Միասնականութիւն, այո’, բայց որո՞ւ հետ եւ ինչպէ՞ս

702

Նամակ երկրէն

Արդէն կարօտով կը յիշենք Երեւանի սրճարաններուն մէջ ընկերներու եւ այցելուներու հետ մեր հանդիպումները: Անցեալ տարի այս օրերուն, քաղաքը լեցուն էր հայ եւ օտար այցելուներով, իսկ մենք, գործի ժամերէն առաջ եւ վերջ, Երեւանի մտերմիկ սրճարաններուն մէջ հաճոյքով կը հանդիպէինք հին ու նոր ծանօթներու, ընկերներու, ազգականներու, այցելուներու, եւ գաւաթ մը սուրճի կամ բաժակ մը հայկական գինիի շուրջ կը զրուցէինք աջէն ու ձախէն, քաղաքական եւ ընկերային հարցեր կ’արծարծէինք, հին ու նոր արկածախնդրութիններ կը պատմէինք, կատակներ կ’ընէինք ու Հայաստանի ապագային մասին բանավէճեր կ’ունենայինք: Հիմա, այս անիծեալ կորոնավիրուսին պատճառով, ինքնամեկուսացումն ու հեռաւորութիւն պահպանելը, այլ խօսքով՝ մարդկային նոր կերպար զգենալը դարձած է կանոն եւ ապրելակերպ, հանդիպումներն ալ՝ virtual են, «զում»ով կամ «զանգի»ով… Ես ալ այս օրերուն, երկու-երեք օրը մէկ, virtual հանդիպում կ’ունենամ տարբեր ընկերներու հետ, եւ կորոնավիրուսի մասին մի քանի արդէն հանրածանօթ տեղեկութիւն փոխանակելէ ետք, անխուսափելիօրէն կ’անդրադառնանք օրուան իրադարձութիւններուն, կը խօսինք քաղաքական անցուդարձերու մասին: Սրճարանի հանդիպումները արդէն հիմա դարձած են «զում»ի հանդիպումներ…

Քանի մը օր առաջ, մեր զումային հերթական հանդիպումներուն ընթացքին, ընկերներով զրուցեցինք ամենատաք նիւթին՝ Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրներուն մասին: Սահմանադրական դատարանի, խորհրդարանական եւ արտախորհրդարական ընդդիմութեան մասին կարծիքներ փոխանակելէ եւ թէժ խօսակցութիւն ունենալու ընթացքին, յիշեցինք նաեւ հայերէն լեզուի մէջ ամենաշատ գործածուած եւ ամենա-ամենա բազմաչարչար բառը՝ միասնականութիւն:

«Մեզ այս օրերին միասնութիւն է պէտք, թէ չէ ո՞նց պիտի յաղաթահարենք էս հսկայ պրոբլեմները», ըսաւ վէճերէ եւ բախումներէ խուսափող, բնոյթով սակաւախօս եւ հանդարտաբարոյ՝ հաշուապահ Ներսէսը:

«Լաւ Ներսօ ջան, լաւ էլի… հիմի էլ սկսել են ազգային միասնութեան կոչեր ուղղել: Համաձայն եմ, եւ իմացի, ոչ ոք չի կարող ազգային միասնութեան դէմ լինել:
Բայց միասնութիւն ու՞մ հետ։ Յստակացրէք, ախպեր ջան… Ու՞մ հետ եք միասնականանալու, միասնութիւնը լինում է նպատակի եւ գործի շուրջ, եւ ոչ թէ լոզունգների ու դատարկ խօսքերի: 3ստակացրեք, խնդրեմ, նպատակն ու գործը…», ըսաւ զբօսաշրջային ընկերութիւն սեփականատէր՝ տաքարիւն Արշակը:

Այս օրերուն, բոլորը հարց կու տան՝ կարելի՞ է միասնականութեան անուան տակ՝ երկրի հարստութիւնը կողոպտած, երկրի տնտեսութիւնը սեփական նպատակներու համար օգտագործած, երկիրն ու ապագայ սերունդները պարտքերու տակ խեղդած, եւ արտաքին պարտքի գումարները անխղճօրէն գրպանած մարդոց եւ ուժերու հետ համախմբուիլ: Ճիշդ կ՚ըլլա՞յ կոռուպցիան ապրելակերպ դարձուցած, ժողովուրդի քուէն կեղծած, ժողովուրդի եւ հայ մարդու իրաւունքները բռնաբարած ուժերուն մէկ օրէն միւսը ներել եւ ըսել, որ վերջ, հիմա ամէն ինչ անցեալին կը պատկանի: Ինչ կերաք՝ հալալ է, ում տունը քանդեցիք՝ անցեալ է, եկեք հիմա մէկ ճակատ կազմենք: Իրապէս, Կարելի՞ է զինուորի ճաշը գողցողներուն, գիւղացին ջուրէ զրկողներուն, հայ քաղաքացիի պատիւը 10 հազար դրամով գնողներուն հետ միասնութեան դաշինք կնքել։ Կարելի՞ է, ի վերջոյ, հայ ժողովուրդի ազատ եւ արդար ընտրութիւններով իշխանութեան եկած ուժին եւ այդ իշխանութիւններուն դաւաճան եւ ապազգային հռչակող, օտար մայրաքաղաքներու մէջ անոնց դէմ դաւեր նիւթող մարդոց վստահիլ: Ասոնք հարցումներ են, որ կը լսենք թէ իշխանամերձ, թէ իշխանութիւններուն հակադրուած շրջանակներէն:

Երբ ընկերներուս յիշեցուցի ժողովուրդի մօտ տարածուած այս կարծիքները, փոքր տարիքին ընտանիքին հետ Ամերիկա արտագաղթած եւ տարիներ առաջ հայրենիք վերադարձած, այժմ կէս արեւելահայերէն, կէս արեւմտահայերէն խօսող ճարտարապետ Վազգէնը ըսաւ.

«Ախպեր ջան, միասնութեան համար նախ եւ առաջ արդարութիւն է պէտք: Եթէ չկայ արդարութիւն, չկայ նաեւ միասնականութիւն: Այնքան ատեն, որ մարդիկ իրենց գործած սխալների համար պատասխանատւութեան չեն կանչուել, հաշիւ չեն տուել, ուրեմն մոռացէք՝ միասնութիւն չի լինելու: Եթէ կան մեղաւորներ, կայ յանցագործութիւն, պէտք է լինի նաեւ օրէնքի առջեւ պատասխանատւութիւն եւ հատուցում: Միայն դրանից յետոյ կարելի է խօսալ միասնականութեան մասին»:

Տաքարիւն Արշակին հեգնական պատասխանը չուշացաւ. «Մեր մօտ յանցագործներ չկան, կան քաղաքական հալածեալներ, չգիտէի՞ր: Ո՞ւմ բռնում են, կամ հիւանդանում ա, քաղցկեղ ա ընկնում, կամ էլ անհետանում են եւ քաղաքական հալածեալ են դառնում եւ միասնականութիւն են քարոզում…»

Խնդացինք, բայց նաեւ անդրադարձանք, որ այնքան ատեն, երբ դեռ ոչ ոք չէ ընդունած իր մեղքը, մեղայական չէ ըսած մեր ժողովուրդին, պետութեան չէ վերադարձուցած երկրէն թալանած հարտութիւնը եւ պատասխանատւութիւն չէ կրած իր յանցանքներուն համար, մեր ժողովուրդին մէջ դժուար պիտի ըլլայ համերաշխութիւն ստեղծել: Իսկ Համերաշխութիւն եթէ չկայ, ուրեմն չկայ նաեւ միասնականութիւն: Իսկ համերաշխութեան նախապայմանը արդարութիւնն է:

«Ուրեմն նախքան ամէն ինչ, եկեք արդարութիւն պահանջենք, յետոյ խօսինք համերաշխութեան եւ միասնականութեան մասին», առաջարկեցի ընկերներուս:

Համաձայնեցանք: Ի վերջոյ, արդարութիւնը հիմքն է մարդկային բոլոր յարաբերութիւններուն եւ կարելի չէ իրաւազրկեալին ու իրաւազրկողին հաւասար հարթութեան վրայ դնել, թալանողին եւ թալանուածին հաւասարեցնել, յանցագործին եւ զոհին նոյն ջուրով լուալ:

Այս ժողովուրդը արդարութեան կարօտ ունի: Արդարութեան հաստատումէն ետք՝ ամէն ինչ ալ կարելի է:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com