«Այստեղ Թէ՛ Ելեկտրական, Թէ՛ Յոյսի Լոյս Կայ»

566

Նամակ երկրէն

Վերջերս արտասահմանէն հին ընկեր մը եկած էր այցելութեան։ Յեղափոխութենէն ետք առաջին անգամ Հայաստան կ՚այցելէր եւ դեռ Երեւան ոտք չդրած՝ ամիսներ առաջ իսկ համոզուած էր, որ երկիրը դէպի անդունդ կը գլտորուի… Այդպէս ըսած էին իրեն իր «բանիմաց» ընկերները։ Ամիսներ շարունակ, գրեթէ ամէնօրեայ հերթականութեամբ, կանոնաւոր կերպով, դիմատետրի իր ընկերներէն նիւթեր կը ստանար Հայաստանի աղիտալի վիճակին մասին։ Երբ կը հաւաքուէին համայնքային կեդրոն, միայն սարսափելի, ահաւոր վատ պատմութիւններ կը լսէր Հայաստանի մասին։ Հիմա երկու շաբաթ է Հայաստան էր, Երեւանէն զատ Արցախ եւ այլ շրջաններ գացած էր, եւ կը զարմանար, որ երկիրը ոչ միայն քարուքանդ չէ եղած, այլեւ համակուած է դրական energy-ով։
– Եղբայր, այդքան ալ գէշ չէ եղեր… Հոս չեկած անա՜նկ բաներ կը լսէի, անա՜նկ լուրեր կը ստանայի, որ եանի հեմէն-հեմէն երկիրը ձեռքերնէս պիտի երթայ… Ադրբեջանին եւ գէյերուն պիտի տան։ Ըսի ինչ կ՚լլայ-ինչ չ՚ըլլար, հայրենիքնիս կորսնցնելէն առաջ երթանք մէյ մը տեսնենք… Եկանք տեսանք, ամէն ինչն ալ տեղը տեղին է, աս ի՜նչ սուտեր կը տարածեն կոր դուրսերը…

Համաձայնեցայ, որ ապատեղեկատւութիւնը գլուխը առած սրընթաց կ՚երթայ, բայց դեռ ամէն ինչ կարգին չէ, ըսի, համակարգային արմատական բարեփոխումները աւելի արագ թափով պէտք է ընթանան, դեռ երկար ճամբայ պէտք է անցնին, շատ մտահոգութիւններ ունինք, եւ աւելցուցի.

– Այնպէս չէ, որ մէկ օրէն միւսը երկրի խնդիրները լուծուեցան… Վրան ալ դեռ Լիդիան եւ Ամուլսարի հանքի, Սանիթէք ու աղբի հարցեր ունինք, սա դեռ միայն քու տեսած ու լսածն է, երեւցածն է, դեռ որքա՜ն յայտնի ու անյայտ խնդիրներ կան…

– Աման ջանըմ, այդ զիբիլի խնդիրէն մեր մօտ ալ կայ, հոս գոնէ լուծում կը գտնեն, յոյս կայ որ պիտի մաքրուի… մե՞ր մօտ, եկուր մէյ մը տես ի՛նչ ըսել է զիբիլի հոտ ու նեխածութիւն, ըսաւ Լիբանանէն ժամանած բարեկամս:

Բացատրեցի, որ յեղափոխութենէն յետոյ մարդոց ակնկալութիւնները շատ բարձրացած էին, հիմա անհամբեր են, իրենց բազմաթիւ ու բազմատեսակ հարցերուն լուծում կ՚ուզեն, եւ պահանջատէր ըլլալու ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունին…

– Է մէյ մը մեր քովը թող գան եւ տեսնեն… մեր երկրի պատերազմը 30 տարի առաջ վերջացաւ, բայց դեռ նորմալ լոյս ու ջուր չունինք… անգործութիւնը չի բաւեր կարծես, վրան ալ սղութիւնը երկինք հասած է արդէն… կոռուպցիա՞յ ըսիր, աստեղինները շատ միամիտ են մերիններուն քով… ի՜նչ կըսես կոր, եղբայր, ասոնք մանկապարտէզի մակարդակ են մերիններուն քով… մերինները, բոլորն ալ, կոռուպցիայի համալսարան կրնան բանալ եւ պատուաւոր պրոֆէսօրի տիտղոսով՝ դասախօսութիւն կրնան կարդալ բոլորիդ, ըսաւ լիբանանահայ ընկերս։

Ըսի, որ կապ չունի ըսածը, Հայաստանէն կոռուպցիան պէտք է մէկանգամընդմիշտ անհետանայ, արդարադատութիւնը պէտք է մաքրուի նախորդներու թափթփուքներէն, Սահմանադրութեամբ ճշդուած մարդկային իրաւունքները պէտք է երաշխաւորուին, ընտրութիւնները ազատ եւ արդար պիտի ըլլան։ Զարգանալը այլ ձեւով չ՚ըլլար, սա է մեր պայքարի նպատակը, եզրակացուցի։

– Է՜, դուն ալ մէկ անգամէն շատ եւրոպացի դարձեր ես։ Կամաց կամաց, եղբայր, կամաց կամաց… Հոս դուք այդ արժեքները արդէն լաւ հասկցեր եք, ամէն օր այդ հարցերով կը զբաղիք… եկուր մեր քովը տես, ի՜նչ դատարան, ի՜նչ մարդու իրաւունք, ի՜նչ ընտրութիւն… մեր քով ատանկ բաներ եթէ խօսինք, մարդիկ խենթի, յիմարի տեղ կը դնեն մեզի, ծիծաղելով ըսաւ ընկերս։

Աջէն-ձախէն քիչ մըն ալ խօսեցանք, ցտեսութիւն չ՚ըսած տեղեկացուցի, որ Եւրոպա պիտի մեկնիմ։ Վերադարձէս ետք դարձեալ տեսնուելու առաջարկ ըրաւ։ Չմերժեցի։
Մի քանի օր գործով բացակայեցայ երկրէն։ Զուիցերիա եւ Իտալիա հանդիպումներ ունէի եւ գործնական մի քանի հարցեր տեղւոյն վրայ լուծելու ստիպողութեան տակ էի։ Վերադարձէս ետք, ընկերս դիմատետրով կապի մէջ մտաւ հետս։

– Եկա՞ր արդէն, ինչ լաւ… պէտք է տեսնուինք , կարծիքդ կ՚ուզեմ առնել որոշ հարցերու մասին։

Երեկոյան դարձեալ սուրճի հանդիպեցանք ու եւրոպական շրջապտոյտիս մասին կարճ զրուցելէ ետք, ընկերս ըսաւ.

– Նայէ՛, վրաս մի՛ խնդար, ես հիմա աւելի համոզուած եմ, որ հոստեղը շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Կապ չունի ով վարչապետ է, ով դիմադիր, ով ընդդիմադիր։ Ամէնն ալ այսօր կան, վաղը չկան, բայց մեր Հայաստանը կայ։ Եւ դժբախտաբար նոյնը չեմ կրնար ըսել իմ ծննդավայր երկրիս մասին։ Վատ բան չեմ կրնար ըսել, երկրորդ հայրենիքս է, ի վերջոյ, բայց լոյսը չ՚երեւիր կոր, եղբայր, լոյսը չերեւիր կոր… Մեր բոլորին վերջը հոս է, Հայաստան է. հոս թէ ելեքտրական լոյս կայ, թէ ալ յոյսի լոյս… Որոշեցի ընտանիքով տեղափոխուիլ Հայաստան, ի՞նչ խորհուրդ կուտաս…

Անակնկալի չեկայ, առաջին անգամ չէ, որ նմանօրինակ իրավիճակներու առջեւ կը գտնուէի։ Պատասխանեցի.

– Նայէ, ընկեր ջան, ընտանիքով տուն-տեղ թողել ու նոր երկիր տեղափոխուիլը դիւրին բան չէ։ Երկար խօսելիք ունինք, բայց գիտցիր, որ անկարելի բան չկայ, ամէն ինչ ալ հնարաւոր է։ Կը խօսինք, անպայման կը խօսինք։

Տուն վերադարձիս, միտքս եկաւ Հայաստանի Միգրացիոն Ծառայութեան պետ Արմէն Ղազարեանի եւ Սփիւռքի Հարցերով Յանձնակատար Զարէհ Սինանեանի հետ զրոյցներս՝ հայրենադարձութեան խիստ կարեւոր նիւթին շուրջ։

Այս մասին՝ յաջորդ նամակով։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com