Հացի տագնապ Երեւանի մէջ. «Արեւ», 28 փետրուար, 1929թ

1280
Այս լուրը տեղ է գտել հայկական «Արեւ» թերթում: Այն վերցրել ենք պատմաբան Արա Սանճեանի ֆեյսբուքի էջից:
«Պարսկահայ մը, որ Երեւանէն անցնելով վերջերս Բարիզ եկած է, տխրութեամբ կը պատմէ թէ Երեւանի մէջ հացի պակասութիւնը հետզհետէ զգալի կ’ըլլայ եղերական կերպով: Փուռերուն առջեւ իրիկուան ժամը 7ին արդէն կը սկսին «պոչ բռնել», յաջորդ առտուան վեցին կարենալու համար հաց ստանալ՝ սովի սեւ ու անմարսելի հացը։ Այս երկար ու տաժանելի սպասումին ատեն ցուրտէն սառելու դէպքեր պատահած են։ Հայաստան իր ցորենին մեծագոյն մասը Ռուսիայէն կ’ստանայ եւ երբոր Ռուսիա հիմա հացի պակասէ կը տառապի, դիւրին է երեւակայել Հայաստանի կացութեան ծանրութիւնը»:
(«Հացի տագնապ Երեւանի մէջ», Արեւ, ԺԵ. տարի – թիւ 3061, Հինգշաբթի, 28 Փետրվար 1929, էջ 2)
Դիտել նաև՝
https://www.youtube.com/watch?v=MVt7-93dhNU&t=1550s