ԼԳԲՏ եւ ազգային արժեք

723

Նամակ երկրէն

Ընկեր մը ունէի պատուական։ Հիւսիսային Ամերիկայի ամէնէն ազատական քաղաքներէն մէկուն մէջ կ՚ապրէր։ Յաջող առեւտրական էր եւ սնունդի լաւ բիզնէս ունէր։ Շատ շատերու համար, «իսկական» հայ էր՝ պահպանողական, աւանդական, Հայաստանը հեռուէն սիրող, հայկական բոլոր ձեռնարկներուն մասնակցող։ Մէկ-մէկ ալ իր վաստակած մեծ գումարներէն փոքրիկ բաժին մը կը նուիրէր ազգին՝ ակումբ, դպրոց, եկեղեցի եւայլն։ Ազգային բարերարի տիտղոս ալ վաստակած էր…

Շատ պահպանողական եւ աւանդական ըլլալուն՝ դէմ էր բոլոր տեսակի փոքրամասնութիւններուն… ազգային, ցեղային, սեռական, կրօնական։ Զարմանալիօրէն, սակայն, խոնարհ կը զգար անգլո-սաքսոններուն առջեւ։
Չէր հանդուրժեր մանաւանդ սեռական փոքրամանութիւնները… ԼԳԲՏ-ի հանդէպ ծայրայեղ անհանդուրժող էր, բացի… բացի տարին մէկ օր, երբ ԼԳԲՏ-ն իր տարեկան parade-ը կ՚ունենար։

Այդ օր, հազարաւոր ԼԳԲՏ-ներ կը հաւաքուէին ու կը քալէին քաղաքի կեդրոնական փողոցներով։ Ընկերս իր ամբողջ ընտանիքով՝ կին ու 4 երեխայ, առաւօտ շուտ գործի կը վազէր ու օրուան վերջաւորութեան մեծ, իրապէս շատ մեծ գումար կ՚ապահովէր։

– Ծո՛ խայտառակ, ուրիշ ատեն ԼԳԲՏ-ին ինչե՜ր կ՚ըսես։ Ինչ հայհոյանքներ կը տեղաս անոնց գլխուն։ Կը բողոքես, որ ընտանիքդ ու զաւակներդ կ՚ուզեն փճացնել, խօսելու իրաւունք չունին կ՚ըսես, բայց ամբողջ ընտանիքով այս օր ինչո՞ւ գործի գացեր ես եւ ժպտերէս փողերնին կ՚առնես ու ճաշ կը ծախես… Ու՞ր մնաց ազգային արժեքներդ,- կ՚ըսէի իրեն, ամէն անգամ, երբ parade-ի օրը գործէն ուրախ տուն վերադառնար։

– Կապ չունի, այսօր բիզնէս ընելու օր է։ Բիզնէսն ու խօսելու իրաւունքը, բիզնէսը եւ ազգային արժեքը ի՞նչ կապ ունին։ ԼԳԲՏ-ի մասին իմ կարծիքս չի փոխուիր, կը պատասխանէր առանց դոյզն իսկ վարանելու։

Իրաւունք-միրաւունք կը մոռնար գոնէ օրուան մը համար եւ կը պնդէր, որ բիզնէսը պէտք է անջատել գաղափարական կեցուածքներէն։

– Նայէ, բարեկամ, այս երկիրներուն յաջողութեան գաղտինքն է ասիկա, չես հաւնիր, թող ու հեռացիր,- կը շեշտէր ընկերս, երբ քիչ մը աւելի պնդէի double standard-ի բացատրութեան վրայ։

Հայու այս տեսակն ալ, մեր դարաւոր գենի կրողը, ԼԳԲՏ-ն ու բիզնէսը այսպէս կը հասկնար։ Երեւի մարդը վաղուց հասկցած էր, որ double standard հասկացութիւնը գոյութիւն չունի մեր վաճառականներու բառարանին մէջ։

Հիմա վերաբանալով ԼԳԲՏ-ը նիւթը, առանց վարանելու ես ալ ըսեմ, որ վերոնշեալ ընկերս եւ դուք Աստուած չէք։ Եթէ քիչ մը գրագէտ ըլլայիք, պիտի հասկնայիք, որ նոյնիսկ Աստուած չկրցաւ լուծել ԼԳԲՏ-ի «խնդիր»ը, երբ կրակ տեղաց Սոդոմ Գոմորի վրայ։ Դուք ձեզի Աստուծմէ աւելի բարձր մի կարծէք։

Բոլոր հայերը, անկախ իրենց դաւանանքէն, համոզումներէն, սեռական կամ գաղափարական պատկանելիութենէն, խորհրդարանի առջեւ ելոյթ ունենալու ՀԱՒԱՍԱՐ իրաւունք ունին։ Հաւնիլը կամ չի հաւնիլը ձեր իրաւունքն է։ Բայց արգիլելը՝ ՈՉ։

Ազգային արժեքներու մասին մի ցափռտէք։ Ո՞րն է ազգային արժեքը՝ ռուսախօս ու ռուսի պէս ապրող Ռուսաստանի՞ հայ համայնքինը, ֆրանսախօս ու ֆրանսացիի պէս ապրող ֆրանսահայու՞նը, ամերիկեան բարքերը իւրացուցած ամերիկահայի՞նը, թէ՞ քրտական ու իսլամական սովորութիւնները ընդօրինակած՝ Քիւրտիստանի հայերունը։ Հա, չմոռնանք հիւսիսային Ամերիկայի ընկերս, իրեն համար, ի վերջոյ հասկցայ, ազգային արժեքը կը սկսի ու կը վերջանայ դրամատնային հաշիւով…

Ինծի համար, ազգային արժեքը ազատ եւ անկախ Հայաստանն է, իր զարգացած տնտեսութեամբ, օրէնքի առջեւ ԲՈԼՈՐԻ հաւասարութեամբ, իր ուժեղ բանակով, իր արդիական կառոյցներով, իր զարգացող մշակոյթով։ Ինչ կ՚ուզէք ըսեք, ես ոչ կրօնքը եւ ատկէ ծնած աւանդութիւնները, ոչ ալ գաղափարաբանութիւն ըսուածը ազգային արժեք կը համարեմ։ Իրաւական ու հզօր հայկական պետութենէ աւելի բարձր արժեք գոյութիւն չունի։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com