«Անի Պէզիքեան» Կեդրոնի Բացում` Երեւանի Մէջ

1049

13 յունիսին տեղի ունեցաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան նախաձեռնութեամբ եւ իտալահայ բարերար Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին միջոցներով կառուցուած եւ կահաւորուած կեդրոնի բացումը: Երեւանի մէջ կառուցուած կեդրոնը շարունակութիւնն է Գիւմրիի մէջ գործող «Տիրամայր Հայաստանի» կրթօճախին եւ նախատեսուած է ծառայելու իբրեւ կացարան ու կեդրոն այն երիտասարդ աղջիկներուն համար, որոնք կու գան անապահով ընտանիքներէ` կ՛ուսանին Երեւանի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ: Ինչպէս նշեց բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան` կեդրոնը իր բոլոր յարմարութիւնները եւ կարելիութիւնները կը ծառայեցնէ օրինակելի քրիստոնեայ եւ ազգային դաստիարակութեամբ հայ օրիորդներ եւ ապագայ մայրեր դաստիարակելու համար:

Գնահատանքի խօսք ուղղելով Պէզիքեան ընտանիքին` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այս նախաձեռնութիւնը գնահատեց իբրեւ իրական հայրենասիրութեան, բարեգործութեան եւ հոգեւոր միասնականութեան հրաշալի օրինակ:

Կեդրոնի բացման հանդիսութեան ներկայ էին Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապի, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի պատուիրակները, Հայաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ  առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Կիպրոսի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ  Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ դեսպաններ, կրօնական, հասարակական, մշակութային գործիչներ եւ սփիւռքահայ բազմաթիւ հիւրեր:

Ձեռնարկին ընթացքին պապական նուիրակը Անի Պէզիքեանը պատուեց Ֆրանչիսկոս քահայանապետին կողմէ շնորհուած շքանշանով:

Ձեռնարկին ծիրին մէջ տեղի ունեցած մատուռի օծման պահուն Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու թոռնուհին` Անի Պէզիքեան խօսք առաւ եւ նշեց, որ ինք միշտ պիտի յիշէ անոնց կատարած գործերը յօգուտ երեխաներուն եւ երբ մեծնայ, պիտի շարունակէ անոնց ճամբան:

Նշենք, որ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեան այս մասին գրած է ընդարձակ յօդուած մը, զոր կու տանք հետագային:

ԱԶԴԱԿ, 15 Յունիս, http://www.aztagdaily.com/archives/244768