Հայաստանի դիվանագիտական միսիան Եկատերինոդարում՝ Դենիկինի Ռուսաստանում. 1918-1920թթ

834

Հատուած Ռուբէն Դարբինեանի ԿԵԱՆՔԻՍ ԳԻՐՔԷՆ հատորէն, Ա. հատոր

Եկատերինոդարի մէջ կը գտնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան «դիւանագիտական միսիան», Համառուսական Պետական Դումայի նախկին անդամ Յ. Սաղաթէլեանի գլխավորութեամբ: Սակայն, ինծի համար անհասկնալի մնաց, թէ ինչո՞ւ այդ «միսիան», որ նշանակուած էր ըլլալու զօր. Դենիկինի մօտ, նստած էր Եկատերինոդար եւ ոչ թէ Տագանրոգ, ուր երկար ատենէ ի վեր հաստատուած էր Դենիկինի կառավարութիւնը:

«Միսիան» կը գտնուէր Եկատերինոդարի լաւագոյն հրապարակին վրայ, Եկատերինա կայսրուհիին արձանին դիմաց, գեղեցիկ տան մը մէջ, որ իր տեսքով կը յիշեցնէր Արեւմտեան Եւրոպայի գողտրիկ վիլլաները: Շէնքին ճակատին հպարտօրէն կը ծածանէր հայկական Եռագոյնը, զոր ես առաջին անգամ կը տեսնէի:

Ինչ խոսք, որ մեր ազգային պետական դրօշակի տեսքը խորունկ յուզում առաջ բերաւ իմ մէջ: Եւ ես ուղղակի կրօնական ջերմեռանդութեամբ էր, որ մտայ ներս՝ իմ յարգանքը մատուցանելու հայկական պետութեան առաջին պաշտօնական ներկայացուցչին հարաւային Ռուսաստանի մէջ եւ անկէ ստանալու ճշգրիտ տեղեկութիւններ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան իրական վիճակին մասին:

Յ. Սաղաթէլեանը ճանչցած էի 1906ին, Էջմիածնի Ազգային Կեդրոնական Ժողովէն, որուն երկուքս ալ կը մասնակցէինք իբրեւ պատգամավորներ: Նիհար կազմուածքով, կարճահասակ, անժպիտ դեմքով վաթսունի մօտ մարդ մըն էր ան այժմ: Կը խօսէր հանդարտ, իր ամէն մեկ բառը ծանր կշռելով եւ հազիւ լսելի ձայնով: Թէեւ Դաշնակցական էր, բայց այնպիսի Դաշնակցական մը, որուն մասին Պետական Դումայի յետադիմակներու առաջնորդներէն կոմս Բոբրինսկին ըսած էր Դաշնակցութեան դէմ եղած դատական հալածանքներու օրերուն.

«Եթէ բոլոր Դաշնակցականները լինէին այնքան հեզ ու բարեպաշտ մարդիկ, որքան իմ պատւական բարեկամ Յ. Սաղաթէլեանը, այն ատեն ոչ մէկի հիմ չէր լինի հալածելու այդ կուսակցութիւնը: Այն ժամանակ ես էլ կը լինէի կուսակցութեան մէջ»:

Յ. Սաղաթէլեան շատ սիրալիր կերպով ընդունեց զիս: Մտերմաբար խօսեցաւ իր դիւանագիտական աշխատանքներուն մասին: Քանի մը բառով բնորոշեց զօր. Դենիկինը, զոր տեսած էր մէկ-երկու անգամ: Ներկայացուց զայն, իբրեւ շատ խելացի եւ ազատամիտ մտաւորական մը: Բացատրեց, թէ ինք քաղաքական ի՞նչ սկզբունքներով կը ղեկավարուէր Դենիկինի կառավարութեան եւ առհասարակ Ռուսաստանի հանդէպ:

Նախ՝ համոզուած էր, որ պատերազմէն եւ բոլշեւիզմէն քայքայուած Ռուսաստանը շուտով ոտքի պիտի կանգնէր նորէն եւ վերագրաւէր միջազգային իր նախկին դիրքն ու կշիռը:

Երկրորդ՝ իր կարծիքով՝ Ռուսաստանը շուտով ուժ եւ ձգտում պիտի ունենար կրկին առաջուան պէս առաջանալու դէպի Միջերկրական ծով:

Երրորդ՝ միջազգային ներկայ (այն ատենուան) կացութեան մէջ մեծ պետութիւնները թոյլ պիտի չտային, որ Ռուսաստան իրեն համար ճամբայ հարթէր դէպի այդ ծովը: Այդ պատճառով ալ անոնք թոյլ պիտի չտային, որ Հայաստանը նուաճուէր Ռուսաստանի կողմէ:

Վերջապէս, այդպիսի պայմաններու մէջ միակ միջոցը, որով Ռուսաստանը կրնար յոյս ունենալ իր ազդեցութիւնը գէթ անուղղակի կերպով տարածելու մինչեւ Միջերկրական ծով, հաշտուիլն էր Հայաստանի պետական անկախ գոյութեան հետ, որովհետեւ Հայաստանը, իր համոզումով, միշտ ալ զօրաւոր հակում պիտի ունենար դէպի Ռուսաստանը:

Երբ հարցուցի իրեն, թէ ի՞նչ էր այժմ Հայաստանի վիճակը, ան անկեղծօրէն խոստովանեցաւ, թէ ինքը շատ քիչ տեղեկութիւն ունէր Հայաստանի մասին:

– Մեր կառավարութիւնը,- աւելցուց,- կանոնաւոր տեղեկութիւններ չի տալիս մեզ: Մեր իմացածը մեծ մասամբ պատահական աղբիւրներից է, Հայաստանից եկող անձերից եւ մանաւանդ թերթերից:

Երբ ըսի, թէ անհրաժեշտ է ունենալ տեղեկատու դիւան մը՝ Հայաստանէն լուրեր ստանալու, ինչպէս եւ Հայաստանին լուրեր հաղորդելու համար, Սաղաթէլեան պատասխանեց, թէ ինքն ալ յաճած մտածած է այդ մաասին, բայց ատոր համար յարմար մարդ չէ գտած: Եւ երբ, ժամանակ մը ետք, կրկին այցելութեան էի գացած իրեն, Սաղաթէլեան խնդրեց, որ ինքս ստանձնէի տեղեկատու դիւան մը կազմակերպելու եւ ղեկաւարելու գործը, բայց ես ցաւով յայտնեցի, որ պիտի չկարենայի ընդունիլ այդ առաջարկը, որովհետեւ մտադիր էի երթալ Հայաստան՝ տեւականօրէն հոն մնալու եւ գործելու համար:

Դժբախտաբար, Յ. Սաղաթէլեանը չէր յաջողած կանոնաւոր ծանօթութիւն ու կապ հաստատել ո՛չ միայն զօր. Դենիկինի շուրջ համախմբուած կազմակերպութեանց, այլեւ իր շուրջ գտնուող Կուբանի քաղաքական կուսակցութեանց հետ:

Ատոր պատճառը, հարկաւ, միայն իր կրաւորական խառնուածքը եւ պահպանողական խիստ ոգին չէր, այլեւ ա՛յն, որ ռուս կուսակցութիւնները իրենք ալ մասնաւոր հետաքրքրութիւն մը ցոյց չէին տար Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ եւ մեծ մասամբ թշնամական վերաբերում ունէին դէպի մեր անկախ պետութիւնը: Ու եթէ անոնք երբեմն կը հետաքրքրուէին Հայաստանի վիճակով, այլ ալ կ’ընէին հայկական ազգային անկախութեան հետ որեւէ կապ չունեցող նկատումներով: Այդ էր պատճառը, որ զօր. Դենիկինի կառավարութիւնը, երբ ուզեր էր Հայաստանի մասին զեկուցում մը ստանալ, մեր դիւանագիտական ներկայացուցչին չէր դիմած, այլ դիմած էր պատահաբար Տագանրոգ գացած հայու մը:

Երբ կինս Եկատերինոդար բերելու համար Ռոստով գացի եւ շաբաթ մը հոն մնացի, հանդիպեցայ Բագուի նաւթարդիւնաբերողներէն ընկ. Մարտին Շաթիրեանին, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն էր եւ այդ օրերուն որեւէ պաշտօնական հանգամանք չունէր ու իր անձնական գործերով Ռոստով կը գտնուէր: Հին բարեկամներ էինք: Զիս ճաշի հրաւիրեց եւ մտերմական խօսակցութեան ժամանակ ցոյց տուաւ Դենիկինի կառավարութեան անդամ զօր. Է’ի նամակը, որով՝ իրմէ կը խնդրուէր ընդարձակ զեկուցում մը պատրաստել իրենց համար՝ Հայաստանի եւ Հայ Դատի ներկայ վիճակին մասին: Եւ Մ. Շաթիրեան, որ իր մասնաւոր գործերը ունէր, ստիպուած էր շաբաթներով մնալ Տագանրոգ եւ հոն աշխատիլ՝ իրմէ ուզուած զեկուցումը պատրաստելու համար:

Ըստ հայկական սովորութեան՝ թէ՛ Եկատերինոդարի եւ թէ Ռոստովի մէջ հայ գործիչները, որոնց հանդիպեցայ, իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին Յ. Սաղաթէլեանի դէմ: Փոխանակ օգնելու անոր, երբ թերի բան մը գտնէին անոր գործունէութեան մէջ, կը գոհանային շատ խիստ քննադատութիւններով:

Ճիշդ է, թէ անոնց քննադատութեանց մէջ որոշ ճշմարտութիւն կար: Բայց անոնք չէին ալ անդրադառնար, որ իրենց ընթացքը աւելի եւս քննադատելի էր:

Քննադատները կ’ըսէին, օրինակ, թէ կարելի էր մեծ հանգանակութիւն մը ընել յօգուտ Հայաստանի: Կովկասի բոլոր հայ գաղութները բարգաւաճ վիճակի մէջ կը գտնուէին եւ խանդավառ, բոլորանուէր տրամադրութիւննէր ունէին մեր մանուկ Հանրապետութեան հանդէպ: Բայց, կ’ըսէին, Յ. Սաղաթէլեանը ո՛չ միայն չէր օգտուած առիթէն եւ խոշոր գումար մը չէր հաւաքած  Հայաստանի համար, այլեւ Հայաստանի աղքատ կառավարութենէն դրամ կը պահանջէր՝ Հիւսիսային Կովկասի մէջ գտնուող հայ գաղթականները պահելու համար: Հայ հարուստները իբր թէ անվստահութեամբ կը վերաբերէին Յ. Սաղաթէլեանին հանդէպ, իսկ հայ աշխատաւորութեան ալ ինքը խորթ էր: Իսկ եթէ երբեմն, ծայրայեղ կարիքէ դրդուած, Յ. Սաղաթէլեան փորձէր կ’ընէր դրամ ստանալու հասարակութենէն, կը շարունակէին քննադատները, այդ կ’ընէր ողորմութիւն խնդրելու համար, նահապետական ձեւով ու չափով, ինչ որ, հարկաւ, չէր կրնար հեռաւոր չափով իսկ գոհացում տալ եղած կարիքներուն:

Հետաքրքրական է, որ այս քննադատութիւնները ընողները իրենք եւս ոչինչ չէին ըներ՝ եղած կարիքներուն գոհացում տալու համար:

Կը լսուէր ուրիշ քննադատութիւն մը եւս: Հայաստանը կ’ապրէր պարենաւորման չափազանց ծանր տագնապ մը եւ հարկադրուած էր դիմել Ամերիկա՝ հաց ստանալու համար: Մինչդեռ Կուբանի նահանգը, որ ցորենի հսկայական պաշար ունէր այդ օրերուն, որովհետեւ իրեն համար փակուած էր, կրնար բաւականաչափ հաց հայթայթել սովահար Հայաստանին, եթէ Յ. Սաղաթէլեան աւելի ուշիմ, աւելի գործունեայ եւ աւելի իր գործին տէր մէկը ըլլար: Սակայն, դարձեալ քննադատողները իրենք եւս ոչինչ կ’ընէին, թէեւ կրնայն շատ բան ընել, եթէ լրջօրէն ուզէին:

Քննադատները կ’ըսէին նաեւ, թէ Վրաստանի կառավարութիւնը, հակառակ որ վրացական գաղութներ չուներ Հիւսիսային Կովկաս ու չափազանց անբարեացկամ, նոյնիսկ թշնամական վերաբերումի առարկայ էր Դենիկինի եւ Կուբանի իշխանութեանց կողմէ, կրցած էր բաւական մեծ քանակութեամբ հաց ստանալ Հիւսիսային Կովկասէն: Իսկ մենք այդ ուղղութեամբ գրեթէ ոչինչ յաջողած էինք ընել, թէեւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ հայկական ստուար եւ բարգաւաճ գաղութներ ունէինք:

Դարձեալ քննադատները կը մոռնային, նախ՝ որ Վրաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի կառավարութենէն անհամեմատ աւելի հարուստ էր եւ իր տրամադրութեան տակ մեծ գումարներ ունէր՝ դուրսը գնումներ ընել կարենալու համար, մինչ Հայաստանի պետական գանձը գրեթէ դատարկ էր: Յետոյ, եթէ Յ. Սաղաթէլեանին կը պակսէր նախաձեռնութեան ոգին կամ գործնական ջիղը, մի՞թէ հայկական ստուար գաղութները բնաւ մեղք չունէին՝ անոր պէտք եղած օգնութիւնը չհասցնելով կամ իրենք չստանձնելով Հայաստանի պարենաւորման գործին նախաձեռնութեամբ:

Արդարութիւնը կը պահանէ յիշել, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, երբ միջոցներ գտաւ ալիւր գնելու, յատուկ մարդիկ ղրկեց Հիւսիսային Կովկաս: Բայց, դժբախտաբար, ուշ էր արդէն: Շուտով Կարմիր Բանակը գրաւեց Հիւսիսային Կովկասը եւ կտրեց ամէն յարաբերութիւն Հայաստանի հետ:

Յատկանշական է, որ Յ. Սաղաթէլեանը քննադատողներուն մէջ էին  հասարակական յայտնի դէմքեր, նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնեաներ, ինչպէս էր, օրինակ, Նոր Նախիջեւանի մեր հիւպատոս ոչ Դաշնակցական Գ. Չալխուշեանը:

Երբ Ռոստով կը գտնուէի, մասնաւոր գործով մը գացի Գ. Չալխուշեանի մօտ: Թէեւ գրեթէ առաջին անգամ կը տեսնէի զայն, բայց այդ արգելք չեղաւ, որ ան իսկոյն սկսէր երկարօրէն գանգատիլ Յ. Սաղաթելեանէն: Եւ, փոխանակ օգնելու անոր եւ գործակցելու հետը Հայաստանի Հանրապետութեան համար, կ’աշխատի միայն պատահական այցելուներուն առջեւ վարկաբեկել իր պետը: Իր ամէն մէկ գանգատին հետ, ան կարծես կ’ուզէր ըսել. «Եթէ Սաղաթէլեանը կարող է դեսպան լինել, ես ինչո՞վ եմ պակաս անկից»:

Հետաքրքրական է, որ ո՛չ միայն Հիւսիսային Կովկասի, այեւ Հայաստանի մէջ շատ մը ուրիշ հայ մտաւորականներ եւս հետագային նման քայքայիչ մտայնութիւններ ցոյց կու տային, երբ հետս կը խօսէին Հայաստանի Հանրապետութեան պետական բարձր պաշտօնեաներու եւ, մանաւանդ, նախարարներու մասին: