Տարեդարձի եւ Մեր Կեանքի ամենամեծ նուէրը

721

Նամակ երկրէն

Աւելի քան 30 տարի առաջ, դոկտոր Կարօ Դերձակեանը, Ամերիկայի մէջ երբ արդէն անուն վաստակած urologist (միզուղիներու բժիշկ, ուրոլոգ) էր, դեռ այդ օրերուն Խորհրդային Միութեան մաս կազմող Հայաստանի իշխանութիւններէն հրաւէր-նամակ մը կը ստանար: Իբրեւ յայտնի ուրոլոգ, ան կր հրաւիրուէր Խորհրդային Հայաստան, երկրի իր պաշտօնակիցներուն հետ համագործակցելու եւ բժշկական կապերը ամրապնդելու նպատակով:

Նամակը ստանալէն կարճ ժամանակ մը ետք, դոկտոր Դերձակեանը առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ ուրոլոգ կ’այցելէ Հայաստան եւ կը դառնայ Հայաստան ուրոլոգիայի անբաժան մասնիկը, բազմաթիւ ուրոլոգ բժիշկներու վկայութեամբ՝ Հայաստանի ուրոլոգիայի «կնքահայրը»: Իր կարճ կեցութեան ընթացքին, բժիշկը կը կատարէ վիրահատութիւններ, խոհրդակցութիւններ, քննարկումներ, փորձի եւ գիտելիքի փոխանակում ու այնքան բազմազբաղ կ’ըլլայ, որ նոյնիսկ Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերը այցելելու առիթ չունենար…

Այդ օրերուն, Խորհրդային Միութեան մաս կազմելով, բնական էր, որ Հայաստանը համաշխարհային բժշկական իրադարձութիւններու հետ սահամափակ շփում ունէր եւ Ամերկիայի կամ Եւրոպայի մէջ բժշկական որոշ գիտելիքներ դեռ չէին «ներկրուած» երկաթէ վարագոյրով փակուած սահամաններէն ներս:

Կարօ Դերձակեանի համար, ուրոլոգիայի միջազգային փորձն ու գիտութիւնը Հայաստան բերելը կը դառնայ գերնպատակ, մեծագոյն մարտահրաւէր: Եւ այսպէս, աւելի քան 30 տարի առաջ, Հայաստանի բժիշկներուն, հիւանդանոցներուն, հիւանդներուն եւ բժշկական համալսարանին հետ Կարօ Դերձակեանի սկսած կապը կը շարունակուի մինչեւ այսօր: 

Այդ օրէն ի վեր, ամէն տարի, դոկտորը կ’այցելէ Հայաստան, իր հետ նուէր բերելով կամ առանձին ուղարկելով բժշկական գերարդիական տարբեր սարքեր, որոնք անցեալին նոյնիսկ չէին տեսնուած խորհրդային հանրապետութիւններուն մէջ եւ այսօր շատ հազուագիւտ են նոյնիսկ շատ աւելի հարուստ այդ երկիրներուն մէջ: 
Ամէն տարի, դոկտորը կ’աշխատի բազմաթիւ երիտասարդ ու փորձառու ուրոլոգ-բժիշկներու հետ, գիտելիքի փոխանակում եւ վերապատրաստութիւններ կատարելով: Այսօր, բազմաթիւ բժիշկներ Կարօ Դերձակեանը կը համարեն իրենց մենթորը, որուն շնորհիւ ոչ միայն ստացած են նոր գիտելիք ու փորձ, այլեւ՝ նորագոյն բժշկական սարքերու օգտագործումով հայ հիւանդները բուժելու հնարաւորութիւն:

Ամէն տարի, դոկտորը կու գայ Հայաստան եւ իր պարտքը կը համարէ բազմաթիւ հիւանդներու բուժում ապահովելը՝ խորհրդատւութեամբ ու վիրաբուժական միջամտութիւններով: Անցնող 30 տարիներուն, հարիւրաւոր հիւանդներ Կարօ Դերձակեանի միջոցով փրկուած են վտանգաւոր միզուղային հիւանդութիւններէ… 
Եւ այս բոլորը, աւելի քան 30 տարի, դոկտոր Դերձակեանը կատարած է լուռ ու մունջ, առանց աղմուկի, նոյնիսկ չէ ուզած, որ մարդիկ աւելորդ խօսին ու անդրադառնան իր կատարած գործերուն եւ խուսափած է լուսարձակներէ:

Հայաստանի անկախութենէն ետք, դոկտորին համար գերագոյն նպատակ եղած է օգնել Հայաստանի բժիշկներուն, հիւանդանոցներուն եւ բժշկական համալսարանին, որպէսզի ամենաարդիական գործիքներով ու ամենանոր գիտելիքներով զինուած մեր բժիշկները ամենալաւ ծառայութիւնը տան հայ հիւանդներուն: 

Այս տարի, դոկտոր Դերձակեանին 70-րդ տարեդարձն է: Իր կեանքի ընկերը, Սիլվի Դերձակեանը, քանի մը ամիս առաջ կապուեցաւ ինծի եւ տեղեկացուց, որ իբրեւ Հայաստանի սիրահարուած հայ մարդ, ան որոշած է իր տարեդարձը նշել հայրենիքի մէջ, իր հարազատներուն եւ ընկերնեորւն հետ միասին: Ընտանիքն ու հարազատները արդէն կը պատրաստուին Հայաստան գալու եւ Հայաստանի ընկերներն ալ արդէն տեղեակ են, նշեց Սիլվի: 

«Նայէ՛, գիտես Կարոն… նուէրով-բանով հետաքրքուած մարդ չէ: Որոշեցինք, որ բոլորէն պիտի խնդրենք տարեդարձի նուէրներու փոխարէն, նուիրատւութիւն կատարեն «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»ին, այս ձեւով կ’ուզենք աջակցիլ նաեւ ձեր ծրագիրներուն», ըսաւ Սիլվի, որ ստանձնած էր տարեդարձի հաւաքոյթի գլխաւոր կազմակերպիչի «պաշտօնը» եւ կազմակերպական հարցերով յաճախ հետս կը խոհրդակցէր, իբրեւ հին, արդէն փորձառու հայրենադարձ…

Յուլիսի կէսերուն աւելի քան 80 հոգի, Կարօ Դերձակեանի հարազատներն ու ընկերները – այս վերջինները՝ մեծաւ մասամբ բժիշկներ, բնականաբար -, հաւաքուեցանք «Վան Արդի» գինիներու այգին եւ… գինին էր առատ, դիմացն Արարատ, համադամ ճաշեր, գեղեցիկ երաժշտութիւն, ժպիտ ու սէր…
Բաժակները բարձրացուցին ու կենացներ խմեցին Հայաստանի ամենայայտնի ուրոլոգները, պետական հին ու նոր գործիչները, առողջապահութեան համակարգի հին ու նոր աշխատողները: Կենացներ խմեցինք բոլորս ու բոլորս փորձեցինք այս հազուագիւտ առիթը օգտագործել եւ մեր սրտի խօսքը ըսել ու շնորհակալութիւն յայտնել դոկտոր Կարոյին՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին կատարած իր ծառայութիւններուն համար: Ես, որ Սիլվիին հետ ստանձնած էի թամատայի պատուաբեր պաշտօնը, կատակելով բայց նաեւ լրջութեամբ «ամենամեծ» շնորհակալութիւնը յայտնեցի Սիլվիին, որ համբերութեամբ դիմացած է Կարոյի երկար բացակայութիւններուն, երբ ան Հայաստան կու գար եւ օրերով «կ’անհետանար» հիւանդնոցներուն մէջ… 

Խօսք տուինք նաեւ դոկտորին, որ մինչ այդ լուռ նստած ժպիտով կը լսէր մեր բաժակաճառերն ու կենացները… Կարոն երկար չխօսեցաւ իր կատարած ու դեռ կատարելիք գործերուն մասին: Յուզումով յիշեց առաջին օրը, երբ ոտքը դրաւ Հայաստանի հողին վրայ ու այլեւս չկրցաւ զատուիլ հայրենիքէն, յիշեց անկախութիւնն ու մութ ու ցուրտ տարիները, եւ հպարտացաւ իր հայաստանցի գործընկերներու յաջողութիւններով եւ Հայաստանի փայլուն ապագայով: Յետոյ ըսաւ.

«Ես խնդրեցի, որ ծննդեանս օրը նուէրներ չբերէք, այլ նուիրէք «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»ի ծրագիրներուն: Փառք Աստուծոյ, ես բանի մը կարիք չունիմ: Բայց մենք պէտք է յիշենք այն նուէրը, որ կը ստանանք ամէն օր: Այդ նուէրը մեր բազմաչարչար հայրենիքն է, որ այսօր ոտքի կը կանգնի: Իսկ նուիրողը՝ մեր զինուորներն են, որ ամուր կանգնած են Սահմանին: Այդպէսով՝ իրենք մեզի ամէն օր կու տան մեր կեանքի ամենամեծ եւ ամենակարեւոր նուէրը, մեր պաշտպանուած հայրենիքը: Ծննդեանս առիթով, կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր զինւոորներուն եւ «Թուֆէնքեան հիմնադրամի» միջոցով կ’ուզեմ վիրաւոր ու կարիքաւոր զինուորի մը տունը նորոգել կամ տուն նուիրել: Սա, ինծի համար, ամենամեծ նուէրն է…»

Ուրախացանք եւ միաժամանակ յուզուեցանք: Բարձրացուցինք բաժակները եւ բոլորս յոտնկայս խմեցինք մեր զինուորներուն կենացը:
Որովհետեւ անոնք, դոկտոր Կարոյի խօսքերով, ամէն օր մեզի կու տան մեր ամենամեծ նուէրը՝ մեր ուժեղ եւ պաշտպանուած հայրենիքը…

Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէք ինծի
rafdoud@aol.com