Անտիոքի Ասորական մարոնիական եկեղեցւոյ պատրիարքութեան եւ Անտիոքի եւ համայն արեւելքի մարոնի եկեղեցւոյ Պշարա Ռայի պատրիարքին հովանաւորութեամբ հինգշաբթի, 5 նոյեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած հայկական խաչքարի բացման արարողութիւն եւ համաքրիստոնէական հաւաք` մասնակցութեամբ քրիստոնեայ համայնքներու պետերուն եւ ներկայացուցիչներուն, Մարոնի եկեղեցւոյ պատրիարքութեան շրջափակին մէջ, Պքերքէ:
Ձեռնարկին ներկայ էր կարտինալ Պշարա Ռային, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, պապական նուիրակը, պետական եւ զինուորական մարմիններ, հոգեւոր պետեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, լիբանանցի եւ հայ մտաւորականութիւն եւ հոծ բազմութիւն մը:
Ելոյթների շարքը բացաւ բարերար Սարգիս Պուտագեանին տիկինը` Ժիւլի Խէյր Ալլա-Պուտագեան:
Ան արժեւորելով հայ-լիբանանեան եղբայրական յարաբերութիւնները մատնանշեց, թէ ինչպէ՛ս հայերը ջարդէն փրկուելով հիւրընկալուած են Լիբանանի մէջ, ապա տքնաջան աշխատանքով մեծ դեր ունեցած են Լիբանանի բարգաւաճման ու զարգացման մէջ: Ան յայտնեց, որ բարերար Սարգիս Պուտագեանի փափաքը եղած է այս կոթողը զետեղել պատրիարքութեան շրջափակին մէջ` իբրեւ շնորհակալութեան երաշխիք լիբանանցի ժողովուրդին: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Այս սուրբ երեկոյթը լաւագոյն վկան է խաղաղ եւ սիրոյ համակեցութեան Լիբանանի ժողովուրդին. խաչքարը վկայութիւնն է հաւատքի տոկունութեան եւ ինքնին ականատես վկան է յարութեան»: