Ռազմիկին երազը իրականութիւն դարձաւ. անակնկալ հրաւէր այցելելու վարչապետի տուն

1130

Նամակ երկրէն

ԱՆԱԿՆԿԱԼ ՀՐԱՒԷՐ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՏՈՒՆ

Գանատայէն ընկերոջս զաւակը կարճ ժամանակուայ համար Հայաստան կ՚այցելէ, իր քրոջ եւ հարազատներուն հետ։ Խելացի եւ զգայուն՝ 24-ամեայ Ռազմիկը, որ ի ծնէ հիւանդութեան պատճառով միշտ սայլակի վրայ է, Հայաստան այցելութեան առիթով մէկ ցանկութիւն յայտնած էր՝ հանդիպիլ վարչապետին եւ իր տիկնոջ՝ Աննա Հակոբեանին եւ լուսանկարուիլ իրենց հետ։ Սա էր իր գերագոյն փափաքը, Հայաստանեան այցելութեան առիթով իր ամենամեծ երազը։

Ռազմիկի երազին մասին գիտէինք, բայց Երեւանի քաղաքական եւ մշակութային եռուզեռը, միջազգային պատուիրակութիւնները, WCIT համաժողովը, պետական հիւրերը, պաշտօնական եւ անպաշտօն միջոցառումները, հայ աստղերու բոյլին ներկայութիւնը ու շատ բաներ անհաւանական կը դարձնէին վարչապետի, տիկնոջ եւ ընտանիքին հետ ոեւէ հանդիպում, պարզապէս որովհետեւ անոնք այնքա՜ն բազմազբաղ էին, որ ամէն օր, ըստ լաւատեղեակներու, շատ յոգնած եւ շատ ուշ ժամերու աշխատանքէ տուն կը վերադառնային…։

Բայց ինչ խօսք, անկարելի էր անտեսել Ռազմիկի երազը եւ այս իսկ պատճառով, վարչապետին եւ Տիկնոջ հետ լուսանկարուելու Ռազմիկի փափաքին մասին տեղեկացուցի Տիկին Հակոբյանին։

– Տիկին Աննա, Ռազմիկը ընդամէնը երկու օր ունի։ Շաբաթ օր մեկնող է, մեծ յոյս ունէր, որ այս այցելութեան առիթ պիտի ունենայ ձեզ տեսնելու եւ իր երազը իրականացնելու՝ լուսանկարուելով վարչապետին եւ ձեր հետ։ Ափսոս որ շատ բազմազբաղ օրեր են, բայց կարելի՞ է գոնէ 5 րոպէ՝ շատ արագ հանդիպիլ ձեզի եւ լուանկարուիլ ձեր երկուսին հետ…», հարցուցի Տիկին Հակոբյանին, բացատրութիւններ տալով Ռազմիկին եւ իր փափաքին մասին։

– Րաֆֆի ջան, շատ բարի, սիրով կը նկարուենք, բայց վարչապետը արդէն պաշտօնական այցով մեկնում է երկրից եւ օդանաւակայանի ճանապարհին է։ Բայց ես տանն եմ, Ռազմիկը թող հիմա գա մեր տուն, երեխեքով սպասում ենք…

Ռազմիկն ու հարազատները չհաւատացին, երբ ըսի, որ Հայաստանի Առաջին Տիկինը մեզ իր տունը կը հրաւիրէ՝ Ռազմիկին հետ ծանօթանալու եւ լուսանկարուելու…

Սայլակ տեղափոխող յատուկ մեքենան կանչեցինք եւ գացինք վարչապետին եւ Տիկին Աննային տունը, թէեւ մինչեւ տան դրան առջեւ հասնիլնիս, ընկերակիցներս դեռ չէին հաւատացած, որ իրապէս կ՚երթանք մեր վարչապետի տուն՝ Տիկին Հակոբյանը տեսնելու…

Մեզ ջերմութեամբ ու մեծ սիրով ընդունեցին Տիկին Աննան եւ իր երկու դուստրերը՝ փոքրիկն Արփին եւ ժպտերես Շուշանը։ Միրգ ու սուրճ հիւրասիրեցին մեզի եւ շատ անմիջական զրուցեցինք բազմաթիւ նիւթերու մասին։ Ռազմիկը հետաքրքրուեցաւ վարչապետի եւ Տիկին Հակոբյանի միւս երկու զաւակներով՝ Մարիամով եւ Արցախի մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող Աշոտով։ Տաքուկ, քաղցր եւ անմիջական մթնոլորտը, Ռազմիկի ուրախութիւնը, Տիկին Հակոբյանի քրոջական գուրգուրանքը, ընտանեկան սէրն ու անկեղծ ժպիտը, Արփիի եւ Շուշանիկի քաղցր ներկայութիւնը ոգեւորեցին եւ խանդավառեցին բոլորս։ Ուրախ էր Ռազմիկը եւ յուզուած, ուրախ էինք մենք եւ այո՛, յուզուած…

Կէս ժամ անցած էր արդէն եւ ոչ ոք չէր ուզեր մեկնիլ վարչապետի բնակավայրէն, թէեւ գիտէինք, որ Տիկին Աննան եւս գործեր ունէր եւ կը պատրաստուէր ճանապարհորդութեան։ Սուրճը ըմպելէ ու Տիկին Աննայի մօր պատրաստած քաղցրաւենիքը համտեսելէ ետք բարի ճանապարհ ու բարի վերադարձ մաղթեցինք իրեն, եւ տաքուկ՝ ընտանեկան հիւրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք վերադարձանք տուն։

Ուրախ էինք եւ հպարտ։ Ուրախ էինք, որ Ռազմիկին երազը, թէկուզ մասնակի, իրականութիւն դարձաւ։ Հպարտ էինք Տիկին Հակոբյանով, իր բարեհամբոյր, բայց միաժամանակ, գանատացի հարազատներուս բառերով՝ իր classy էութեամբ, իր իմաստութեամբ եւ իր սիրալիր վերաբերմունքով։

Հայաստանը, այո՛, հաճելի անակնկալներու երկիր է նաեւ։ Ուրախանալու եւ հպարտանալու երկիր։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com