Լիբանան կ՛երթայ կործանման ճանապարհով. վճռական եւ ազգային որոշումի պահը

854

Նամակ երկրէն

Լիբանանը անդառնալիօրէն կ’երթայ կործանման ճանապարհով:

Լիբանանի մէկ ոտքը անդունդի մէջ է, եւ բոլորն ալ արդէն կը գիտակցին՝ փրկութիւնը պիտի ըլլայ չափազանց դժուար, գրեթէ անհնար: Սա շատ ցաւալի է մանաւանդ մեզի՝ Լիբանան ծնած եւ մեծցածներուս, ու դեռ Լիբնանանի մէջ ապրող հայերուն համար: Տարիներու տքնաջան աշխատանքով ստեղծուած ազգային կառոյցները, որոնք տասնամեակներ շարունակ ամբողջ Սփիւռքի հայկականութեան ամէնօրեայ սնունդը մատակարարեցին, այսօր կը քանդուին մեր իսկ աչքերուն առջեւ: Հայութիւնը կը գտնուի ծայրայեղ բարդ վիճակի մէջ, եւ տարիներէ ի վեր տնեսական, ապահովական անյոյս գոյամարտ մըն է որ կը մղէ, իսկ յաղթանակի յոյս արդէն չկայ: Նոյնիսկ խոստումներ բաշխող, յոյս ու հաւատք քարոզող ղեկավարները չեն հաւատար իրենց ըսածներուն եւ կ’անդրադառնան, որ բանը բանէն վաղուց անցած է արդէն:

Մէկ խօսքով, Լիբանանը անկումի մէջ է, եւ իւրաքանչիւր լիբանանցի մէկ մտահոգութիւն ունի միայն՝ ինչպէս փրկուիլ այս դժոխքէն: Տիւ ու գիշեր փրկութեան մասին կը մտածեն լիբանանահայ մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնց մեծամասնութիւնը, երկրի տնտեսական-ֆինանսական ճգնաժամին պատճառով, զրկուած է նիւթական իր հնարաւորութիններէն: Հանապազօրեայ հաց ճարելը արդէն կենաց-մահու պայքար է շատ շատերու համար:

Լիբանանահայերէն շատեր, առաջին իսկ պատեհ առիթին, պիտի հեռանան իրենց ծննդավայր Լիբանանէն: Անոնք, որոնք ունին արեւմտեան երկիրներու քաղաքացիութիւն, պիտի մեկնին Եւրոպայ կամ Ամերիկա ու Գանատա: Ոմանք արդէն տուն գնած են Հայաստանի մէջ եւ պիտի գան հայրենիք: Կայ մեծամասնութիւն մը, սակայն, որ չի գիտեր ի՞նչ ընէ, ինչպէս ապրի, ու՞ր երթայ: Այս մեծամասնութիւնը խօսք ու խոստում լսելէ յոգնած է վաղուց եւ փրկութիւն կ’ակնկալէ իր ղեկավարութենէն, լիբանանահայ գաղութի հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարներէն:

Իսկ հիմա, այս ղեկավարներուն համար վճռական որոշում առնելու պահն է: Անձնական եւ նեղ կուսակցական շահերէ անդին՝ անվախ եւ համարձակ որոշում առնելու պահը, այո՛, ՀԻՄԱ է: Լիբանանահայութեան ճակատագրի վրայ ամէնէն շատ ազդեգութիւն ունին Հայ Եկեղեցին եւ քաղաքական կուսակցութիւնները: Իսկ անոնցմէ կ’ակնկալուի ամենախիզախ, ամենաանշահախնդիր եւ ամենահայանուէր որոշումի կայացում: Թողնե՞լ, որ հայութիւնը մաշի Լիբանանի մէջ, կամ հեռանայ դէպի այս ու այն երկիր՝ անկազմակերպ ու ինքնագլուխ, թէ՞ համարձակութիւնը ունենալ ընդունելու Լիբնանանի տապալումը եւ համատեղ ջանքերով հայութեան համար ՆԵՐԳԱՂԹ կազմակերպել դէպի Հայաստան: Ընդունի՞լ հայերու Լիբանանէն դէպի արեւմուտք արտագաղթը, թէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ սերտ գործակցութեամբ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ կազմակերպել նախ Լիբնանանի, յետոյ Միջին Արեւելքի միւս համայնքներուն համար: 1975-ին, երբ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ, հայ գաղութի ղեկավարները Լիբանանէն արտագաղթը չքաջալերելու որոշում կայացուցին ո՛չ միայն որովհետեւ չէին ուզէր դատարկել գաղութը, այլ կը հաւատային, որ Հայութիւնը պէտք չէ հեռանայ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔի մօտակայ երկիրներէն:

Այսօր, Լիբանահայութիւնը հացի եւ ջուրի չափ կարիք ունի նաեւ խիզախ, անշահախնդիր, իւրաքանչիւր հայի ճակատագիրը փրկելու վճռականութեամբ լեցուած ղեկավարներու:

Իսկական ղեկավարները անոնք են, որոնք տագնապի եւ ճգնաժամի ընթացքին խիզախ, համարձակ եւ նոյնիսկ անսովոր որոշումներ կը կայացնեն եւ իրենց կեանքի գնով կը պայքարին այդ որոշումներու իրականացման համար:

Այո, այսօր լիբանանահայութիւնը պէտք ունի խիզախ եւ քաջ որոշումներ առնող, հայութեան ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆի մէջ տեսնող հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարներու:

Սա է պահու հրամայականը: Սա է ղեկավարութեան ամենապատասխանատու մակարդակին վրայ բարձրանալու եւ ժողովուրդը դէպի հայրենիք առաջնորդելու անյետաձգելի պահը:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com