Հատուած Հրաչ Տասնապետեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.)» հատորէն, էջ 160-162
Զանց ընելով Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան յարաբերական եւ դիւանական ճիգերը, որոնք, Սեւրէն առաջ թէ ետք՝ ու մինչեւ Լօզան, կը պատկանին Հանրապետութեան պատմութեան, կ’ուզենք առանձին յիշատակել Արտասահմանի Պատասխանատու Մարմնի քաղաքական գլխաւոր աշխատանքը՝ բանակցութիւնները Ռուսաստանի Կոմկուսի ներկայացուցիչներու հետ:
Հայաստանի անկախութեան պահպանման եւ վիճակի բարելաւման ի խնդիր՝ Խորհրդային Ռուսաստանի վարիչներուն հետ արտասահմանի մէջ բանակցելու սկզբունքը որդեգրուած էր Պուքրէշի Խորհրդաժողովին կողմէ: Առաջին շփումները տեղի կ՛ունենան Լոնտոնի մէջ, ուր ժամանադրութիւն կ’առնուի Ռիկայի համար: Արտ. Պատ. Մարմինը կը լիազօրէ Ա. Զամալեանը, Վ. Նաւասարդեանն ու Կոմսը (Վ. Փափազեան)՝ իբրեւ բանագնացներ:
Ռիկայի բանակցութիւնները կը սկսին 1921 Յուլիս 7ին: Լեռնահայաստանը ինկած էր արդէն, բայց Պատ. մարմինը տակաւին տեղեակ չէր: Ռուսաստանի Համայնավար Կուսակցութեան կողմէ ներկայ են Եոֆֆէ, Տէր Վահանեան եւ Ս. Տէր Գաբրիէլեան:
Դաշնակցական բանագնացները կը զեկուցեն Հայաստանի անցուդարձերուն, պոլշեւիկեան բռնագրաւումներուն, ինչպէս նաեւ ռուսեւթուրք համաձայնութեան Հայ դատին հասցուած հարուածին մասին:
Եոֆֆէ կը պատասխանէ, որ Ռուսաստանի համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ տեղ չունի հայկական ազդակը. «հայ ժողովուրդի կոչին ընդառաջելով» Հայաստան մտած խորհրդային իշխանութիւնը երկիրը կը կառավարէ իր առաջնորդող անշեղ սկզբունքներուն համաձայն եւ կը ջախջախէ իր դէմ ըմբոստացողները:
Տէր Գաբրիէլեան կը հերքէ Քեմալի հետ որեւէ համաձայնութիւն. ան կը շեշտէ, որ խորհրդային վարչակարգը բազմակուսակցական չէ, ուստի Դաշնակցութիւնը պէտք է զիջի. եթէ ան տեղի տուած ըլլար մայիսեան «Ժողովրդական հասունցած շարժման» դիմաց, թրքական վերջին գրաւումները չէին պատահեր:
Տէր Վահանեան, իր կարգին, շեշտելով որ քաղաքական ու տնտեսական տեսակէտէ անբնական է «Հայաստանը Ռուսաստանից բաժնել», կը թելադրէ յաւելեալ ճկունութիւն եւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերու գծով՝ աւելի համեստ ախորժակներ…: Յետագայ նիստերուն մէջ, սակայն, խորհրդային բանագնացները կը ցուցաբերեն որոշ հասկացողութիւն ու զիջողութիւն:
Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու յստակ առաջարկներէն ետք, Յուլիս 14ին, Ռիկայի խորհրդային դեսպանատան մէջ կը բանաձեւուի համաձայնագիր մը՝ ուր, «հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան եւ անոր ազատ ու անկախ քաղաքական զարգացման համար», Կոմկուսի ներկայացուցիչները կ’ընդունին՝
ա) Գոյութիւնը ազատ եւ անկախ Հայաստանի.
բ) Թրքահայաստանի նախապէս հայաբնակ հողամասերու կցումը Ռուսաստանին.
գ) Ռուսական կոմկուսի կողմէ՝ աջակցութիւն եւ համագործակցութիւն:
Դաշնակցութիւնը իր կարգին կը խոստանար համախմբել Երկրի թէ արտասահմանի հայութիւնը՝ Հայաստանի կառավարութեան շուրջ, դադրեցնել Լեռնահայաստանի կռիվներն ու նմանօրինակ ամէն պայքար եւ, ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, հաւատարիմ մնալ Խորհրդային Ռուսաստանի հետ բարեկամութեան սկզբունքին:
Յարակից նոթեր կը ճշդէին կարգ մը մանրամասնութիւններ: Ռուսաստանի Կոմկուսը յանձն պիտի առնէր միջնորդել Հայաստանի Յեղկոմին մօտ՝ որպէսզի բանակցութեան մտնէ, Հայաստանի մէջ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ:
Մինչ դաշնակցական բանագնացները կը սպասէին Մոսկուայի կողմէ համաձայնագրի վաւերացման, Յուլիս 23ին Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Թեհրանէն կը ստանայ հեռագիր մը՝ Լեռնահայաստանի անկումը գուժող: Անկախ այդ իրողութենէն, սակայն, համաձայնութեան Ռիկայի նախագիծը պիտի ունենար Մոսկուայի եւ Երեւանի նախորդ երկու նախագիծերուն ճակատագիրը: Միեւնոյն օրերուն, Եոֆֆէ կը յայտնէր Վ. Նաւասարդեանին, որ «Բագուի հայ կոմունիստները արգելք եղած են համաձայնագրի վաւերացման»: