Հ. Յ. Դ. Ութերորդ Ընդհանուր ժողովը եւ յաջորդող ամիսները, 1914ի Յուլիս. Հրաչ Տասնապետեան

1233

Հատուած Հրաչ Տասնապետեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.)» հատորէն, էջ 106-109

Հ.Յ.Դ Եօթներորդ եւ Ութերորդ Ընդհանուր ժողովներուն միջեւ կացութիւնը

7րդ Ընդհանուր ժողովի որոշումները ու յատկապէս Թրքահայաստանը առանձին Բիւրօ-Պատասխանատու Մարմնով մը օժտուելու նախաձեռնութիւնը մէկ կողմէ, պատերազմի վտանգը եւ «թիւրքճի»ութեան հետզհետէ սպառնական դարձող ալիքը միւս կողմէ, վերակազմակերպման եւ վերաշխուժացման տեսակէտէ կը թուին գործի մղած ըլլալ դաշնակցական մարմինները:

Տարի մը ետք, 8-րդ Ընդհանուր ժողովին, Երկրի եւ Թուրքիոյ մարմինները վերագտած պիտի ըլլային Վառնայի Ընդհանուր ժողովին (1909) իրենց ներկայացուցած կազմակերպական ճոխ երանգապնակը: Բայց, միեւնոյն (8րդ) Ընդհանուր ժողովի հաստատումներէն դատելով, կուսակցական վիճակի եւ գործունէութեան այդ բարելաւումը, Բիւրոներու ծրագրուած եւ հաւաքական ճիգերէն աւելի, արդիւնք է անհատ ղեկավարներու եւ շրջանային-տեղական մարմիններու հետեւողական աշխատանքին:

Մտածելակերպի եւ մարտավարական տեսակէտներու բաւական շեշտուած հակադրութիւններ կային նաեւ յեղափոխական տրամադրութիւններով առլցուն երիտասարդ ուժերուն եւ գլխաւոր մարմիններու դասական ղեկավարութեան ու անոր գործակից երեսփոխաններուն միջեւ:

Այդ հակադրութիւնները հաւանօրէն ձեւափոխուած շարունակութիւնը կը կազմէին Դաշնակցութեան մարտական դասին եւ քաղաքական գործիչներուն միջեւ Սահմանադրութեան սկզբնական օրերուն ստեղծուած տրամադրութիւններու երկուութեան:

Բոլոր պարագաներուն, մտքերու եւ գործելակերպի այդ ոչ-միաձոյլ ամբողջութեան մէջ, եւ հակառակ կազմակերպական կեանքի վերոյիշեալ աշխուժացման, կը թուի թէ զինման եւ ինքնապաշտպանութեան պատրաստութեան աշխատանքները ամէնուրեք անհրաժեշտ թափով առաջ տարուած չեն՝ հակառակ ընդհանուր ժողովներուն մէջ նշուած վտանգի եւ ահազանգի մթնոլորտին: Մասամբ ասոր հետեւանքով էր հաւանաօրէն, որ, 1915ի Մեծ Եղեռնի օրերուն, Թրքահայաստանի կարգ մը շրջաններու հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը (Վան-Վասպուրական, Սասուն, Ուրֆա, Ճեպէլ Մուսա, Շապին Գարահիսար) ամէնուրեք չտարածուեցաւ:

1913 Հոկտեմբերի վերջերը, Դաշնակցութիւնը սգւոր կը դառնար յանկարծական մահովը իր երկրորդ գլխաւոր հիմնադրին՝ Սիմոն Զաւարեանի (Պոլիս), որուն բարոյական եւ գաղափարական սկզբունքներու ամրութիւնը զինք յորջորջել տուած էր «Աշխարհիկ Սուրբը»:

Հայութեան դիմումները պետութիւններուն 1914 Փետրուարին ի վերջոյ յանգեցուան բաւական կարեւոր յաջողութեան մը, երբ մեծ վէզիրը Սայիտ Հալիմ ռուս դեսպան Գուլկեւիչի հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը՝ որ կը նախատեսէր արեւելեան եօթը նահանգներու բաժանումը վարչական երկու մարզերու, որոնց վերահսկողութիւնը պիտի յանձնուէր եւրոպացի ընդհանուր քննիչներու՝ մեծ պետութեանց կողմէ ներկայացուած եւ Բ. Դրան կողմէ նշանակուած:

Ան կ’երաշխաւորէր նաեւ յիշեալ մարզերուն մէջ իրենց համրանքին համապատասխան թիւով վարչական պաշտօնեաներ ու ոստիկաններ ունենալու հայոց իրաւունքը: Այս բոլորը Դաշնակցութեան առաջադրած ներքին ինքնավարութիւնը չէին բերեր ի հարկէ, բայց, գործադրութեան պարագային, կայսրութեան հայկական նահանգներու վարչական ապակեդրոնացման առաջին քայլը պիտի կազմէին:

Դաշնակցութեան խորհուրդը 1914 Մարտին նիստ գումարեց Պերլինի մէջ, զբաղելով առաւելաբար Ութերորդ Ընդհանուր ժողովի նախապատրաստութեամբ եւ ինքնապաշտպանութեան վերաբերեալ նախատեսութիւններով:

Հ. Յ. Դ. Ութերորդ Ընդհանուր ժողովը եւ յաջորդող ամիսները

Ութերորդ Ընդհանուր ժողովը եւս կը գումարուի Կարին, 1914 Յուլիսի կէսերուն, եւ կը տեւեէ երկու շաբաթ: Ռոստոմի գլխավորութեամբ, ներկայ են Դաշնակցութեան հին թէ նորահաս ղեկավարութենէն շուրջ 30 պատգամաւորներ:

Կացութիւնը ճգնաժամային է: Համաշխարհային պատերազմի ծագման լուրը հասած է արդէն, եւ «Իթթիհատ»ի գերմանական կողմնորոշման ու համաթուրանական ցեղապաշտ ախորժակները հանրահայտ են այլեւ: Ժողովի զարգացումներուն վրայ,- Թուրքիոյ քաղաքական ընթացքը, իթթիհատական կառավարութեան հայահալած գործունէութիւնը, Փետրուարեան համաձայնագիրը եւ զայն իր սաղմին մէջ մեռցնելու թրքական ճիգերը եւայլն:

Կ’որոշուի՝ «մնալ անյողդողդ ընդդիմադիր եւ անաչառ քննադատի դերին մեջ հանդէպ Իթթիհատի, պայքարելով անոր ազգայնական վնասակար եւ հակապետական քաղաքականութեան դէմ»: Երկար վիճաբանութիւններէ ետք, գրեթէ միաձայնութեամբ անփոփոխ կը պահուի նախորդ Ընդհանուր ժողովի ծանօթ որոշումը՝ ըստ որուն, պատերազմի պարագային, իւրաքանչիւր պետութեան քաղաքացի պէտք է կատարէ իր պարտականութիւնները՝ իր պետութեան նկատմամբ:

Ընդհանուր ժողովը կը ջնջէ Արեւմտեան Բիւրոն: Հայաստանի Բիւրոյի իրաւասութեան կ’ենթարկուի «այն շրջանն եւս, որ մինչեւ այժմ յատուկ էր արեւմտեան Բիւրոյին»: Պոլիսը կ’ունենայ Հայաստանի Բիւրոյի հատուած:

Օգոստոսին, պատգամաւորներու ցրւումէն ետք, Իննի Յանձնաժողով կը զբաղի քննութեան կարօտ այլ հարցերով: Այդ օրերուն է որ Կարին կու գայ իթթիհատական պատուիրակութիւն մը (Պէհաէտտին Շաքիր եւ Նաճի պէյ) եւ բանակցութիւնները կը վարէ Ռոստոմի, Վռամեանի եւ Ակնունիի հետ: Համոզուած՝ որ Գերմանիա յաղթական դուրս պիտի գար պատերազմէն, թուրքերը անոր հետ դաշնակցիլը կը նկատէին համաթուրքական իրենց երազի իրականացման եզակի պատեհութիւն մը:

Անոնք Դաշնակցութեան կ’առաջարկեն Անդրկովկասի մէջ յառաջացնել ապստամբութիւն մը՝ ռուս զօրքը կռնակէն հարուածելու եւ դիւրացնելու համար թրքական բանակին առաջխաղացքը դէպի Պաքու. փոխարէնը «կը խոստանային» պատերազմի աւարտին նպաստել անդրկովկասեան ինքնավար Հայաստանի մը ստեղծման:

Դաշնակցութեան ղեկավարները կը փորձեն թուրքերը տարհամոզել պատերազմի մտնելու իրենց տրամադրութենէն, նման քայլ մը վտանգաւոր գտնելով Կայսրութեան ապագային համար: Կը յայտնեն նաեւ պաշտօնապէս, ընդհանուր ժողովի ծանօթ որոշումը: Իթթիհատականները դժգոհ կը բաժնուին. պարզ է որ նման պատասխան մը պիտի չգոհացնէր զիրենք:

Անկէ ետք, դէպքերը կ’ընթանան շատ արագ: Զարգացող կացութեան հարկադրանքին տակ, Արեւելյան Բիւրոն ռուս պետական շրջանակներուն մօտ ճիգեր կը թափէ ի խնդիր արեւմտահայերու փրկութեան: Ռուս կառավարութիւնը ցանկութիւն կը յայտնէ որ կովկասահայերը օժանդակեն ռուս զօրքին: Կը կազմուի Թիֆլիսի Ազգային Բիւրոն, որ կը ծրագրէ հայ կամաւորական գունդերու կազմութիւնը՝ գործնական կազմակերպումը եւ ամբողջ զինուորական գործը վստահելով Հ. Յ. Դաշնակցութեան:

Անդին, Թուրքիոյ մէջ, օրէ օր սաստկացող հալածանքներուն դիմաց եւ հաւանական կոտորածներու պատրուակ չտալու քիչ մը միամիտ մտահոգութեամբ, կուսակցական եւ ազգային մարմինները թրքահայութեան կոչ կ’ընէին անհրաժեշտ զիջումներով ենթարկուելու կառավարութեան հրահանգներուն եւ կարգադրութիւններուն:

1914 Սեպտեմբեր 21-23ին Կովկասի մէջ տեղի կ’ունենայ Ռայոնական ժողով մը: Հայաստանի Բիւրոյի մեծամասնութենէն եւ Թուրքիոյ մարմիններէն փաստօրէն կատարուած ըլլալով, ժողովը պահ մը կը վարանի իր վճռական վաւերացումը տալու կամաւորական շարժման կազմակերպման. Բայց ի վերջոյ, «չունենալով այդ խնդրի վերաբերեալ աւելի բարձր եւ իրաւասու մարմինների որոշումը, հաստատում է Բիւրոյի որոշումները եւ նպաստում է դրանց լաւագոյն իրագործման»:

1914ի վերջերէն սկսեալ, դէպքերու յաջորդականութիւնը պիտի դառնար գահավէժ: Ոչ միայն Արեւելեան Բիւրոն հնարաւորութիւն պիտի չունենար յարաբերելու Պոլսոյ եւ երկրի ղեկավարութեան հետ, այլեւ փաստօրէն ցանուցիր պիտի ըլլար Հայաստանի Բիւրոն, որուն անդամներէն ոմանք (Ակնունի, Վռամեան, Սարգիս Բարսեղեան, Ռուբէն Զարդարեան), ղեկավար այլ ընկերներու կարգին (Վանայ Իշխան, Յ. Շահրիկեան, Գ. Խաժակ, Հրաչ, Վարդգէս, Տոքթ. Կ. Փաշայեան եւ շատ ուրիշներ), առաջին զոհերէն պիտի ըլլային 1915ի Մեծ Եղեռնին: