Սարգիս Պուտագեան. «Խաչքարը երախտագիտութեան հաւաստիք է Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ»

1290

Լիբանանի «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի տնօրէնութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի հետ համագործակցաբար ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, համանուն համալսարանի «Իսամ Ֆարես» սրահին մէջ`տրուեց պաշտօնական ձեռնարկ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Օրուան հանդիսավարն էր դոկտ. Նատա Սաատ Սապեր: Ան համալսարանին անունով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն է եւ տակաւին պատմութիւնը կը վկայէ, պատմագէտները կը հաստատեն, ազգերը կը դատապարտեն, բայց ցեղասպանը կը շարունակէ ուրանալ: Ան յայտնեց, որ համալսարանը իր դռները լայն բացաւ զօրակցելու ու մասնակից դառնալու հայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ, որոնք չհեռացան իրենց անցեալէն ու պատմութենէն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան հակիրճ ակնարկ մը նետեց Հայոց եղեռնի պատմական իրողութեան: Ապա ըսաւ, որ այս հանդիսութիւնը նահատակներու յիշատակին համար չէ, այլ` յաղթանակի տօնախմբութիւն է, մեր ազգի ուժին ու ապրելու կամքին արտայայտութիւնը: Մենք ողջ ենք, հակառակ մեր կրած արհաւիրքներուն: Ան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան  հետեւանքով մենք դարձած ենք առաւել հաստատակամ եւ ճկուն, այս սկզբունքով պիտի դաստիարակենք նաեւ գալիք սերունդները: Խտըշեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ մենք պիտի շարունակենք վերականգնել արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը` ստեղծագործելով, մեր արուեստով, երաժշտութեամբ ու գրականութեամբ, միաժամանակ փոխանցելով մեր պատմութիւնը եւ վերակառուցելով բռնութենէ ու ահաբեկումէ զուրկ քաղաքակրթութիւն:

Խօսք առաւ Սարգիս Պուտագեան, որ շեշտեց, թէ հայրենիքի նկատմամբ սէրն ու հաւատարմութիւնն է, որ համախմբեր է մեզ այս ձեռնարկին: Ան ըսաւ, որ խաչքարը երախտագիտութեան հաւաստիք է հայ ազգին կողմէ Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ, որ գրկաբաց ընդունեց, գուրգուրաց ու ձեռք երկարեց գաղթական հայորդիներուն:

Պուտագեան հաստատեց, որ իր գաղափարական եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մղած են զինք այս քայլին:

Բոլոր ներկաները հաւաքուեցան համալսարանի տարածքին զետեղուած խաչքարին շուրջ:

Տեղի ունեցաւ խաչքարի քողազերծում, ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շապէ եպս. Փանոսեան օրհնեց խաչքարը, ապա Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով Ներսէս Պաղտոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի նախագահ Ուալիտ Մուսային եւ նախագահութեան, խաչքարի զետեղման առիթով, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի լինելիութիւնը եւ հաւատարմութիւնը իր արմատներուն եւ ազգային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ երախտապարտութիւնը լիբանանեան հայրենիքին:

Լուսանկարում՝ Սարգիս Պուտագեանը տիկնոջ հետ