Ամուլսար. Յստակ եւ Քաջ Կեցուածք

580

Ամուլսարի հանքը բնապահպանական լուրջ խնդիր ըլլալու կողքին, ընկերատնտեսական եւ քաղաքական խնդիր է։
Քաղաքական բոլոր ուժերը, կազմակերպութիւնները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է ՅՍՏԱԿ ԿԵՑՈՒԱԾՔ արտայայտեն այս ամենալուրջ խնդրին վերաբերեալ.

Հայրենի բնութեան քայքայման եւ բնակչութեան առողջապահութեան սպառնացող վտանգի բացայայտ առկայութեան, հանքը նաեւ հայրենի ընդերքի հարստութեան շահագործումն է արտասահմանեան մասնաւոր դրամագլուխով։ Սպասուող միլիարդներու եկամուտին մեծ մասը պիտի արտահանուի երկրէն։ Հայ աշխատաւորի քրտինքը պիտի վարձատրուի անհամեմատօրէն շատ աւելի քիչ, քան մասնաւոր ընկերութեան ստացած շահը։ Աշխատաւորի վատնուած քրտինքին զուգահեռ, պետական պիւտճէ պիտի մտնէ համեմատօրէն շատ աւելի քիչ գումար, քան արտասահմանեան ընկերութեան դրամատնային հաշիւներուն նստող գումարները։ Եւ այս բոլորը տեղի պիտի ունենան հանքարդիւնաբերութեան թերի, պետականութեան ու ազգային շահերուն չծառայող, ժամանակավրէպ օրէնքներու թոյլտւութեամբ։ Այս պայմաններուն տակ, հանքի բացումը ընդունելի՞ է թէ ոչ։

Եւ ազգային պետական շահերով առաջնորդուող ոեւէ խումբի համար, պատասխանը յստակ պէտք է ըլլայ՝ Ո՛Չ։

Րաֆֆի Տուտագլեան