Երեք նախագահներու վարք ու բարքին միջեւ տարբերութիւն կա՞յ (2)

692

Ռոբերտ Քոչարյանի օրերուն, շարունակուեցան բանակցութիւնները Ադրբեջանի հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար: Փուլային-փաթեթային տարբերակներու քննարկումներուն ընթացքին Ֆլորիտա նահանգի Քի Ուէսթ քաղաքին մէջ նախագահներ Հայտար Ալիեւի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի ներկայացուեցաւ հակամարտութեան լուծման նոր առաջարկ մը, ըստ որուն՝ ազատագրուած տարածքներէն հայկական կողմը պիտի պահէր Լաչինի միջանցքը միայն, փոխարէնը Ադրբեջանը պիտի ստանար ազատ կապ Նախիջեւանի հետ՝ Մեղրիի տարածքով: Քոչարեանը ընդունեց այս առաջարկը, որ սակայն նախնական համաձայնութենէ ետք, ի վերջոյ մերժուեցաւ Ալիեւի կողմէ: Այս վերջինը չկրցաւ հաշտուիլ Արցախի անկախացման եւ Հայաստանի միացման հեռանկարին հետ: Զարմանալիօրէն, Քի Ուէսթեան առաջարկը շատ մեծ քննադատութեան չենթարկուեցաւ հայկական քաղաքական ուժերուն կողմէ, որոնք կարծէք աւելի մտահոգ էին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութենէն վերջնական հեռացումով, քան՝ Արցախի խնդրի լուծման չափազանց վտանգաւոր այս տարբերակի ընդունումով:

Ներքին քաղաքական կեանքին մէջ, Ռ. Քոչարեան-Ս. Սարգսեան զոյգը հրաժարեցան Հայաստան վերադարձած սփիւռքեան կուսակցութիւնները (ՀՅԴ, ՌԱԿ) հալածելու կամ պառակտելու մարտավարութենէն եւ փոխարէնը որդեգրեցին ազդեցիկ քաղաքական ուժերը իշխանութեան մէջ ներառելու եւ անոնց միջոցով՝ հին ու նոր սփիւռքեան դրամագլուխը Հայաստան բերելու խելացի մօտեցում: Ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձաւ արտաքին քաղաքականութեան մաս, գոհունակութիւն պատճառելով նախ եւ առաջ Սփիւռքի քաղաքական շրջանակներուն: Միւս կողմէ, Ռուսաստանէն, միջազգային վալյուտային կազմակերպութիւններէն, հայկական հին ու նոր Սփիւռքէն, Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն Հայաստան հասնող դրամական հոսքն ու ֆինանսատնտեսական օգնութիւնները երկրին մէջ ստեղծեցին փոքրաթիւ դրամատէրերու եւ մենաշնորհեալներու խմբակ մը, որ ի գին ամէն ինչի իր ձեռքերուն մէջ շարունակաբար պահել ուզեց իշխանական լծակները, որոնց շնորհիւ հսկայական դրամագլուխ եւ հարստութիւն կուտակելու աննախընթաց, իր նմանը չունեցող հնարաւորութիւն ստացաւ: Հարստութեան անարդար բաժանումը, միջազգային օգնութիւններէն դրամատնային սեփական հաշիւները ուռճացնելու քաղաքականութիւնը դարձաւ իշխանաւորներու վարքագիծին գլխաւոր «նուաճումն»ներէն մէկը: Բնականաբար, դրամական համեմատաբար մեծ հոսքերու հետ մեծցաւ նաեւ կոռուպցիան, արդարադատական համակարգը դարձաւ նոր դրամատէրերու եւ իշխանաւորներու լծակից կառոյց, որ շատ յաճախ անկաշկանդ օրինականացուց ոչ միայն սեփական ժողովուրդի ունեցուածքի թալանը, այլ նաեւ՝ սփիւռքահայ բազմաթիւ ներդրողներէն խաբեբայութեամբ անշարժ ու շարժական գոյքի ու դրամագլուխի յափշտակումը: Երեւանի բլուրներուն վրայ որքան որ շատցան իշխանաւորներու դղեակները, այդքան աւելի խորացաւ վիհը աղքատ եւ հարուստ դասակարգերուն միջեւ եւ արտագաղթը շարունակուեցաւ մեծ թափով (բացի Քոչարեանի նախագահութեան երկրորդ ժամանակաշրջանի մի քանի տարիներէն…)

Այս երեւոյթներուն դէմ ըմբոստացողները ենթարկուեցան քաղաքական եւ տնտեսական հալածանքներու, իսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն նոյնանման հալածանքներու ենթարկուած քաղաքական ուժերը, որոնք հիմա արդէն նոր իշխանութիւններուն դաշնակից դարձած էին, ընդդամէնը բաւարարուեցան մեղմ ընդդիմախօսութեամբ, նոյնիսկ երբ շարունակաբար կեղծուեցան ընտրութիւնները եւ իշխանութիւններու վարած արտաքին քաղաքականութիւնը Հայաստանը ամբողջութեամբ դրաւ դանդաղ քայլերով վերականգնող՝ փութինեան Ռուսաստանի քաղաքատնտեսական եւ ռազմական ենթակայութեան տակ: Լեւոն Տէր Պետրոսեանի դէմ պայքարած ուժերը Իշխանութիւններու դէմ կարծր պոռթկում չունեցան նոյնիսկ երբ նոյն Լեւոնի ժառանգներն ու իր ձեռքով աճեցուած քատրերը շարունակեցին հայ քաղաքացիի քուէարկութեան իրաւունքի բռնաբարումը եւ յաճախ պատճառ դարձան ներքին բռնութիւններու եւ Մարտի մէկեան արիւնահեղութեան: Մարտի 1-ի արիւնահեղութեան պատճառը այլ բան չէր, բացի իշխանութեան կառչած մնալու եւ ի գին սեփական ժողովուրդի արեան՝ Բաղրամեան 26-էն Հայաստանի քաղաքատնտեսական կեանքի վրայ մենաշնորհը չկորսնցնելու մոլի իշխանատենչութիւն: Եթէ Հայաստանի մէջ 1995-էն ի վեր երեք նախագահներու օրհնութեամբ տեղի չունենային ընտրազեղծումները, եթէ պարզապէս յարգուած ըլլար ժողովուրդի քուէն եւ քաղաքացիի որոշումը, մենք ո՛չ Մարտի 1 կ’ունենայինք, ո՛չ ալ ժողովրդային թաւշեայ, այո՛, յեղափոխութիւն: Մենք կ’ունենայինք ուրիշ Հայաստան եւ ուրիշ ժողովուրդ:

(Շարունակութիւն 2)

Րաֆֆի Տուտագլեան

Երեք նախագահներու վարք ու բարքին միջեւ տարբերութիւն կա՞յ