Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:
—-
– Աճեմեան Պորիս, «Թագաւորի փողերախումբը. Եթովպիոյ հայերը» (The Brass Band of the King: Armenians in Ethiopia), խմբագիր՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշար, «Պլումսպըրի փապլիշինկ» հրատարակչութեան I. B. Tauris մասնաճիւղ, Նիւ Եորք-Լոնտոն, 2024, 304 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (օգտագործուած գրականութեան ցանկ) (անգլերէն):
– Անդրանիկեան Արմենակ, «Դժոխքէն դրախտ (Հայոց ցեղասպանութեան եւ կամաւորական բանակի յուշեր)», խմբագիր՝ Վազգէն Ղուկասեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2024, 318 էջ (17 x 24 սմ.) (Քղիի շրջանի Ագրակ գիւղացի, ցեղասպանութիւնը վերապրած ականատեսի 1893-1920 շրջանի վկայութիւններ, ներառեալ Կարինի 1917-1918-ի ինքնապաշտպանական կռիւները, 2 քարտէս, լուսանկարներ, փաստաթուղթերու պատճէններ):
– Գալչեան Ռուբէն, «Ատրպէճանի 2014 թ. ազգային ատլասի «պատմական» քարտէզների քննութիւն եւ «Արեւմտեան Ատրպէճան» յօրինուած եզրոյթը», խմբագիր՝ Աշոտ Մելքոնեան, հրատարակիչներ՝ «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամ եւ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկ, Երեւան, 2024 (քարտէսներ) (երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն):
– Դեւրիկեան Վարդան, «Սուրբ Էջմիածնի տպարանի հիմնումը եւ գործունէութիւնը 18-րդ դարում», «Շողակաթ» հրատարակչութիւն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարան, 2024, 320 էջ:
– Իսկահատեան Յարութիւն (պատրաստեց), «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան», Ժ. գիրք, Հայկական ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 284 էջ (16,9 x 24 սմ.) (Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ականատեսներու` տարբեր հատորներու մէջ լոյս տեսած վկայութիւններու ամփոփումներու հաւաքածոյ, անձնանուններու եւ տեղանուններու, ուսումնական հաստատութեանց, տպարաններու եւ պարբերականներու ցանկեր): Հրատարակուած է «Գանատայէն ազգային մտաւորականի մը նիւթական աջակցութեամբ»:
– «Հայկական կինօ 1924-2023», լրամշակուած վերահրատարակութեան ծրագրի ղեկավար՝ Սուսաննա Յարութիւնեան, հրատարակիչ՝ Հայաստանի կինոգէտների եւ կինոլրագրողների ասոցիացիա, Երեւան, 2024 (100 տարուան ընթացքին Խորհրդային Հայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արտադրուած կամ անոնց հետ միասնաբար արտադրուած տարաբնոյթ 3136 ֆիլմերու ցանկը ու լայն տեղեկութիւններ անոնց մասին) (հայերէն եւ անգլերէն առանձին հատորներ): Հրատարակուած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ «Հայկական կինօ – 100» միջոցառումներու ծիրին մէջ:
– «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ որբերը – Նիւթերու ժողովածու նուիրուած «Թռչնոց բոյն» որբանոցի ստեղծման 100-ամեակին», «Մեսրոպ արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 240, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024:
– «Հասկ հայագիտական տարեգիրք», նոր շրջան, ԺԳ. տարի, 2011-2023, խմբագիր՝ Շահան արք. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2024, 558 էջ: Լոյս տեսած է մեկենասութեամբ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի ու ընտանիքին՝ ի յիշատակ Սաթենիկ Տէր Յովհաննէսեանի: Հատորը ձօնուած է Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850-ամեակին:
– Մելքոնեան Ռուբէն,. Պօղոսեան Նաիրա, «Հայկական հարցն ու Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը թուրք բարձրաստիճան քաղաքական եւ ռազմական գործիչների յուշերում (XIX դարի վերջ– XX դարի կէսեր)», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 111 էջ:
– Սահակեան Լուսինէ, Ոսկանեան Անի, Սարգսեան Անի (աշխատասիրողներ), «Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան արխիւը Հայկական հարցի եւ ցեղասպանութեան մասին. Փաստաթուղթերու մանրամասն ծանօթագրուած ամփոփում» (The Armenian Patriarchate of Jerusalem Archives on the Armenian Question and the Genocide: Annotated Detailed Summary of Documents), Ա. հատոր, «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 1040 էջ (էջ 13-120-ի յառաջաբանի հեղինակ՝ Լուսինէ Սահակեան, հայերէն, օսմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն եւ ռուսերէն 634 փաստաթուղթ, անոնց նկարագրութիւնը, 1102 ծանօթագրութիւն, յապաւումներու եւ օսմաներէն եզրոյթներու բառարան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): Ժողովածուն լոյս տեսած է ամերիկահայ չորս կառոյցներու ու Երեւանի պետական համալսարանի հովանաւորութեամբ: Գլխաւոր մեկենաս՝ գործարար Հայկ Զեբելեան: Կայ խումբ մը ուրիշ մեկենասներու:
– Սեչքինէլկին Հաքան (Seckinelgin Hakan), «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիան. Հանրային յիշողութիւնը եւ կազմակերպուած ուրացումը (The Armenian Genocide and Turkey: Public Memory and Institutionalized Denial)», խմբագիր՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշար, «Պլումսպըրի փապլիշինկ» հրատարակչութեան I. B. Tauris մասնաճիւղ, Նիւ Եորք-Լոնտոն, 18 ապրիլ 2024, 224 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (Թուրքիոյ կրթական համակարգին, զանգուածային լրատուութեան եւ այլ մարզերու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման տարբեր մեքենականութիւնները, եղանակներն ու միջոցները):
– «Վերանկախացած Հայաստանի եւ նորաստեղծ Ատրպէճանի յարաբերութիւններից (1918-1920) – Նիւթեր եւ փաստաթղթեր – Ա. հատոր – Անկախութեան յայտարարումից մինչեւ առաջին աշխարհամարտի աւարտը (1918 թ. մայիս – 1918 թ. հոկտեմբեր)», աշխատասիրեց Վլատիմիր Յարութիւնեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2024, էջ (17,2 x 24,1 սմ.) (տեղեկութիւններ ժողովածուի հրապարակումներուն մասին, յառաջաբանի փոխարէն գրութիւն, 143 + 51 նիւթ եւ փաստաթուղթ, յապաւումներու ցանկ, փաստաթուղթերու բնագիրներու լուսապատճէնները) (մեծ մասամբ հայերէն, փոքր տոկոսը՝ ռուսերէն, ռուսերէն փաստաթուղթերու մեծագոյն մասը՝ թարգմանուած արեւելահայերէնի):
– Քատիր Աքըն (Kadir Akın), «Հայ յեղափոխական Փարամազը. Հայ ընկերվարականները Ապտուլ Համիտէն մինչեւ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէ եւ Ցեղասպանութիւնը» (Armenian Revolutionary Paramaz – Armenian Socialists from Abdülhamid to the Committee of Union and Progress and Genocide), «Մասիս» հրատարակչութիւն, Լոս Անճելոս, 18 ապրիլ 2024 (թարգմանութիւն թրքերէնէ անգլերէնի):