Պատառիկ Մը Թիկունք

924

Այս մէկ տարուան ընթացքին երկրորդ անգամ է, որ ինքնաշարժ կը վարեմ: Դէպի Գորիս ճամբան հարազատ է, քիչ մը շատ հարազատ: Ժամանակին շաբաթը մէկ, երբեմն նոյնիսկ երկու անգամ քշած եմ այս ճամբով Զանգեզուր ու Արցախ հասնելու համար: Սիվիլնեթի նկարահանող Գէորգ Հարոյեանն է հետս, աւելի ճիշդը՝ ես իր հետն եմ: Ճամբան Համօ Սահեանի, Վահագն Դաւթեանի, Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններ կ՝արտասանէ, մեր դիմացէն եկող շտապ օգնութեան ինքնաշարժներու ցաւը կարծես ամոքելու միակ միջոցը հայրենի հողի, սար ու ձորերու հանդէպ պաշտամունք, ապրելու կամք արտայայտող բառի ու բանի կռթնիլն էր:

Գէորգը իւրայատուկ անձ է: Գրաւեալ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ բոլոր բարձրագագաթ լեռները մագլցած է, եւ կարօտ ունի վերադառնալու ու կրկին անոնց կատարներու երկնամերձ, մաքուր օդը շնչելու:

Գորիս հասանք: Միրհաւ հիւրանոց: Նախապէս տեղ չէինք ապահոված, մեզ համար ազատ սենեակ չկար: Լրագրողներ եւ Արցախէն բերուած կիներ, մանուկներ, տարեցներ ճաշասենեակը գրաւած էին: Հանդիպեցանք Սիվիլնեթի մեր գործընկերներ Թաթուլ Յակոբեանին, Յակոբ Մանուկեանին եւ Անի Փայտեանին: Թէեւ արդէն ուշ էր, Թաթուլը որոշեց մեկնիլ Շուշի, այնտեղ քնանալ եւ սպասել մեզի: Միւսները որոշեցին յաջորդ առաւօտ մեկնիլ Արցախ: Ես ալ իրենց հետ որոշեցի երթալ:

Անիին կապուեցան Պելճիքայէն: Ֆրանսերէնով ան իր հետ կապուած լրագրողին պատմեց իրավիճակի մասին: Ապա, Դժկամութեամբ ու վերապահութեամբ Ալ Ճազիրայի թղթակիցի հարցումներուն պատասխանեց: Մտահոգութիւնը կը բխէր այդ կայանի ատրպեճանամէտ, նախապաշարուած կեցուածքներէն, նոյնիսկ երբեմն բացայայտ խեղաթիւրումներ կատարելու վարքագիծէն:

Շրջեցանք քաղաքի մէջ: Մեզի միացաւ Սոնիան, մեր առասպելական հերոս Վարդան Բախշեանի քրոջ աղջիկը, որ ֆրանսական հեռատեսիլի կայանի մը լրագրողին կ՝աջակցէր: Անին հարցազրոյցներ վարեց, Գէորգը նկարեց: Մտանք փուռ մը, որ այս օրերուն հացով կ՝ապահովէր ոչ միայն իր թաղամասի բնակչութեան, այլ նաեւ Արցախին: Վերադարձանք Միրհաւ: Թիկունքի աշխատանքներուն մասնակցող երիտասարդներու հանդիպեցանք, որոնք «Վայս»ի լրագրողներուն հարցազրոյց տուին:

Գէորգը գրաւեց Թաթուլին սենեակը: Սիվիլնեթի գրասենեակը ինծի համար տեղ գտած էր Եղեւնուտ հիւրանոցին մէջ: Այստեղ ալ ապաստան գտած էին Արցախէն եկած 80 հոգի, դարձեալ կին, երեխայ, տարեցներ:

Արցախցիները հիւր են հաստատութեան տէրեր Վահագն եւ Անոյշ Հայրապետեաններուն: Ծախսերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Գորիսի քաղաքապետարանը:

Տիկին Անոյշը ճաշարանին մէջ անակնկալ մը պատրաստած էր: Հադրութի շրջանէն Էտիկ Լալայեանի 65րղ տարեդարձն էր: Տորթ, մոմ և … ուրիշ ի՞նչ կարելի էր այս պայմաններու տակ: Էտիկին երեք տղաները ռազմի դաշտի վրայ են. դուստրին և թոռներուն հետ կը մնար Եղեւնուտ: Վաղը որոշած են տուն վերադառնալ:

Հիւրանոցը վերածուած էր մեծ գերդաստանի մը օճախին: Ես ալ ինքզինքս հարազատ մէկ անդամը զգացի այս ընտանիքին:

Աբօ Պողիկեան

ՍիվիլՆեթ