Ես Kамаз Պիտի Չնուիրեմ, եւ Գործերս Պիտի յաջողին

620

Նամակ երկրէն

Լուրերէն լսեցի, որ քաղաքապետարանը Kamaz բեռնատար մեքենաներ ստացած է որոշ գործարար մարդոցմէ եւ փոխարէնը` շինարարական թոյլտւութիւններ տուած է անոնց: Գործով ամերիկեան շրջապտոյտի մէջ եմ եւ այս մասին շատ տեղեկութիւն չունիմ, լրահոսէն կտրուած եմ, բայց եթէ ճիշդ է լուրը, ակնկալեցէք բողոքի եւ դժգոհութեան մեծ ալիք: Սխալ մի հասկնաք, ես դէմ չեմ քաղաքին տրուած նուէրներուն, այնքան ատեն որ անոնք կը ծառայեն հանրութեան եւ Երեւանի բնակիչներուն, օրինակ՝ Կոնգրէս հիւրանոցի դիմացի այգին, որ Երեւանին տրուած գեղեցիկ նուէր մըն է: Բայց եթէ նուէրներուն դիմաց քաղաքապետարանը արտօնութիւններ եւ իրաւասութիւններ կու տայ նուիրատուներուն, սա արդէն կոռուպցիա հոտող գործարք է, նոյնիսկ երբ քաղաքապետարանի մէջ աշխատող անհատ մարդիկ անձնական օգուտ չեն ստանար այդ նուէրներէն:

Այս տեսակի գործարքներէն բողոքելու եւ դժգոհելու իրաւունք ունին բոլոր երեւանցիները: Բողոքերու եւ դժգոհելու իրաւունք ունիմ նամանաւանդ ես: 8 ամիսէ ի վեր, քաղաքապետարանի մէկ գրասենեակէն միւսը կը վազվզեմ՝ շինարարական մեր ծրագիրներուն համար հողերու արքուվաճառքի ու սեփականաշնորհման խնդիրներ լուծելու: 8 ամիս վազվզուք, ժամանակի ահաւոր վատնում, ներվերու եւ գումարային կորուստներ եւ դիմացը՝ կրիայի քայլերով յառաջացող թղթաբանութիւն: Որքան այցելեմ պետական գրասենեակներ, այդքան աւելի կը յայտնուիմ օրէնքի պահանջած թղթաբանական մղձաւանջին մէջ: Ամէն ինչ օրէնքով կ’ուզենք ընել, իսկ օրէնքը միայն մեր դէմ կ’աշխատի: Խնդիրներու արագ լուծման համար հին ու փորձառու պաշտօնեաներէն կ’ակնկալես, որ ճիշդ ուղղորդում եւ գիտելիք տան քեզի, բայց հակառակն է, որ կը պատահի: «Օրէնքը էս ա պահանջում կ’ըսեն», ու թղթաբանութեան դոզան (dosage) քիչ մըն ալ կ’աւելցնեն: Ծանօթներէս մէկուն ըսածին պէս՝ «առաջ մեզ կաշառքով էին խեղդում, հիմի՝ օրէնքով ու թղթաբանութեամբ…»:

Այո՛, ամէն ինչ օրէնքով, բայց ոչ՝ սրտի կաթուած ունենալու աստիճան բարդ ու դժուար թղթաբանութեամբ: Անցեալին, օրէնքները այնպէս գրուած էին, որ ստիպուած մարդիկ կաշառք տան եւ գործերնին քալեցնեն: Ո՛չ անցեալի կաշառքն էր օգտակար, ոչ ալ նոյն կաշառակերներուն գրած օրէնքները: Եղբայր, սիրելի յեղափոխական ընկերներ, շարժեցէք յեղափոխականի տրամադրութեամբ, այդ հին օրէնքներու փաթեթները ծալլեցէք, մեծ թղթածրար մը կազմեցէք ու կլեցուցէք բոլոր անոնց, որոնք այդ յիմարաբանութիւնները գրելու համար աշխատավարձ ստացած են պետութենէն, եւ յետոյ՝ բոլորին տուն ղրկեցէք: Մշակեցէք պարզ, դիւրին, թուայնացուած համակարգով հեշտօրէն գործադրուող եւ ղեկավարուող օրէնքներ:

Իսկ ամէնէն կարեւորը, օրէնքը պարտադիր դարձուցէք բոլորին համար: Kamaz նուիրելու կարողութիւնը ունեցող գործարարին եւ հանապազօրեայ հացը հազիւ ճարող սովորական քաղաքացիին համար: Այդ ատեն, հաւատացէք, քաղաքապետարանը իր քաղաքացիներէն շատ աւելին կը ստանայ, քան անկուշտ եւ ագահ գործարարներու նուիրած մի քանի Kamaz-ները:

Եւ վերջապէս, ըսեմ, որ ես Kamaz նուիրող չեմ, Kamaz ուզող ալ չեղաւ ինծմէ: Ես համբերութեամբ պիտի աշխատիմ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն հետ, որ կրիայի դանդաղութեամբ առաջ գացող գործերս քիչ մը աւելի արագ քալեն: Ու պիտի քալեն, հին թէ նոր օրէնքներով, կարեւոր չէ արդէն: Ու ամէն օր պիտի քարոզեմ, պոռամ, կանչեմ՝ եղբայրներ եւ քոյրեր, եկէք այս բարդ օրէնքները փոխենք, հեշտացնենք, արդիականացնենք, որպէսզի սովորական քաղաքացիները չտառապին, Kamaz նուիրողները առիթէն չօգտուին, եւ քաղաքապետարաններն ալ խայտառակ իրավիճակներու մէջ չյայտնուին:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի
rafdoud@aol.com