Թաթուլ Յակոբեան Ներկայացուց «Երեւանը` Ապամեկուսացուող Թեհրանի Եւ Պատժամիջոցներու Ենթարկուող Մոսկուայի Միջեւ»

820

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 4 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 110-րդ մամլոյ լսարանը, որուն նիւթն էր «Երեւանը` ապամեկուսացուող Թեհրանի եւ պատժամիջոցներու ենթարկուող Մոսկուայի միջեւ», իսկ զեկուցաբերը` «Անի» կեդրոնի տնօրէն, «Ազդակ»-ի Երեւանի աշխատակից եւ «Սիվիլթաս»-ի վելուծաբան Թաթուլ Յակոբեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան: Ան նշեց, որ վերջին ժամանակաշրջանը նշանաւորուեցաւ Հայաստանը շրջապատող երկիրներուն եւ շրջանային մակարդակի վրայ աշխարհաքաղաքական հետաքրքրական զարգացումներով, որոնք կոչուած են փոխելու միջազգային որոշումի կեդրոններուն կեցուածքները շրջանային քաղաքական հոլովոյթներուն գծով: Յակոբեան հարցադրեց, թէ արդեօք այս զարգացումները կրնա՞ն յանգեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան կամուրջ հանդիսանալուն` մէկ կողմէ Արեւմուտքի կեդրոններուն եւ միւս կողմէ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ: Ապա հրաւիրեց օրուան զեկուցաբեր Թաթուլ Յակոբեանը նիւթը ներկայացնելու:

Թաթուլ Յակոբեան նշեց, որ Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքով արեւելքէն ու արեւմուտքէն շրջապատուած է Թուրքիայով ու Ազրպէյճանով: Ան ըսաւ, թէ Թուրքիոյ հետ կապուած փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած վերջերս. Թուրքիա կը հետաքրքուի միայն այն ատեն, երբ Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ քննարկումներ սկսին, իսկ Ազրպէյճան կը շարունակէ վարել իր թշնամական քաղաքականութիւնը. ինչ կը վերաբերի Իրանին, Թաթուլ Յակոբեան նկատել տուաւ, որ ան կը նկատուի Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն դաշնակիցը: Իրանի ապամեկուսացումէն կրնայ օգտուիլ Հայաստան: Ան անդրադարձաւ այն հաւանական արդիւնքներուն, որոնք կարելի է ակնկալել Հայաստան-Իրան յարաբերութենէն: Իրանի տնտեսական վիճակի բարելաւումը մեծապէս օգտակար կը դառնայ Հայաստանին, որովհետեւ հազարաւոր զբօսաշրջիկներ կարելիութիւն կ՛ունենան այցելելու Հայաստան:

Թաթուլ Յակոբեան յայտնեց, որ Հայաստան -Իրան յարաբերութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի օրով 2007-ին իրականացած Իրան -Հայաստան կազատարի իրականացումը: Կան նաեւ այլ նախագիծեր, որոնք կրնան կեանքի կոչուիլ, ինչպէս` Իրանէն Հայաստան երկաթուղիի շինարարութիւնը: Երկաթուղիէն կրնայ օգտուիլ Վրաստան եւ կապ հաստատել Իրանի, ինչու չէ նաեւ Ծոցի երկիրներուն հետ:

Թաթուլ Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու իրավիճակին: Ան ըսաւ, թէ Ռուսիոյ դէմ բանեցուած պատժամիջոցները թէեւ իրենց վատ ազդեցութիւը կը ձգեն, թէեւ դժուարութիւններ կան, բայց դրական կողմեր ալ կան: Ռուսիա դուրսէն ներմուծումներու փոխարէն արդէն իր արտադրանքները շուկայ կը հանէ: Հայաստանի քաղաքացիները մեծ մասամբ կը հետեւին ռուբլիի տատանման, որուն հետեւանքով կը տուժէ Հայաստանի գիւղատնտեսութիւնը, որովհետեւ դրամի արժեզրկման հետեւանքով կարելի չ՛ըլլար նախորդ տարիներու չափ գինի եւ քոնիաք արտահանել դէպի Ռուսիա: Եւ այսպէս, պատժամիջոցները ուղղակիօրէն կ՛ազդեն ոչ միայն գինիի գործարաններուն, այլեւ խաղող արտադրող գիւղացիին վրայ:

Ան նկատել տուաւ, թէ Հայաստան դրամ կը ներմուծուի ընդհանրապէս Ռուսիայէն, իսկ երկրորդ երկիրը կը հանդիսանայ Ղազախստանը, ուր կ՛աշխատին շատ հայեր:

Թաթուլ Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ շրջանի վրացական զարգացումներուն եւ ըսաւ, թէ վրացիները սկսած են բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ հետ` օգտուելու ռուսական կազէն, եւ այս մէկը մեծապէս լարուած վիճակի մէջ կը պահէ Ազրպէյճանը: Վրաստան կրնայ օգտուիլ նաեւ Իրանէն Հայաստան ներմուծուած կազի 4/5-րդ մասով: Այս զարգացումները  կրնան դրական մթնոլորտ մը ստեղծել Հայաստանի համար:

Ան յայտնեց, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին: Կը նախատեսուի, որ այս բանակցութիւնները կրնար որոշակի ազդեցութիւն ու անդրադարձ ունենալ Հայաստանի վրայ:

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է սեպել Հայաստանի արտաքին գործընկերը, որովհետեւ ըստ տուեալներուն, Եւրասիական տնտեսական միութիւնը պիտի չկայանայ իբրեւ կառոյց, հետեւաբար Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւնները ողջունելի քայլ են եւ մեծապէս կը նպաստեն Հայաստանի զարգացման:

Զեկուցումի աւարտին Թաթուլ Յակոբեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: Ապա ներկաներուն խնդրանքով ան համառօտ ներկայացուց իր խմբագրած Եղիշէ Քաջունիի «Զօրավար Անդրանիկ» գիրքը: Իսկ ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան գիրքէն օրինակներ:

ԱԶԴԱԿ, 5 Նոյեմբեր, 2015