«Թուֆէնքեան հիմնադրամ»ը՝ Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցուած Հակ գիւղում

943

Արցախի մուտքին, անցագրերու ստուգման կէտէն առաջ, եթէ ձախ թեքուիք եւ շարունակէք հողէ ճանապարհով, մօտ մէկ ժամ քշելէ ետք կը հասնիք Հակ գիւղը։

Պատմական այս գիւղը Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցուած համայնքներէն մէկն է։

Հակը Քաշաթաղի այն քիչ գիւղերէն էր, որ մնացած էր հայկական՝ մինչեւ 1918 թուականը, դիմադրելով բռնի հայաթափման բոլոր փորձերուն։

1918ին, նորաստեղծ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան «ասկեար»ները յաջողեցան հեռացնել Հակի հայերը իրենց պապենական բնակավայրէն եւ յետագային շրջանը կցուեցաւ Խորհրդային Ատրպէյճանին։

Հակը ազատագրուեցաւ 75 տարի յետոյ եւ այսօր Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղ Վարչական շրջանի գիւղերէն մէկն է։

«Թուֆէնքեան հիմնադրամ»ը անցեալին նորոգած է Հակի Սբ. Մինաս եկեղեցին, տուներ տուած է վերաբնակողներու, «Հայրենասէր» կազմակերպութեան հետ հիմնովին նորոգած է գիւղի դպրոցը, փեթակներ բաժնած է գիւղացիներուն։

Շուտով գիւղը պիտի ունենայ նաեւ իր գիւղապետարանը։ Այս աւերակները պիտի դառնան գիւղապետարան, ուր համայնքի ղեկավարները լուծումներ պիտի տան գիւղացիներու խնդիրներուն եւ ուրկէ պիտի ղեկավարուի պատմականօրէն շատ հին, բայց այսօր նորոգուող հայկական փոքրիկ այս գիւղը…

Րաֆֆի Տուտագլեան