Նորէն «օտար ուժերով» վախցնելու փորձեր, այս անգամ Լիբանանի մէջ

744

Բոլորը գիտեն, որ լիբանանեան քաղաքական բեմի բոլոր դերակատարները օտար, արտասահմանեան հովանաւորներ ունեցած են եւ ունին այսօր։ Կազմակերպութիւններէն մէկը շիի իսլամ երկրի մը ամբողջական հովանաւորութիւնը կը վայելէ, իսլամական այլ խմբաւորումներ սիւննի պետութիւններէ կը հովանաւորուին, Լիբանանի մօտիկ կամ հեռու հարեւան երկիրները տարիներ շարունակ երկրին մէջ իրենց ացդեցութիւնը կը պահեն այս կամ այն լիբանանեան ուժին կամ կրօնական համայնքին միջոցով։

Լիբանանի իշխանական եւ ընդդիմադիր բոլոր ուժերը անխտիր՝ օտար երկրի մը կամ կազմակերպութեան մը ուղղակի կամ անուղղակի հովանաւորութեան տակ են։ Սա գաղտնիք չէ, լիբանանցի 10 տարեկան երեխան ալ գիտէ, թէ ո՞վ է այս կամ այն կուսակցութեան, այս կամ այն կազմակերպութեան արտասահմանեան «տէր»ը։

Այսօր, սակայն, առաջին անգամ ըլլալով, Լիբանանի ժողովուրդը ինքնաբուխ եւ ինքնակամ, փողոց իջած է ու կը պոռթկայ երկրի մէջ տիրող ընկերատնտեսական ահաւոր վատ վիճակին, հովանաւորչութեան, կոռուպցիային, թալանին եւ օտար պետութիւններու ծառայող ուժերու քաղաքական արեւելումներուն ու կրօնական-համայնքային բաժանումներուն դէմ։

Եւ հիմա, աննախընթաց այս ժողովրդային պոռթկումին ի տես, դասական բոլոր ուժերը, կրօնական եւ քաղաքական ղեկավարները՝ կա՛մ սահմռկած են, շուարած ու անճռկած, կամ ալ շողոքորթողի խօսքերով կ՚ուզեն ժողովրդամէտ ու ցուցարարներու աջակից երեւիլ։

Իսկ ծիծաղելին այն է, որ դասական քաղաքական ուժերէն ոմանք, մոռնալով իրենց արտաքին կապերն ու ազդեցութիւնները, սկսած են միլիոնաւոր ցուցարարները ամբաստանել «օտար ուժեր»էն ղեկավարուելու յանցանքով։ Ու դարձեալ Սորոս, ու նորէն արեւմուտք, ու Ամերիկա, ու համաշխարհային սիոնիզմ…
Այս դասական ուժերը մեզի կ՚ըսեն, որ ժողովուրդի պոռթկումին ետին կանգնողները արտաքին խառնակիչներն են, այ միամիտներ, որոնք կ՚ուզեն երկիրը քար ու քանդ ընել եւ համաշխարհային սորոսիզմի իտէալները իրականութիւն դարձնել։ Հասկցա՞ք հիմա…

Հա, հասկցանք, ի՞նչ կապ ունի, ջանըմ, կոռուպցիան, թալանը, ու արտաքին կապերով առաջնորդուող իշխանական ուժերու բացառիկ ապիկարութիւնը համաժողովրդային պոռթկումին, համալիբանանեան բողոքի ցոյցերուն հետ։ Տրամաբանական կապ կա՞յ օրէ օր աղքատացող լիբանանցի բողոքող քաղաքացիին եւ անյագ ու անկուշտ, երկիրը վայրագօրէն կողոպտող քաղաքական ղեկավարներու ձախողութիւններուն միջեւ… Ի՞նչ անտրամաբանական լոլոներ կը կարդան մեզի այս ցնորամիտ ցուցարարները, ինչպէ՞ս չենք տեսներ սորոսները այս խաբուածներու ետին։

Բայց տրամաբանութիւնը, իրապէս, ի՞նչ գործ ունի լիբանանեան քաղաքական էլիտային հետ։ Քաղաքական վերնախաւ մը, որուն միակ տրամաբանական քայլը եղած է օտար երկիրներու շահերուն ծառայելով՝ սեփական շահերու երաշխաւորումը, եւ այս պայմանաւորուածութիւնը իբրեւ ազգային համաձայնութիւն կլլեցնելը երկրի բազմաշերտ ու բազմակրօն ժողովուրդին։

Եւ հիմա ասոնք օտար ուժերու եւ սորոսներու մասին ահազանգ կը հնչեցնեն։ Յիմարներու խմբակներ ալ, ի հարկէ, պիտի հաւատան այս ահազանգերուն եւ անմիջապէս թշնամիներ պիտի յայտնաբերէն ժողովուրդին մէջ։

Սխալ չհասկցուինք, Լիբանանի մէջ թէ այլուր, արտաքին ուժեր միշտ ալ փորձած են օգտուիլ ներքին տագնապներէն։ Իսկ հիմա եկէք մէյ մը մենք մեզի հարց տանք, լիբանանեան ո՞ր ուժերն են, իրապէս, օտար երկիրներու ծառայողները. դեղին, կանաչ, նարնջագոյն, կապոյտ ու սպիտակ դրօշակ պարզողնե՞րը, թէ՞ այս օրերուն՝ բոլոր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ լիբանանեան դրօշները հպարտօրէն ծածանեցնող քաղաքացիները…

Րաֆֆի Տուտագլեան