Յուշամատեան Անկախութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1921 թթ. Պետական Գործիչները, Մայքլ Բաբայեան, (Երեւան` 2019)
Քերոբ Էքիզեան
Այս տարուան Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ մեծարժէք հրատարակութիւն մը՝ երիտասարդ պատմաբան Մայքլ Բաբայեանի աշխատասիրութեամբ։ Գիրքին խորագիրն է՝ «Յուշամատեան Անկախութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1921 թթ. Պետական Գործիչները», որ նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման պանծալի 100ամեակին։
Անիկա 450 մեծադիր էջէրով, ընտիր թուղթով եւ խնամուած տպագրութեամբ տպաւորիչ ալպոմ մըն է, որուն մէջ տեղ գտած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտած 176 պետական գործիչներու մասին տեղեկութիւններ՝ լուսանկարներու հարուստ եւ աննախընդաց բովանդակութեամբ, որոնց ամենամեծ բաժինը առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ հայաշխարհին մէջ։
Յառաջաբանին մէջ, գիրքի հեղինակը կը նշէ, թէ յուշամատեանը պատրաստելու համար, ան 2017-2019 տարիներուն ընթացքին, մեծածաւալ որոնողական աշխատանք կատարած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ։ Բազմաթիւ մարդոց անձնական եւ ընտանեկան արխիւներէն, տարբեր պետութիւններու, հաստատութիւններու, համալսարաններու, հայկական գիտական եւ կրթամշակութային հաստատութիւններու արխիւներէն ձեռք բերուած են հազարաւոր նիւթեր եւ լուսանկարներ, իրենց բնօրինակներով կամ թուայնացած վիճակին մէջ, որոնք առաջին անգամ կը հրամցուին հայ եւ օտար հասարակութեան։
Ինչպէս Մ. Բաբայեան կը շեշտէ, նիւթերու հայթայթման համար անուրանալի ներդրում ունեցած են 1918-1921 տարիներուն Հայաստանի պետական գործիչներու ժառանգները, որոնք իրենց մօտ պահուած նիւթերը եւ լուսանկարները տրամադրած են ամէնայն ոգեւորութեամբ, որպէսզի սոյն հրատարակութեան միջոցով յաւերժացուի յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք ոչինչէն ստեղծեցին Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Գիրքը բաղկացած է երկու գլխաւոր մասերէ՝ Կառավարութիւն եւ Խորհրդարան, որոնց ստորաբաժանումներուն մէջ ընթերցողը կը գտնէ անկախ Հանրապետութեան հիմնադիր այրերուն եւ խոնարհ հերոսներուն լուսանկարներն ու հակիրճ կենսագրականները՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Գիրքը լան տեղ կու տայ պետութեան առաջնակարգ դէմքերուն՝ վարչապետներուն, նախարարներուն եւ փոխնախարարներուն, նահանգապետներուն, Երեւանի քաղաքապետներուն, խորհրդարանի նախագահներուն, աւագ եւ կրտսեր քարտուղարներուն եւ պատմագամաւորներուն։
Վերջին բաժինը կ՚ընդգրկէ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ պետական համակարգի (ոստիկանութիւն, պետական դրամատուն, երկաթուղի) պատասխանատուներու լուսանկարները։ Երկու խօսքով, տեղ տրուած է այն բոլոր անձնաւորութիւններուն, որոնք հայոց պետականութեան հիմը դրին եւ երկու ու կէս տարիներու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը կառավարեցին գործադիր եւ օրէնսդրական ատեաններէն։
***
Մեծ գնահատանքով կարելի է արտայայտուիլ գիրքին ու հեղինակին մասին։
Մայքլ Բաբայեան հազիւ իր կեանքի երրորդ տասնամեակի կիսուն գտնուելով, տարած է այնպիսի աշխատանք մը, որ վստահաբար ուսումնագիտական եւ մասնագիտական մեծ խումբի մը աշխատանքի համազօր պէտք է զայն համարել։
Իր անձնական միջոցներով, անվերջ եւ յամառ պրպտումներուն շնորհիւ, ան կարողացաւ իր տրամադրութեան տակ ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական այրերու այնպիսի լուսանկարներ եւ նիւթեր, որոնք ընթերցողի երեւակայութեան աշխարհէն անդին կ՚երթան եւ որոնց գոյութիւնը անծանօթ էր տասնամեակներու ընթացքին։
Իր պրպտումներու կարեւոր աղբիւրներէն հանդիսացած են Երեւանի մէջ Հ.Յ.Դ. Պատմութեան թանգարանը, Պոսթընի մէջ Հ.Յ.Դ. Արխիւներու հաստատութիւնը եւ Պէյրութի մէջ «Համազգային»ի արխիւը, որոնց հարուստ հաւաքածոյէն լուսանկարներ տեղ գտած են հրատարակութեան մէջ։
Մայքլ Բաբայեան նոյնիսկ կարողացած է Մոսկուայի, Սանքտ Փեթերպուրկի, Թորպատի, Օտէսայի եւ Քիէւի քաղաքային արխիւներէն ձեռք բերել յայտնի գործիչներու ուսանողական աշխատանքները եւ այդ տարիներու բացառիկ ուսանողական լուսանկարները, որոնք առաջին անգամ լոյս կը տեսնեն յուշամատեանին միջոցով։ Առաւել, ան Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ եւ այլ երկիրներու արխիւներուն մէջ գտած է նիւթեր ու անոնց մէկ բաժինը ամփոփած է յուշամատեանին մէջ։
Դիւրին չէ մօտ 180 պետական, կուսակցական եւ ազգային գործիչներու մասին լուսանկարներ եւ նիւթեր հաւաքելու աշխատանքը։ Անցեալին, հայ ազատագրական պայքարի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած, մասնաւորապէս դաշնակցական եւ այլ պետական ու կուսակցական անձնաւորութիւններու մասին ծանօթ լուսանկարներ հրատարակուած էին զանազան պատմական ու ուսումնասիրական աշխատութիւններու մէջ։
Սակայն, Մայքլ Բաբայեանի կատարած աշխատանքը բարձր եւ բացառիկ արժէք կը ստանայ, որովհետեւ իր անձնական ճիքերով նախ մէջտեղ բերած է այդ գործիչներու յաճախ մոռացութեան ու անյայտութեան մէջ մատնուած ժառանգները, ապա անոնցմէ ապահոված է փաստաթուղթերու եւ լուսանկարներու այդպիսի հարուստ եւ թանկագին շտեմարան մը, որ հազարներու հասնող թիւ մը կը կազմէ անոր պարունակութիւնը։
Պէտք է նշել թէ Համօ Օհանջանեանի, Ռուբէն Դարբինեանի (Արտաշէս Չիլինգարեան) եւ Արմէն Գարոյի (Գարեգին Փաստրմաճեան) ընտանեկան արխիւներու բնօրինակները հեղինակը արդէն նուիրած է Հ.Յ.Դ. Պատմութեան թանգարանին, որպէսզի իրենց արժանի տեղը գտնեն հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան նշանակալից հանգրուանները յաւերժացնող այս կարեւոր հաստատութեան մէջ։
***
Այսօր, Յուշամատեանը Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական արժէքը ներկայացնող ուշագրաւ հրատարակութիւններէն մէկն է։ Հայաստանը կերտած հերոսներուն հազուագիւտ լուսանկարներու ու պատմական փաստաթուղթերու բացառիկ ներկայացումը գնահատանքի արժանի է, զոր երիտասարդ Մայքլ Բաբայեան կատարեց խղճմտութեամբ եւ գիտական մօտեցումով։
Գիրքը հասանելի պէտք է դառնայ մասնաւորապէս Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ նոր սերունդին, որպէս բացառիկ արժէքաւոր աղբիւր մը, նուիրուած՝ այսօրուայ անկախ Հայաստանի հիմնասիւնը հանդիսացող 1918ի Հայաստանի անկախութեան ստեղծման համար անհամար գործիչներու կեանքին ու նուիրական զոհաբերութեան յաւերժացման։
Գիրքը ստանալու համար կարելի է դիմել ֆէյսպուքի (դիմատետրի) էջին՝ «Commemorative Book of Independence: Statesmen of the R. of Armenia 1918-1921»։