայ աշխարհի ծնունդ չեն: Սնուած օտար ոգիով, տոգորուած օտար ձգտումներով՝ անոնք անհարազատ են հայ ժողովրդին ու հայ ազատագրական պայքարին, զուրկ անմիջական կենդանի կապերէ անոր հետ:

Հայ բոլշեւիկները անկախ մարդիկ ալ չեն, ինչպէս են ռեւս բոլշեւիկիները: Հայ բոլշեւիկները պարզապէս ռուս բոլշեւիկեան կազմակերպութեանը ծառայող պաշտօնեաներ են: Ռուսական բանակի ուսերուն վրայ մտնելով Հայաստան, անոնք Մոսկուայի հրամաններուն են ենթակայ անպայմանօրէն: Անոնց իշխանութեան աղբիւրը օտար մարմին մը եւ օտար ոյժ մըն է, բայց ոչ երբեք հայ ժողովուրդը, ոչ ալ անոր մէկ շօշափելի մասը: Ուրիշ խօսքով, հայ բոլշեւիկները օտար ոյժի մը միջոցով Հայաստան բերուած ու հաստատուած անկոչ հիւրեր են, որոնք անկասկած պիտի լքեն հայ ժողովուրդը, հէնց որ ռուսական կարմիր բանակը քաշուի Հայաստանէն:

Արդ՝ ինչպէ՞ս կարող է հայ պաշտօնեաներու խումբ մը, որ թէկուզ լաւ հայերէ ալ կազմուած ըլլայ, ինչպէս կ’ենթադրէ Քաջազնունին, պաշտպանել Հայաստանի եւ հայ ազգի շահերը, երբ իր գործունէութեան մէջ բնաւ անկախ չէ եւ անվերապահ կերպով ենթակայ է Մոսկուայի մէջ գտնուող օտար տիրոջ մը հրամանին:

Եթէ Քաջազնունի այս բոլորը նկատի ունենար, մեզ հետ միասին պիտի ըսէր, թէ հայ բոլշեւիկները, ինչ ալ ըլլան իրենց անձնական յատկութիւնները, ռուսական պաշտօնեաներ են սոսկ, հետեւաբար, ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ աւելի, պարտաւոր են պաշտպանել ոչ թէ Հայաստանի, այլ Ռուսիոյ, ոչ թէ հայ ազգի, այլ ռուս ազգի շահերը:

Քաջազնունի միամտութիւն ունի հաւատալու, թէ հայ բոլշեւիկները, նոյնիսկ այն պարագային, եթէ անգամ անոնց խորթ լինի հայ ժողովրդի քաղաքական իտէալները, «կամա-ակամայ ամրացնելու են մեր գրւած դիրքերը, նեցուկ են դառնալու յետագայ նուաճումների համար»:

Մինչդեռ իրականութիւնը եւ իրերու երկաթէ տրամաբանութիւնը կ’ըսեն մեզի ատոր ճիշդ հակառակը: Այսինքն՝ եթէ հայ բոլշեւիկները նոյնիսկ տոգորուած լինին հայ քաղաքական իտէալներով, կամայ թէ ակամայ անոնք չպիտի կրնան ոչ ամրացնել մեր գրաւած դիրքերը, ոչ ալ նեցուկ դառնալ մեր յետագայ ազգային նուաճումներուն համար:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, հայ բոլշեւիկները ի վիճակի չեն շարժուելու եւ գործելու իրենց սեփական կամքով, այլ պարտաւոր են կատարել այն, ինչ որ անոնց կը հրամայեն Մոսկուայէն հայ ազգին համար օտար իշխանաւորները՝ անշուշտ իրենց, բայց ոչ մեր ու ժողովրդի շահերուն:

Քաջազնունի չի ուզեր ըմբռնել շատ տարրական բան մը եւս, այն, որ օտար կառաւարութեան մը ծառայող հայ պաշտօնեաներու խմբակ մը, անգամ եթէ կազմակերպուած լինի, չի կարող նկատուիլ իբրեւ հայկական կուսակցութիւն:

Եթէ օր մը, օրինակ, Սուլթան Ապտիւլ Համիտ քմհաճոյքն ունենար հաւաքելու իրեն հլու հնազադ հայ պաշտօնեաները, կազմակերպելու եւ Հայաստան ղրկելու իր բանակին հետ միասին՝ կառաւարելու համար հայկական գաւառները, իրաւունք պիտի ունենայի՞նք ըսելու, թէ այդ հայ պաշտօնեաները կամայ-ակամայ պիտի պաշտպանեն հայկական, բայց ոչ օսմանեան շահեր:

Հայ ժողովուրդը, դժբախտաբար, դառն փորձով շատ լաւ գիտէ, թէ ո՜րքան մոլի օտարասէր եւ դիմազուրկ են սովորաբար օտար իշխանութեան ծառայող հայ պաշտօնեաները, յաճախ օտար պաշտօնեաներէ ալ գէշ ու հայավնաս: Բաւական է միայն թեթեւ մը վերյիշել սուլթանական եւ ցարական հայ պաշտօնեաները, հարկաւ հազուադէպ բացառութիւնները միշտ յարգելով: Եւ Մոսկուայի կոմունիստներուն այսօր ծառայող հայ բոլշեւիկ պաշտօնեաները անոնցմէ ոչ մէկ բանով կը տարբերուին իրենց ստրկական հնազանդութեամբ ռուսական կարմիր տէրերուն:

Բազմաթիւ աղաղակող փաստեր կան, որ հայ բոլշեւիկ պաշտօնեաները ռուսերէ աւելի ռուսամոլ եւ հաւատարիմ են Մոսկուայի ներկայ իշխանութեան եւ այդ տեսակէտով աչքի իյնող երեւոյթ մը կը կազմեն կովկասեան իրականութեան մէջ, ա՜յնքան յոռի կերպով տարբերուելով իրենց վրացի եւ թաթար ընկերներէն:

Արդ՝ կարո՞ղ է հայ ժողովուրդը հանգիստ խղճով վստահիլ իր կենսական շահերուն պաշտպանութիւնը օտարին այսքան մոլեռանդութեամբ ծառայող խմբակցութեան մը: Եւ կարո՞ղ է այդպիսի խմբակցութեան մը անհաշտ վերաբերումը դէպի հայ ազգային կուսակցութիւնները ընդհանրապէս եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը մասնաւոչապէս լուրջ հիմ նկատուիլ այդ կուսակցութեանց «անպէտք ու աւելորդ» գոյութիւնը փաստաբանելու համար:

Այս հարցերուն դրական պատասխան տալ՝ կը նշանակէ բացարձակապէս ըմբռնել ոչ հայ բոլշեւիկներու դիրքն ու դերը, ոչ ալ հայ քաղաքական կուսակցութեանց պաշտօնը:

V

Ոչ նուազ յատկանշական է Քաջազնունիի երրորդ պատճառաբանութիւնը, որով ան կ’ուզէ ապացուցանել Հ. Յ. Դաշնակցութեան այլեւս ընելիք չունենալը:

«Մնում է- կ’ըսէ ան – իլլեգալ, գաղտնի, դաւադրական կամ, աւելի լայն չափերով, յեղափոխական  աշխատանքը:

Չէ՞ որ մենք հալածուած էինք նաեւ ցարական ու սուլթանական կառաւարութիւններից: Այժմ չե՞նք կարող անել Խորհրդային Հայաստանում նոյնը, ինչ անում էինք տարիներ շարունակ Թուրքահայաստանում:

Կարող ենք, ի հարկէ:

Կարող ենք մի բոյն դնել պարսկական Ղարադաղում, ինչպէս մի ժամանակ բոյն էինք դրել Սալմաստի մէջ, ու այս տեղից զէնք ու մարդ անցկացնել Արաքսի միւս ափը: Կարող ենք գաղտնի կապեր հաստատել ու զինուած խմբեր պահել Սիւնիքի կամ Դարալագեազի լեռներում, ինչպէս պահում էինք Սասունի լեռներում կամ Շատախի ձորերում: Կարող ենք դժուարամատչելի վայրերում ապստամբեցնել մի քանի գիւղ, դուրս քշել կամ կոտորել այնտեղի կոմունիստներին: Ապա կարող ենք աղմկալի ցոյցեր անել Երեւանի մէջ իսկ, օրինակ, գրաւել մի քանի ժամով որեւէ պետական հիմնարկութիւն, ինչպէս մի ժամանակ գրաւեցինք Օսմանեան բանակը: Կարող ենք պայթեցնել այս կամ այն շէնքը: Կարող ենք կազմակերպել ու կատարել անհատական սպանութիւններ, կոտորել մի քանի բոլշեւիկ, ինչպէս կոտորել ենք սուլթանական ու ցարական պաշտօնեաներին: Կարող ենք ռումբ պայթեցնել Միասնիկեանի կամ Լուկաշենի, կամ չգիտեմ ում ոտների տակ, ինչպէս Ելտիզ-քէոշքում պայթեցրել ենք սուլթան Ապտիւլ Համիտի ոտների տակ…

Այդ բոլորը կարող ենք անել, կարծում եմ, թէ կարող ենք անել:

Հարց է ծագում միայն, թէ ի՞նչ յոյսերով կամ ի՞նչ նպատակով անենք:

Երբ ցոյցեր էինք անում Թուրքիայում, կարծում էինք, թէ այդպիսով կը հրաւիրենք մեր վրայ մեծ պետութիւնների բարեացակամ ուշադրութիւնը ու կը հարկադրենք միջամտելու մեր օգտին: Այժմ մենք գիտենք այդ միջամտութեան իսկական արժէքը, եւ թւում է ինձ, թէ նոր փորձեր անելու կարիք չունինք այլեւս: Եթէ բարեխնամ Եւրոպան չուզեց կամ չկամեցաւ օգնել մեզ Թուրքիայում, դժուար չէ հասկանալ, որ էլ աւելի չպիտի ուզենայ կամ չպիտի կարողանայ օգնել Ռուսաստանում:

Ահաբեկման սիստեմը՝ իբրեւ անհատներին զսպելու միջոց, թերեւս ունէր որոշ նշանակութիւն, երբ գործ ունէինք քիւրտ դերէբէյիների կամ ցարական չինովնիկների հետ: Բայց պիտի ընդունինք, որ բոլշեւիկները մի քիչ տարբեր խմորի մարդիկ են: Եթէ փոխադարձ ահաբեկման խնդիր դրուելու լինի, բոլշեւիկները մեզանից ետ չեն մնայ, դեռ մի երկու քայլ էլ առաջ կ’երթան: Այնտեղ, ուր մենք փորձ կ’անենք ահաբեկել անհատներ, նրանք կ’ահաբեկեն ամբողջ զանգուածներ:

Կարո՞ղ ենք խռովութիւններին այնպիսի ծաւալ տալ, որ վերածուեն քաղաքացիական պատերազմի:

Շատ անհաւանական է: Բայց վերջ ի վերջոյ սա էլ անկարելի բան չէ: Եթէ լրջօրէն մտադրենք, շատ աշխատանք ու միջոցների առաջ կանգ չառնենք, թերեւս կարողանանք:

Բայց ինչի՞ համար:

Կարո՞ղ ենք յուսալ, թէ զէնքով դուրս կը քշենք Հայաստանից բոլշեւիկներին, երբ նրանք կանգուն են Ռուսաստանում եւ երբ մենք մեր թիկունքում ունենք բոլշեւիկների դաշնակից միլլիական Թուրքիան:

Չեմ կարծում, թէ այսօր գտնուի մեր մէջ մէկը, որ այդքան միամտութիւն ունենայ: Քաղաքացիական կռիւը, եթէ ծագի էլ, պիտի վերջանայ մեր պարտութիւնով: Բոլշեւիզմը հայկական ռէժիմ չէ ու Հայաստանում չէ, որ պիտի տապալուի, եթէ միայն տապալուելու է: Հայկական բոլշեւիզմը շարունակութիւն է ու մի փոքրիկ մասը ռուսական բոլշեւիզմի…»:

Քաջազնունին կ’ընդունի, որ մենք կարող ենք միանալ կովկասեան ու ռուսական հակաբոլշեւիկեան տարրերու հետ եւ համակովկասեան կամ համառուսական ճակատի վրայ պայքարիլ բոլշեւիկեան իշխանութեան դէմ: Բայց «հէնց այդ է, որ չպիտի անենք», կը պնդէն ան:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ հայ ժողովուրդը յոգնած է եւ պէտք է խուսափի ամէն պայքարէ, որ ոյժերու նոր սպառում կը պահանջէ: Քաջազնունի կ’ուզէ թողուլ պայքարը ուրիշներուն, իսկ մեզ կը քարոզէ կատարեալ համակերպութիւն բոլշեւիկներուն հանդէպ:

Իր այս եզրակացութեան աւելի եւս ոյժ տալու համար, Քաջազնունի կը ջանայ համոզել, թէ բոլշեւիկները անհրաժեշտ են Հայաստանին, քանի որ «չկայ մի ոյժ, որ կարողանար փոխարինել նրանց»:

«Եթէ-, կ’ըսէ ան,- ինչ որ հրաշքով ինձանից ու միայն ինձանից կախուած լինէր բոլշեւիկների գոյութիւնը Հայաստանում, եթէ բաւական լինէր իմ մի մատի շարժումը, որպէսզի բոլշեւիկները մի ակնթարթում անհետանային մեր երկրից, կ’անէի՞ այդ շարժումը: Ու պատասխանում եմ առանց տատանուելու՝ ոչ, չէի անի: Ոչ միայն չէի անի, այլեւ ձեռքս կը կտրէի, որպէսզի երազիս մէջն անգամ պատահաբար կամ սխալմամբ չանեմ այդ շատ վտանգաւոր շարժումը»:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Հայաստանին պէտք է «մի նեցուկ, մի դրսի ոյժ, որի վրայ նա կարողանայ յենուել, գոնէ իր գոյութեան առաջին շրջանում, մինչեւ կազմակերպուիլն ու ոյժերը հաւաքելը»:

Եւ այդպիսի նեցուկ Քաջազնունին կը թուի ըլլալ բոլշեւիզմի ոյժը:

Քաջազնունի, ինչպէս տեսանք, կ’ընդունի, որ զէնքի միջոցով մենք կարող ենք բաւականին վնասել բոլշեւիկներուն, բայց չի ընդունիր, թէ կարող ենք մեր սեփական միջոցներով ազատուիլ բոլշեւիկներու տիրապետութենէն, որովհետեւ վերջինս համառսուսական երեւոյթ է, հետեւաբար կրնայ վերանալ միմիայն  համառուսական ոյժերով:

Փետրուարեան ապստամբութիւնը Հայաստանի մէջ 1921թ. պերճախօս օրինակ մըն է, թէ ի՞նչ կրնայ ընել զէնքով մեր ժողովուրդը եւ մեր կազմակերպութիւնը ամենաաննպաստ պայմաններու մէջ անգամ: Եւ եթէ պատահի, որ Ռուսիայէն նոր բոլշեւիկեան զօրքեր չկարենան օգնութեան հասնիլ Հայաստանի մէջ գտնուող բոլշեւիկեան ոյժերուն, հայ ժողովրդի համար դժուար չպիտի լինի բնաւ մաքրել Հայաստանը բոլշեւիկներէն:

Հայաստանի մէջ ուրեմն բոլշեւիկեան իշխանութիւնը տապալել կարող ենք մեր սեփական միջոցներով, եթէ միայն վստահութիւն լինի, որ Ռուսիայէն, Վրաստանէն կամ Ատրպէյճանէն բոլշեւիկեան իշխանութիւնը պաշտպանող գերազանց ոյժեր հանդէս չպիտի գան: Եւ ինչ որ տեղի ունեցաւ 1921թ. Փետրուարին, հարկաւ կրնայ կրկնուիլ եւ ուրիշ ժամանակ, մեզ համար աւելի յաջող վախճանով, եթէ միջազգային պայմանները աւելի նպաստաւոր լինին:

Ներկայ քաղաքական պայմաններու մէջ սակայն հայ ժողովուրդը հարկաւ շահ մը չունի զէնքի ոյժով տապալելու Խորհրդային իշխանութիւնը, որովհետեւ, ինչպէս Քաջազնունի ալ կ’ըսէ, եթէ անգամ կարողանայինք իսպառ ազատուիլ բոլշեւիկեան իշխանութենէն այժմ, չպիտի ընէինք յանուն մեր իսկ ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան:

Սակայն, եթէ այսօր, ներկայ պայմաններու մէջ, ստպուած ենք հաշտուիլ բոլշեւիկեան ռէժիմի հետ՝ վատթարագոյնէն խուսափելու համար, կը նշանակէ՞ այդ արդեօք, թէ միշտ ալ, բոլոր պայմաններու մէջ, հայ ժողովուրդը կենսապէս շահագրգռուած պիտի լինի Խորհրդային իշխանութեան պահպանութեամբ:

Նախ, որ բոլշեւիկեան իշխանութիւնը պէտք չէ երբեք նոյնացնել Ռուսիոյ, ինչպէս կ’ընէ Քաջազնունի: Կարելի է համոզուած, մոլեռանդ կողմնակից լինել Հայաստանի միութեան Ռուսիոյ հետ, բայց միաժամանակ լինել նոյնքան մոլի հակառակորդ բոլշեւիկեան բռնակալութեան:

Քաջազնունին, ինչպէս կ’երեւայ, իւրացուցեր է բոլշեւիկներու տեսակէտը Խորհրդային իշխանութեան յարատեւութեան մասին: Բայց չենք կարծեր, թէ ան ալ յաւիտենական նկատէ այդ իշխանութիւնը, որու տապալման ժամանակի մասին միայն կարելի է վիճել, բայց երբեք կարելի է կասկածիլ այդ տապալման անխուսափելիութեան մասին: Վաղ թէ ուշ, օր մը այդ իշխանութիւնը պիտի չքանայ, ինչպէս չքացաւ ցարականը:

Քաջազնունին չի կարող չգիտնալ, թէ բոլշեւիկները իրենց դէմ ունին ոչ միայն Կովկասի, այլեւ համայն Ռուսիոյ ժողովրդական զանգուածներու ճնշող մեծամասնութեան թշնամութիւնը: Այլապէս անոնք չպիտի վախնային այդ մեծամասնութեան ազատ ձայնէն ու կամքէն, չպիտի շրջապատէին զայն  չեկաներով, չպիտի խեղդէին զայն աննախընթաց բռնակալական սիստեմով մը: Անգամ իրենց կուսակցական ընկերները ամենախիստ հսկողութեան տակ են դրուած եւ զուրկ են ազատ խօսքի իրաւունքէն:

Բոլշեւիկներ ըիրենք շատ լաւ կը հասկնան, թէ իրենց տիրապետութիւնը հնարաւոր է միմիայն սուիններու զօրութեամբ: Բայց յայտնի է, որ միմիայն սուիններու վրայ յենուած իշխանութւն մը չի կարող յարատեւ ըլլալ:

Փաստ է, որ վեց տարուայ իրենց իշխանութեան ընթացքին բոլշեւիկները չկրցան շահիլ Ռուսիոյ ժողովուրդներու վստահութիւնը եւ սէրը՝ կարենալ թուլացնելու համար իրենց բռնապետական սիստեմի դաժանութիւնը: Ընդհակառակը, անոնք կորսնցուցին ժողովրդական ե՛ւ այն տարրերու համակրանքը, որ իրենց հետ էր իրենց իշխանութեան առաջին շրջանին:

Բոլշեւիկեան իշխանութիւնը մահուան դատապարտուած իշխանութիւն մըն է:

Ասիկա պարզ եւ անկասկածելի է բոլոր անոնց համար, որ մօտէն կը ճանչնան այդ իշխանութիւնը եւ ծանօթ են Ռուսիոյ ներկայ վիճակին:

Կապել հայ ամբողջ ազգի բախտը այդպիսի իշխանութեան մը բախտին հետ՝ կը նշանակէ հետեւիլ ամենաանհեռատես եւ անխոհեմ քաղաքականութեան: Այսօր թէ մեր կովկասեան դրացի ժողովուրդներու եւ թէ ռուս ժողովրդի ամենաընտիր տարրերը, ինչպէս նաեւ ճնշող մեծամասնութիւնները բոլշեւիկեան իշխանութեան վրայ կը նային, իբրեւ օտար թշնամական ոյժի մը, որ գինու զօրութեամբ նուաճած է իրենց երկիրը եւ ամենադաժան բռնակալութեան սիստեմի մը միջոցով միայն կը պահպանէ իր գոյութիւնը: Ով անկեղծ ու հաւատարիմ բարեկամ է այդ ատելի ոյժին, ան թշնամի է ե՛ւ մեր կովկասեան դրացիներուն ու ռուս ժողովրդի հայրենասէր մեծամասնութեան:

Ինչո՞ւ Քաջազնունի կ’ուզէ անպատճառ բոլշեւիզմի սիրոյն հայ ամբողջ ազգը ատելութեան առարկայ դարձնել մեր դրացիներու եւ իսկական ռուսներու աչքին:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ հայ ժողովրդի վիճակը, երբ բոլշեւիկները տապալուին կամ որեւէ պատճառով (օրինակ, արեւմտեան ճակատի վրայ կրած իրենց հաւանական մէկ պարտութեան պատճառով) քաշուին Կովկասէն: Եթէ անգամ թուրքերը չմտնեն Կովկաս, արդեօ՞ք հէնց մեր կովկասեան հարեւանները չպիտի ճզմեն մեզ բոլշեւիկներու կողմը ամբողջովին անցած լինելնուս համար:

Ի՞նչ կը կորսնցնեն մեր հարեւան վրացիներն ու թաթարները, երբ իրենց մեծամասնութիւնը բացայայտօրէն հակառակ է բոլշեւիկեան իշխանութեան:

Ա՞րդեօք մենք բան մը աւելի պիտի ստանանք բոլշեւիկներէն, եթէ ազգովին իսկ բոլշեւիկ դառնանք:

Եթէ Քաջազնունի իրեն տուած լինէր այս հարցերը, չպիտի պահանջէր ապահովաբար, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը վերջ տայ իր գոյութեան, միանգամայն անձնատուր լինելով Խորհրդային իշխանութեան քմհաճոյքին:

Այսօր, այո՛, մեզի ձեռնատու չէ զինեալ պայքարի մէջ մտնել բոլշեւիկներուն հետ, բայց կը նշանակէ՞ այդ ա՞րդեօք, թէ երբեք ալ ձեռնտու չպիտի լինի: Ատիկա արդեօ՞ք նման չպիտի լինէր այն մարդուն, որ զինաթափ կը լինի իսպառ, որովհետեւ պատահական պահապան մը կանգներ է իր դռան առջեւ: Եթէ այսօր մեր բոլոր զէնքերը չենք կրնար կամ պէտք չէ գործածենք բոլշեւիկներուն դէմ, կը նշանակէ՞ այդ արդեօք, որ վաղը եւս անոնց գործածութեան կարիքը չպիտի զգանք հրամայականօրէն:

Իր նպատակներուն գիտակից եւ կենսունակ կուսակցութիւնը մը, ինչպիսին է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, Քաջազնունիի անխորհուրդ խորհուրդներուն մէկ պատասխան միայն կրնայ տալ. «Ոչ թէ պէտք է զինաթափ լինել, այլ լարուած ոյժերով պէտք է պատրաստուիլ եւ սպառազէն վիճակի մէջ հետեւիլ միջազգային կեանքի յարափոփոխ ընթացքին, որպէսզի գերագոյն վտանգի պահուն կարելի լինի մեծագոյն օգնութիւնը հասցնել հայ ժողովուրդին…»: