Բաքվում 13 հազար մահմեդականներ՝ հայերի ապաստանի տակ. 1918թ մարտ

941

Հատուած Ռուբէն Դարբինեանի ԿԵԱՆՔԻՍ ԳԻՐՔԷՆ հատորէն, Ա. հատոր, էջ 242-246

Մարտ 17ի երեկոյեան, Բագուի Քաղաքային Դումայի (Խորհրդարանի) նիստին մէջ էինք քաղաքի հայ, թուրք եւ ռուս երեսփոխաններս, երբ յանկարծ որոշապէս լսեցինք հրացանաձգութեան ուժեղ ձայներ, որոնք շատ ալ հեռուէն չէին գար:

Ատենապետը թելադրեց երեսփոխաններէն երկուքին դուրս երթալ եւ ստուգել, թէ ի՞նչ էր տեղի ունեցածը:

Բաւական ժամանակ անցնելէ ետք, գացողները վերադարձան եւ հաղորդեցին հետեւելը.-

Հրացանաձգութիւնը սկսել էր Լենքորան երթալու համար շոգենաւ նստած թուրք ատրպէյճանեան զօրամասի մը եւ Կարմիր Գվարդիայի միջեւ, որ ուղարկուած է եղեր Ռազմա-Յեղափոխական Կոմիտէին կողմէ՝ արգիլելու համար թուրք զինվորներուն մեկնումը: Թուրք զինուորները զինուած դիմադրութիւն էին ցոյց տուեր, ուստի՝ Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէն պահանջներ էր, որ թրքական զօրամասը զինաթափ ըլլայ:

Նոյն գիշերն իսկ մեր Ազգային Խորհուրդը արտակարգ նիստ ունեցաւ եւ որոշեց՝

ա) ազդել երկու կողմերուն վրայ ալ, որպէսզի նոր բախումներ տեղի չունենան.

բ) յայտնել երկու կողմերուն եւս, որ եթէ անոնք վերսկսին կռիւը, Հայոց Ազգային Խորհուրդը պիտի չօգնէ անոնցմէ ոեւէ մէկուն.

գ) ձեռք առնել ինքնապաշտպանութեան բոլոր միջոցները, որպէսզի, կռուի վերսկսման պարագային, հայ բնակչութիւնը չտուժէ:

Այս մասին հաղորդուեցաւ երկու կողմերուն ալ:

Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէն պատասխանեց, թէ ինք որեւէ զիջում պիտի չընէ թուրքերուն, եւ թէ՝ որեւէ յոյս չի դներ մեր աջակցութեան վրայ: Մինչդեռ թուրքերը աւելի զիջող էին եւ տեղի տուին զէնքերը ետ պահանջելու խնդրին մէջ:

Ատկէ ետք, մեր Ազգային Խորհուրդին ներկայացուցիչները թրքական (Մուսաւաթ) կոմիտէի անդամներուն եւ Քաղաքային Դումայի երեսփոխաններուն եւ Քաղաքային Դումայի երեսփոխաններուն հետ գացին մինչեւ շոգենաւ եւ ջանացին խաղաղեցնել մտքերը:

Սակայն, յաջորդ առտու, թուրքերը իրենց թաղամասերուն մէջ բազմամարդ միթինկներ էին կազմակերպած եւ այդ միթինկներուն մէջ անցուցած էին բանաձեւեր, որոնցմով վերջնագիր կը ներկայացնէին Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէին, մինչեւ երեկոյան ժամը 6 ետ դարձնելու թուրք զօրամասէն գրաւուած զէնքերը:

Իմանալով այդ մասին՝ մեր Ազգային Խորհուրդը կրկին արտակարգ նիստ  գումարեց եւ որոշեց նոր դիմում մը կատարել երկու կողմերուն ալ:

Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէին հետ պիտի խօսէին Սարգիս Արարատեանը եւ Նարիման Տէր Ղազարեանը: Իսկ թուրք ղեկավարներուն հետ խօսելու պարտականութիւնը դրուեցաւ բժ. Լեւոն Աթաբէկեանի, բժ. Տիգրան Իսահակեանի, Հ. Տէր Միքայէլեանի եւ իմ վրայ:

Սակայն, մինչեւ որ մենք հաւաքուեցանք եւ հեռախօսով դեղանք թուրք ղեկավարներուն հետ տեսնելու Մետրոպոլ պանդոկին մէջ, կռիւը քաղաքի գրեթէ բոլոր մասերուն մէջ վերսկսաւ բաւականին զօրաւոր: Այսուհանդերձ, որոշեցինք երթալ եւ խօսիլ թուրք ղեկավարներուն հետ:

էջ 244

Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէն ետ էր մղած թուրքերուն պահանջը վերադարձնելու իրենց զէնքերը եւ կռիւ վերսկսած էր, նախ՝ Շամախինկա թրքական թաղին մէջ, ուր թուրքերը յարձակում էին գործած Կարմիր Գվարդիայի մէկ խումբին վրայ եւ սպաննած քանի մը հոգի այդ խումբէն: Այնուհետեւ կռիւը տարերային կերպով մը տարածուած էր ամբողջ քաղաքին մէջ: Շուտով սկսած էին կրակել նաեւ թնդանօթները Կասպից ծովի ռազմանաւերէն:

Կասպից ծովի նաւատորմը ենթակայ էր Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէի հրամաններուն: Կոմիտէն բաղկացած էր ռուս յեղափոխականներէ, որոնք մեծ մասամբ Սոցիալիս-Յեղափոխական կուսակցութեան անդամներ էին եւ բարեկամ մեզի: Մեր Ազգային Խորհուրդի անդամ բժ. Լեւոն Աթաբէկեանը եւ Սարգիս Արարատեանը սերտ կապեր կը պահէին անոնց հետ եւ մենք անոնց միջոցով կը յարաբերեինք այդ մարմնի հետ, որ շատ կարեւոր, եթէ չըսեմ՝ բախտորոշ դեր կատարեց Բագուի դէպքերու ընթացքին:

Մարտ 19ի առաւօտեան դէմ՝ պատերազմական գործողութիւնները չափազանց սաստկացան: Մեր զօրքերը յարձակողականի անցան եւ սկսան մի առ մի գրաւել թուրքերուն դիրքերը:

Կէսօրուան մօտ էր, երբ Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէն վերջնագիր ուղարկեց թուրքերուն՝ անձնատուր ըլլալու:

Մենք պաշտօնապէս բարւոք համարեցինք մնալ չէզոք դիրքի վրայ եւ գործել Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէի միջոցով:

Նոյն օրը, իրիկուան ժամը 8ին, թուրքերը իրենց պաշտօնական համաձայնութիւնը տուին ընդունելու Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէի առաջարկած հաշտութեան բոլոր պայմանները:

Ժամանակի մը համար յանկարծ երկու կողմերն ալ դադրեցուցին հրացանաձգութիւնը: Եւ մեր աչքերուն առջեւ պարզուեցաւ զարմանալի տեսարան մը: Թրքական քաղաքամասէն, որ ամբողջապէս ծածկուած էր թանձր ծուխով, սկսան աստիճանաբար դուրս սողոսկիլ կիներ, երեխաներ, երիտասարդ եւ ծեր մարդիկ, ամէն մէկը ձեռքին բռնած փայտի կտոր մը, վրան անցուցած ճերմակ լաթ մը, ի նշան հնազանդութեան:

Այս կերպով թրքական ամբողջ քաղաքամասին ժողովուրդը դուրս եկաւ փողոց՝ յայտնելու իր հնազանդութիւնը:

էջ 245

Մեր զինուորները, աւելի եւս խրախուսելու համար անոնց անձնատւութիւնը, շարժեցան դէպի առաջ, դէպի թրքական քաղաքամասը՝ պատռելով հայերը եւ թուրքերը բաժանող շղթան: Ու սկսան իրարու խառնուիլ հայեր եւ թուրքեր, որոնք դեռ քանի մը ժամ առաջ զիրար կը կոտորէին: Լացի, արտասուքի, համբոյրներու եւ հառաչի ձայները փոխարինեցին երէկուան հրացանաձգութիւնները:

Երբ թուրքերը իրենց պաշտօնական ներկայացուցիչները ղրկեցին Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէի պաշտօնատեղին՝ հաշտութեան պայմանները ստորագրելու համար, մեր Ազգային Խորհուրդը եւս ղրկեց իր ներկայացուցիչները՝ աջակցելու համար ժողովուրդի խաղաղեցման գործին:

Թէեւ կնքուեցաւ հաշտութիւնը, բայց, դժբախտաբար, պատերազմական գործողութիւնները շարունակուեցան ո՛չ միայն Մարտ 19ի գիշերը, այլեւ Մարտ 20ի ամբողջ օրը, մինչեւ Մարտ 21ի առաւօտը:

Ակներեւ էր, որ հնարաւոր չէր եղած անհրաժեշտ արագութեամբ ամբողջ ժողովուրդին լուր տալ հաշտութեան կնքման մասին: Անտարակոյս, որոշ դեր ալ կատարած էր այն պարագան, որ կիրքերը չափազանց գրգռւած էին եւ դժուար էր ստիպել անկարգապահ զինուորներուն, որ անմիջապէս դադարեցնեն կրակը:

Այդ պատճառով Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէն կազմակերպեց քանի մը հաշտարար խառն պատգամաւորութիւններ, որոնց կը մասնակցէին նաեւ մեր Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ ծանուցանելու համար հաշտութեան կնքման մասին եւ խաղաղեցնելու համար ժողովուրդը ամէն կողմ: Այդ պատգամաւորութիւններէն մէկուն կը մասնակցէր նաեւ մեր ներկայացուցիչ բժ. Լեւոն Աթաբէկեանը, որ դաւաճան գնդակներու զոհ գնաց ռուս Սոցիալիստ-Յեղափոխական Դենեժինի եւ թուրք Սէյիդի մը հետ միասին:

Կացութեան ծայրահեղ լրջութիւնը նկատի առնելով՝ մեր Ազգային Խորհուրդը որոշեց ուրիշ արտակարգ միջոցներ եւս ձեռք առնել՝ դադարեցնելու համար ընդհատուող հրացանաձգութիւնը, թալանը եւ անիշխանութիւնը: Այդ նպատակով՝ ան իր զօրամասերուն հրաման տուաւ շղթայ կազմել ամբողջ հայկական քաղաքամասին շուրջը: Միաժամանակ համաձայնութեան եկաւ նաեւ Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէի հետ՝ միացեալ ուժերով կռուելու քաղաքին մէջ տիրող թալանի եւ անիշխանութեան դէմ:

Այդ կերպով էր միայն, որ Մարտ 23ին, ցերեկուան ժամը մէկին մօտ, կարելի եղաւ դադրեցնել հրացանաձգութիւնը, քիչ ետքն ալ թալանը:

էջ 246

Բագուի կռիւներուն սկիզբէն, մեր Ազգային խորհուրդը վճռական միջոցներ ձեռք առաւ՝ իր պաշտպանութեան տակ առնելու համար հայկական քաղաքամասին մէջ ապրող թուրքերուն կեանքը եւ գոյքը: Եւ որպէսզի անոնք զինուած հայ ամբոխին զոհ չդառնային, մեր Ազգային Խորհուրդը, Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործօն աջակցութեամբ, որոշեց զանոնք իր հովհանավորութեան տակ առնել:

Այդ նպատակով յատուկ խնամատար կոմիսար նշանակուեցաւ Դաւիթ Անանունը, որուն վրայ պարտականութիւն դրուեցաւ հաւաքել մահմետականները (թուրք, պարսիկ, լեռնական) որոշ հանրակացարաններու մէջ՝ աւելի դիւրութեամբ զանոնք պաշտպանել կարենալու համար:

Գաղափար մը տալու համար այն մասին, թէ ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս պատսպարուեցան մեր պաշտպանութեան ապաւնիած մահմեդականները, աւելորդ չեմ նկատեր տալ հետեւեալ հետաքրքրական մանրամասնութիւնները:

Այսպէս, Մայիլեաններու թատրոնին մէջ տեղաւորուած էին 3500 մահմետականներ, որոնցմէ 700ը պարսկահպատակ թուրքեր,

Ռէկորդ թատրոնի մէջ՝ 2690,

Ռամզէյ թատրոնի մէջ՝ 579,

Եֆիմովի կրկէս-թատրոնի մէջ՝ 800,

Միրանովի բաղնիքին մէջ՝ 306,

Մոսկովեան բաղնիքին մէջ՝ 263,

Երրորդ Գիմնազիայի շէնքին մէջ՝ 201,

Քաղաքային սայլանոցին մէջ՝ 2530,

Եւ շարք մը՝ ուրիշ տուներու մէջ,

Ընդամէնը՝ 11, 726 հոգի:

Բացի ատոնցմէ, հայերու մասնաւոր տուներուն մէջ ապաստան էին գտած մօտ 1500 մահմետականներ:

Ուրեմն, ընդամէնը՝ աւելի քան 13,000 մահմետականներ մեր պաշտպանութեան տակ էին մտած:

Բնական է, որ բոլորին ալ ըստ կարելւոյն սնունդ եւ բժշկական օգնութիւն կը տրուէին:

Ասոնց մեծ մասին կեանքը փրկած էին մեր լավագոյն մարտիկները եւ կուսակցական գործիչները՝ յաճախ իրենց կեանքը վտանգելով:

Երբ խաղաութիւնը վերականգնուեցաւ, Բագուի պարսից հիւպատոսը մեզի հետ սկսաւ բանակցիլ՝ պարսկահպատակ թուրքերը Պարսկաստան փոխադրելու համար: Ռազմա-Յեղափոխական կոմիտէն ալ նաւ մը տրամադրեց՝ զանոնք Պարսկաստան տանելու համար: