Թէժ աշուն չստացվեց, գարնան վրայ յոյս մի՛ դնեք. Րաֆֆի Տուտագլեան

738

Նամակ երկրէն

2018-ի ամրան, երբ մեր ժողովուրդի պանծալի յեղափոխութիւնը տուն ղրկած էր Սերժ Սարգսեանն ու իր շուրջը համախմբուած կամ իր գրպանը մտած ուժերը, եւ յետ ժողովրդային ճնշումներու՝ Նիկոլ Փաշինեանը դարձած էր իշխանութեան ղեկավար, շատ շատեր, մանաւանդ նախկին իշխանական կուսակցութիւններու խելացի փորձագէտներն ու վերլուծաբանները շարունակաբար կը պնդէին, որ այս նորեկ իշխանութիւնները երկար կեանք չունին, երկար պիտի չդիմանան, որովհետեւ՝ մեր հիւսիսի հարեւանին «սրտովը չեն», կամ՝ շատ երիտասարդ ու անփորձ են, կամ՝ պարզապէս ղեկավարել չեն գիտեր եւ շուտով պիտի զիջին իրենց նոր նուաճած դիրքերն ու պաշտօնները…

Այս տեսակէտի ջերմ պաշտպաններէն էր վաղեմի ծանօթներէս մէկը, որ իր կուսակցութեան մէջ ղեկավար պաշտօններ ունեցած էր, եղած էր նաեւ պատգամաւոր ու նոյնիսկ գործադիրի մէջ բարձր դիրքեր գրաւած էր։ Ամէն անգամ, երբ ճանապարհին կամ երկուստեք ծանօթի մը մօտ կը հանդիպէինք իրարու, կը փորձէր զիս համոզել, որ ես, շատ բաներէ անտեղեակ եւ միամիտ սփիւռքահայս, ի զուր աջակցած եմ յեղափոխութեան, եւ որ այս իշխանութիւնները ապիկար են, անփորձ են, մերժուած են մեր դաշնակիցներէն, որ անշնորհք ու անխելք ջահելներ են, ուժ ու դրամ չունին, մեդիա չունին, եւ շուտով, շա՜տ շուտով տուն պիտի ճամբուին, հակառակ անոնց վայելած մեծ ժողովրդականութեան ու Նիկոլ Փաշինեանի «խարիզմային»։ «ժողովուրդ-մողովուրդ, ընտրութիւն-մընտրութիւն մեր երկրում անիմաստ բաներ են, խնդիրների հանգուցալուծումները այլ կենտրոններում են տեղի ունենում… Էսա, աշնանը ամէն ինչ պրծնելու ա։ Հաւատա՛յ ինձ, սրանք երկար կեանք չունեն, կը տեսնես ինչեր ա լինելու… Շուտով կը գնան իրենց տները, մի քանիսն էլ կը դատուեն ու կը նստեն…», կը պնդէր ան, ամէն անգամ երբ կը փորձէի առարկել, որ նորեկ իշխանութիւնները դեռ եւս մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն, եւ ժողովուրդի վստահութեան քուէն դեռ չեն կորսնցուցած։

2018-ի աշունը անցաւ գնաց, բայց նոր ու երիտասարդ իշխանութիւնները մնացին։ Ձմեռն ալ եկաւ, տեղի ունեցան Ազգային ժողովի ընտրութիւններ, եւ տեսանք արդէն, նորերը աւելի՛ ամրացուցին իրենց դիրքերը։

Իսկ հիները… 2018-ի գարնան, համաժողովրդային յեղափոխութեան ուժեղ ապտակը ուտելէ ետք, պահ մը Knock-out եղած էին ու մէկը միւսին ետեւէն Սերժ Սարգսեանի ընկղմող նաւէն ցատկելով՝ ակամայ եւ ամենայն կեղծաւորութեամբ սէր ու հաւատարմութիւն յայտնած էին համաժողովրդական յեղափոխութեան եւ անոր առաջնորդներուն… Այլընտարանք ալ չունէին արդէն՝ կամ պիտի ենթարկուէին նորերու խաղի կանոններուն, կամ ալ ժողովրդային ճնշումով դուրս պիտի շպրտուէին խաղադաշտէն։ Յուսացին, որ ժողովուրդը շուտով յուսախաբ պիտի ըլլայ այս անփորձ ու ջահել նորեկներէն: Ի՜նչ խարդավանանքներ, ի՜նչ խաղեր, ի՜նչ էնթրիկներ ըսես չկազմակերպեցին նախկինները՝ նորերու երթը կասեցնելու համար: Բայց ի զուր: Եւ նոր իշխանութիւններուն ի գին ամէն ինչի տապալել ուզողներն ու արտահերթ ընտրութիւններ ցանկացողները աւելի «կատղեցան», երբ 2018-ի աշունը եկաւ անցաւ, եւ ԱԺ-ի ընտրութիւններուն բոլորն ալ ժողովուրդին կիցով դուրս դրուեցան հայաստանեան քաղաքական բեմէն։

Այս ամառ, հիներու սիրահար ծանօթներս կը պնդէին, որ «թէժ աշուն ենք ունենալու, ամէն ինչ պրծնելու է Սեպտեմբեր-Հոկեմբերին…»: Հաւանաբար յոյսեր կապած էին հիւսիսի կամ արեւմուտքի հետ, հաւանաբար խոստումներ ունէին ասկէ-անկէ, հաւանաբար իրապէս համոզուած էին, որ ֆէյքերով, անսահման մեդիա հնարաւորութիւններով ու փողի ուժով ոտքի պիտի հանեն անհամբեր ժողովուրդը: Բայց տեսանք թէժ աշունն ալ, ջերմիկ ձմեռնամուտն ալ: Տեսանք միլիոնաւոր տոլարներու հասնող քարոզչական արշաւները, ֆէյքերը, լրատուամիջոցները, փողոցը ակտիւացնելու փորձերը, անհատ պետպաշտօնեաներու եւ նախարարներու, վարչապետի ընտանիքի անդամներուն ու անձամբ վարչապետի վրայ սկսած ու շարունակուող ցեխարձակումները: Տեսանք շատ բան, բայց քաղաքական թէժ աշուն… չտեսանք:

Չտեսանք, ոչ թէ որովհետեւ անսխալական կամ գերհզօր են այսօրուան երիտասարդ իշխանութիւնները: Քա՛ւ լիցի: Բազում են անոնց սխալները, եւ գերհզօր ըլլալէ շատ հեռու են անոնք: Չտեսանք, ոչ թէ որովհետեւ հանրութիւնը չափազանց գոհ է մեր նոր իշխանութիւններու աշխատանքէն եւ արձանագրած արդիւնքներէն: Ո՛չ, հազար անգամ ոչ: Հանրութիւնը շատ աւելին կ’ակնկալէ Փաշինեանի թիմէն, շատ աւելի մեծ արդիւնքներու ակնկալութեամբ կ’ապրի: Չտեսանք, ոչ թէ որովհետեւ շատ արագ ու արմատական են իշխանութիւններուն կատարած բարեփոխումները: Ըդհակառակը, համակարգային բարեփոխումները դանդաղ են ու, վարչապետին իսկ խոստովանութեամբ, պետական համակարգը կը մնայ ծանր ու կաղացող, ինչպէս միշտ:

Քաղաքական թէժ աշուն չտեսանք, քանի որ ժողովուրդը չ’ընդունիր օրինաւոր ընդդիմադիրի պատմուճանը հագնիլ փորձող նախկիններու շինծու օրակարգերը: Ոչ Արցախը «ծախելու» հարցով նախկիններու շինծու հեքիաթները, ոչ «ազգային արժէքներ»ուն մասին անտեղի ահազանգը, ոչ ալ Սորոս-մորոսը բաւարար եղան, որ հանրութիւնը ընդդիմադիրի դերը վստահի նախկին իշխանաւորներուն: Աւելի՛ն, հանրութեան համար շատ աւելի վտանգաւոր ու անընդունելի է նախկիններու վերադարձը, քան թէ անփորձ նորերու բազմաբնոյթ սխալները: Հանրութեան համար պարզապէս անընդունելի է գեներալ Մանվելներ հանդուրժած, Մարտի 1 կազմակերպած, երեխաներու առք ու վաճառքով զբաղող մարդոց աջակցութիւնը վայելած իշխանութիւններու վերադարձի ոեւէ փորձ: Ժողովուրդը կ’ակնկալէր, որ իշխանական նախկին ուժերը քաւարան մտնեն, ինքնամաքրուին եւ մեղայական ըսեն, ու միայն ատկէ ետք վերադառնան քաղաքական դաշտ: Բայց եկուր ու տես, որ ինքնամաքրումի, ինքնասրբագրումի դժուար, բայց պատուաբեր ճանապարհը անցնելու փոխարէն, իշխանական նախկին ուժերը դաւադիր ու դարանակալ բոլոր միջոցներով, սուտի եւ կեղծիքի բազմատեսակ զէնքերով՝ հակայարձակումի անցան օրինաւոր եւ լիգիտիմ, ժողովուրդի արդար եւ ազատ քուէով ընտրուած իշխանութիւններուն դէմ: Այսպիսի քայլի կրնային դիմել միայն ու միայն քուէի արժէքէն «բեխաբար», ժողովրդավարութեան այբուբենէն անտեղեակ եւ սեփական ժողովուրդի ձայնը 5 հազար դրամ գնահատող, իրականութենէ կտրուած, արդէն ցնորամիտ դարձած «քաղաքական գործիչներ»ը:

Եւ ցաւալին այն է, որ այս ցնորամիտները, իրենց ունեցած նիւթական հսկայ միջոցներով, իրենց մեդիա հնարաւորութիւններով, իրենց հին ու նոր դաշնակիցներով պիտի շարունակեն «գրաւել» ընդդիմադիրներուն վերապահուած քաղաքական դաշտի կարեւորագոյն հատուածը:

Եւ այնքան ատեն որ նախկիններն են ընդդիմադիրներու վերապահուած հրապարակը ժխորով լեցնողները, ժողովուրդին կողմէ ընդունելի, լիգիտիմ ընդդիմութեան կազմութիւնը պիտի ուշանայ երկար, շա՜տ երկար:

Ուրեմն, եթէ աշունը թէժ չեղաւ, գարնան հետ շատ յոյս մի՛ կապեք:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com