Ի՞նչ Կրնայ Պատահիլ Հալէպի Մէջ

1374

Ի՞նչ կրնայ պատահիլ Հալէպի մէջ եթէ ISIS ահաբեկչական խմբաւորումը Իրաքի մէջ իր կիրառած  մեթոտը փորձէ նոյնպէս իրականցնել Հալէպի այն շրջաններուն ուղղութեամբ, որ կը գտնուին  Սուրիոյ կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ:

Նշենք, որ լրատուական աղբիւրներ այսօր լուր հաղորդեցին, որ փակած է Իրաքեան «Ալ Անպար»  նահանգին ջրամբարը: Նոյն աղբիւրները նաեւ յայտնած են, թէ «Ալ Անպաար»ի բնակիչները կանգնած են ծարաւի հետեւանքով մահանալու վտանգին առաջ:

Գաղտնիք չէ, որ Հայկական Հալէպը եւս կ’ապրի ծանրագոյն ժամանակներ: Հալէպի Հայկական շրջանները թէկուզեւ կը գտնուին կառավարական ուժերու տիրապետութեան տակ սակայն ISIS   ահաբեկչակաան խմբաւորումը, որպէս ռազմավարական քայլ կրնայ փակել դէպի Հալէպ ըմպելի  ջուրի ցարդ գործող որեւէ խողովակ:

Ճիշդ է նաեւ, որ  հակառակ անոր, որ ընդդիմադիր զինեալներ յաճախ կը պատերազմին իրար դէմ բայց այս ծանր հանգրուանին անոնք կրնան միաւորուիլ եւ պատուհասել Հալէպի հայութեան  անվտանգութիւնը:

Մինչ տարբեր ամպիոններէ լսելի կը դառնան խուճապ չըստեղծելու մասին վարկածները անդին Հալէպահայը կը շարունակէ մնալ առանձին ծանրագոյն տագնապներուն դիմաց:

Մինչեւ ե՞րբ կրնայ  շարունակուիլ այս իրավիճակը:

Եւ ո՞վ  է այն կողմը, որ պատասխանատու է Հալէպահաութեան անվտանգութեան եւ կեանքի ապահովութեան  համար:

Սագօ Արեան, http://zilkhosk.com/