Աբովեանի Ընտրութիւնները, «Իմ Քայլը» Դաշինքի Պարտութիւնը Եւ Յեղափոխութեան Տեղքայլը

697

Նամակ երկրէն

Ճիշդ է, որ Աբովեան քաղաքի քաղաքապետի ընտրութիւնները ազատ եւ արդար ընտրութիւններ էին, որոնք տեղի ունեցան ժողովրդավարական նորմերուն համապատասխան։ 

Ճիշդ է, որ նախորդ փտած ռեժիմի ժամանակ դժուար թէ իրական ընդդիմութիւնը կարենար 400 քուէներով յաղթանակ արձանագրել եւ շնորհաւորական խօսքեր լսել իշխանաւորներէն։ 

Ճիշդ է նաեւ, որ այս ընտրութիւններով իրագործուեցաւ մեր պանծալի յեղափոխութեան նպատակներէն մէկը՝ անխարդախ եւ անկաշառ ու իսկապէս ազատ եւ արդար քուէարկութիւն։ 

Բայց ճիշդ է նաեւ, որ այս ընտրութիւնները ցոյց տուին յեղափոխութեան տեղքայլը, յեղափոխութեան նահանջը նոյնիսկ, հակառակ ժողովրդավարութեան արձանագրած առաջընթացին եւ յաջողութեան։

Ի վերջոյ, ի՞նչ էր պատճառը, որ Աբովեան քաղաքի բնակիչները չուզեցին փոխել հին քաղաքապետը։ Ինչո՞ւ անոնք չհետեւացան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչերուն եւ հակառակ իր ցանկութեան, իրենց քուէն տուին գործող քաղաքապետին, որ Ազգային Ժողովի վերջին մոհիկան օլիգարխին՝ Գագիկ Ծառուկեանի հովանաւորեալն է։ Կոտայքի մէջ Ծառուկեանի աւանդական ազդեցութիւ՞նն էր պատճառը, արդեօք աբովեանցիները շատ գո՞հ էին քաղաքապետի գործունէութենէն, կամ արդեօք՝ ընտրութիւններուն քիչ թիւով քաղաքացիներու մասնակցութիւ՞նը Փաշինեանի թեկնածուին պարտութեան պատճառ դարձաւ…

Հաւանաբար՝ այո՛, այս բոլորին հետեւանքով է, որ Փաշինեանի դաշինքը պարտութիւն կրեց Աբովյանի մէջ, թէեւ ընդամէնը մի քանի հարիւր քուէով։ Այս բոլոր պատճառներուն կողքին, սակայն, պէտք չէ նաեւ անտեսել այն փաստը, որ Աբովեանի քաղաքացիները Փաշինեանի թեկնածուին չքուէարկեցին, որովհետեւ դժգոհ են յեղափոխութենէն ետք բարեփոխումներու դանդաղ ընթացքէն, իսկ կարգ մը ոլորտներու մէջ՝ բարեկարգումներու չգոյութենէն։ 

Աբովեանցիներուն նման, Հայաստանի քաղաքացիները արմատական եւ արագ փոփոխութիւններ կ՚ակնկալեն կառավարութենէն, անոնց ակնկալութիւնները երբեմն անիրականալի են, երբեմն՝ անիրապաշտ։ Այսուհանդերձ, բոլորին ակնկալութիւնն է արագ արդիւնքներ տեսնել կառավարման, տնտեսութեան եւ սոցիալական ծառայութիւններու բոլոր ոլորտներուն մէջ։

Ճիշդ է որ արդիւնքները մի քանի ամիսէն չեն գար, մանաւանդ երբ 25 տարի շարունակ երկրի հարստութիւնը սեփականացնելը եւ ժողովուրդը թալանելը նախորդ իշխանութիւններու եւ անոնց լծակիցներու գլխաւոր «նուաճումները» եղած են։ Հակառակ ասոր, ժողովուրդը կ՚ուզէ տեսնել բարեփոխումներու միտուած ծրագիրներ եւ ծրագիրներու իրականացում, պետական ծառայութիւններու բարելաւում կամ առնուազն բարելաւման ծրագիրներու ծանօթացում եւ յստակ ժամանակացոյցով՝ բարեկարգումներու ճանապարհային քարտէսներ։ 

Մինչդեռ, կառավարական գրասենեակներու, մարզպետարաններու, քաղաքապետարաններու եւ այլ կառոյցներու մէջ մեծաւ մասամբ նոյն մարդիկն են, նոյն դէմքերը: Անոնցմէ շատեր շատ աւելի խոժոռ դէմքերով կ՚ընդունին քաղաքացիները, որովհետեւ առաջուան նման անվախօրէն կաշառք չեն կրնար վերցնել։ Զրկուած են ապօրինի հարստութիւն դիզելու հնարաւորութենէն, եւ կ՚ատեն յեղափոխութիւնն ալ, նոր իշխանութիւններն ալ։ Անոնք համար մէկ հակայեղափոխականներն են։ Ուրիշներ, ապօրինի գումարներու արգելումով, ոչ աշխատելու սիրտ ունին, ոչ ալ գիտեն աշխատիլ ու քաղաքացիներու հարցերուն լուծումներ գտնել։ Նախապէս, փողով հարցեր լուծող պաշտօնեաները, իրենց վերադասներու հետ «մաղարիշ» կիսողները հիմա մնացած են շուարած ու դժգոհ։ Ասոնց ապիկարութիւնը նոյնքան եւ աւելի դժգոհ կը դարձնէ քաղաքացիները, որոնք երբեմն երանի կու տան կաշառքի օրերուն, որովհետեւ, ինչպէս դիտել կու տար հարեւաններէս մէկը, գոնէ «փողով խնդիրները լուծում էին, հիմա դեպիլի նման աչքերիդ են նայում ու չգիտեն ինչ անեն»։ 

Այս վիճակին մէջ, փոխանակ շտապ եւ համակարգային արմատական փոփոխութիւններ կատարելու, փոխանակ մաքրելու անպէտք եւ կոռումպացուած պետական համակարգը, նոր իշխանութիւնները business as usual-ի հոգեբանութեամբ կը յուսան, որ կաշառքի վերացումով ու կոռուպցիայի դէմ պայքարելով պիտի կարենան քայլ առ քայլ երկիրը ճահիճէն դուրս հանել եւ լուրջ առաջընթաց արձանագրել։

Ո՛չ, պարոնայք իշխանաւորներ, աբովեանցիները եկան ձեզի ըսելու, որ բաւարարուած չեն ձեր աշխատանքէն եւ եթէ ձեր պատկերացումով ամէն ինչ լաւ է, ուրեմն պատճառ չունին քաղաքապետ ու աւագանի փոխելու։

Ահաւասիկ թէ ինչու Աբովեանի մէջ ժողովրդավարութեան յաղթանակը մեր պանծալի յեղափոխութեան տեղքայլն ու նահանջը կը մատնէ, թէեւ, ի՜նչ հեգնանք, ազատ եւ արդար ընտրութիւններով ժողովրդավարութեան հաստատումը ինքնին յեղափոխութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն էր…

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com