Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը․ սեպտեմբեր, 1996թ

1467

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական գիրը յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Ն. Վ. Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, անոր վերընտրութեան առթիվ:

Վսեմաշուք Պրն. Նախագահ,

Անհուն ուրախութեամբ կ’ողջունենք ու ջերմօրեն կը շնորհավորենք Ձեր վերընտրութիւնը, որպէս Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ մեր սիրելի ու պաշտելի հայրենիքին:

Արդարեւ, անցնող հինգ տարիներուն, հակառակ Հայաստանի դիմագրաւած ներքին թէ արտաքին բազմաթիւ ու բազմատեսակ դժուարութիւններուն, կարեւոր իրագործումներ կատարեցիք հայրենաշինութեան նուիրական ճամբուն վրայ: Հայաբնակ մեր ժողովուրդը երբ իր պատմութեան այս վճռական հանգրուանին դարձեալ Ձեզի կը վստահի հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութիւնը ղեկավարելու գերագոյն պատասխանատւութիւնը, վստահ ենք որ զայն պիտի շարունակէք կատարել առաւել նախանձախնդրութեամբ ու յանձնառութեամբ եւ վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով:

Մեր հայրենիքը կը գտնուի նոր մտահոգութիւններու ու մարտահրաւէրներու դիմաց: Ան խիստ կարիքը ունի իր բոլո՛ր զաւակներուն ամբողջական ու անվերապահ աջակցութեան: Մեր սպասումն է որ անցնող շրջանին Ձեր ձեռք ձգած հարուստ փորձառութիւնն ու լայն կարելիութիւնները ի գործ դնելով՝

-Նոր թափ տաք հայրենի մեր ժողովուրդի կեանքին վերելքին՝ մշակութային, տնտեսական ու ընկերային բնագաւառներէն ներս:

– Բազմապատկէք Արցախի հայութեան օգնութեան եւ Արցախի հարցին մնայուն ու արդար լուծում մը գտնելու Ձեր ճիգերը:

– Յատուկ կարեւորութեամբ հետապնդէք Հայաստան-Սփիւռք փոխյարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը ամուր ու առողջ հիմերու վրայ դնելու հրամայական ու կենսական հարցը:

Ձեզի կը վստահեցնենք, Պրն. Նախագահ, որ Ձեր այս ճիգերուն, ինչպէս նաեւ հայրենակերտումի Ձեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Ձեզի հետ է ամբողջականօրէն: Հայաստանի պետութեան ամրացումը, Արցախին հզօրացումը ու մեր ժողովուրդին միասնականութեան խորացումը՝ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առաւել սերտացումով մեր Ս. Աթոռին համար պիտի շարունակէ մնալ հիմնական առաջնահերթութիւն:

Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Ձեզի պարգեւէ քաջառողջ կեանք, ամուր հաւատք ու աննկուն կամք, որպէսզի կարենաք վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակել Ձեր այնքան դժուարին ու նուիրական առաքելութիւնը՝ ի խնդիր մեր հայրենիքին բարգաւաճման ու հզօրացման:

Հայրապետական օրհնութեամբ ու սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

Անթիլիաս, Լիբանան

ՀԱՍԿ, Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր, 1996թ

Լուսանկարը՝ Արմենպրեսի արխիվ