Հ. Յ. Դաշնակցութեան Եօթներորդ Ընդհանուր ժողովը, Կարին (1913 Օգոստոս 17էն սկսեալ՝ մէկ շաբաթ). Հրաչ Տասնապետեան

2681

Հատուած Հրաչ Տասնապետեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.)» հատորէն, էջ 105-106

Իր տեւողութեամբ (1913 Օգոստոս 17էն սկսեալ՝ մէկ շաբաթ) Կարին գումարուած 7րդ Ընդհանուր ժողովը Դաշնակցութեան ամենակարճ համագումարն է: Որոշումներու գրքոյկի նախաբանը կ’ըսէ, թէ «ժողովը սեղմ օրակարգ ունէր, նուիրուած հասուն եւ անմիջական լուծում պահանջող խնդիրներու», եւ թէ՝ «ի զօրու կը մնան նախորդ Զ. Ընդհանուր ժողովի բոլոր այն որոշումները, որոնց չէ դպած այս Է. ժողովը իր նոր որոշումներով»:

Առաջնահերթ քննութեան առարկայ դառնայ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան այլեւայլ հատուածներու փոխ-յարաբերութեանց» հարցը: Պատերազմը նախատեսելի հաւանականութիւն մըն է, եւ մտահոգիչ է այն պարագան որ հայութեան-ուստի նաեւ Դաշնակցութեան-տարբեր հատուածներ (Թրքահայաստան, Կովկաս եւ Պարսկաստան) կրնան գտնուիլ հակադիր ճակատներու վրայ:

Ընդհանուր ժողովը կ’որոշէ՝ «քաղաքական բարդութիւններու ատեն, համախորհուրդ ընկերվարական միւս կուսակցութիւններուն՝ օրինական բոլոր հնարաւոր միջոցներով կանխիլ զինուած ընդհարումները». իսկ եթէ պատերազմը անխուսափելի դառնայ, «ամէն քաղաքացի կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնը ի՛ր պետութեան հանդէպ»: Այս որոշումը նախատեսել կու տայ նոյնօրինակ այն պատասխանը, զոր տարի մը ետք, 1914ի ամրան, Հ. Յ. Դ. Ութերորդ Ընդհանուր ժողովի պատգամաւորները պիտի տային «Իթթիհատ»ի ներկայացուցիչներուն:

Քննութեան նիւթ կը կազմեն նաեւ՝ Թուրքիոյ կացութիւնը ընդհանրապէս եւ հայոց դիւանագիտական ճիգերը յատկապէս: Կ’արձանագրուին «Իթթիհատ»ի հետ Դաշնակցութեան խզման պատճառներն ու պարագաները: «Իթթիհատ» անխախտ կերպով կը շարունակէ Թուրքիոյ աւանդական քաղաքականութիւնը՝ փոքրամասնութեանց եւ յատկապէս քրիստոնեաներու ճնշման գծով. այդ քաղաքականութիւնը ոչ միայն երկիրը քաղաքական թէ տնտեսական աղէտի կ’առաջնորդէ, այլեւ ոչ մեկ երաշխիք կը ներշնչէ օսմանեան հայութեան գոյատեւման ապահովութեան տեսակէտէն: Օրակարգի այլ կէտեր են՝ հայ-քրտական յարաբերութիւնները, հողավէճը, ազգային իշխանութեանց գործունէութեան վերաբերեալ խնդիրներ եւն.:

Կ’որոշուի Երկրի համար հաստատել առանձին գերագոյն մարմին մը՝ Հայաստանի Բիւրոն, որուն շրջանը պիտի կազմեն «Թուրքիոյ վեց հայաբնակ եւ Տրապիզոնի նահանգները»: Կը պահուին, աշխարհագրական նոր սահմանագծումով, Արեւմտեան (Արեւմտեան Թուրքիա եւ գաղութներ) եւ Արեւելեան (Ռուսիա եւ Պարսկաստան) Բիւրոներ: Տիրող պայմաններէն մեկնած եւ կացութեան վատթարացման նախատեսութեամբ, Բիւրոներուն կը տրուին նաեւ Պատասխանատու Մարմիններու համար «Կանոնագրով նախատեսուած պարտականութիւններն ու իրաւունքները»: Դաշնակցութեան Խորհուրդը պիտի կազմեն «երեք Բիւրոներու եւ Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչները»,- ինչ որ ցոյց կու տայ որ Ամերիկայի դաշնակցական կազմակերպութիւնը զօրացած է եւ ուռճացած:

ՀՅԴ – Իթթիհատ (Երիտթուրքեր) համագործակցությունը. 1907թ դեկտեմբեր