Որոշ շրջանակներու համար Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Հայաստանի թիւ մէկ կործանանարն է եւ հայ ժողովուրդի թշնամին, ազգի դաւաճանը: Ես ալ համոզուած եմ, որ Հայաստանի առաջին նախագահը բազմաթիւ սխալներ գործած է եւ այդ սխալներու հետեւանքները շատ ծանր կշռած են մեր հայրենիքին վրայ: Բայց ես ինծի իրաւունք չեմ տար դաւաճան եւ ազգի թշնամի համարելու Լեւոն Տէր Պետրոսեանին:
Լեւոն Տէր Պետրոսեանէն պակաս մեղաւոր չեն երկրորդ եւ երրորդ նախագահները: Անոնք՝ Ռ. Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւոր դաշնակիցներն էին մինչեւ 1998: Այդ 8 տարիներու ընթացքին, Ս. Սարգսեանն ու Ռ. Քոչարեանը Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան մէջ (կամ հետ) ունեցած են լուրջ առնչութիւն եւ պաշտօններ: Սերժ Սարգսեանը եղած է Պաշտպանութեան նախարար, Ներքին գործերու նախարար եւ հայկական Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան ղեկավար: Այդ տարիներուն, Սերժ Սարգսեանի անմիջական կան անուղղակի մասնակցութեամբ, Հայաստանի մէջ արգիլուած ու հալածանքի ենթարկուած են կուսակցութիւններ, տեղի ունեցած են ընտրազեղծումներ, քաղաքական հալածանքներ, հովանաւորուած թալանչիութիւն եւ այլ բազում մեղքեր…
Իսկ Քոչարեանը, նախքան Տէր Պետրոսեանի կողմէ Հայաստանի վարչապետ նշանակուիլը, Արցախի մէջ նոյն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օգնութեամբ պայքարած էր Հ.Յ.Դ.-ի դէմ եւ միջոցներուն միջեւ խտրութիւն չդնելով, ի վերջոյ իշխանութեան լծակները խլած էր արդար ընտրութիւններով խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւն շահած Դաշնակցութենէն:
Այդ օրերուն, քաղաքական հալածանքները ոչ միայն Հայաստանի մէջ էին, այլ նաեւ Արցախի:
Այդ օրերուն, անմեղ ընդդիմադիրներու արիւնը ոչ միայն Հայաստանի մէջ կը հոսէր, այլ նաեւ՝ Արցախի:
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Ս. Սարգսեանի եւ Ռ. Քոչարեանի դաշինքէն ամէնէն շատ տուժած ընդդիմադիր ուժը եղած է Հ.Յ.Դ.-ն, յետոյ Վազգէն Մանուկեանի ԱԺՄ-ն եւ այլ քաղաքական ուժեր:
Իրերայաջորդ երեք նախագահներուն միջեւ համագործակցութիւնը դադրեցաւ, երբ Լեռնային Ղարաբաղի լուծման խնդրով տարակարծութիւն ծագեցաւ մէկ կողմէն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, միւս կողմէն՝ Վազգէն Սարգսեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի միջեւ: Տարկարծութեան գլխաւոր պատճառը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի փուլային եւ փաթեթային տարբերակներուն միջեւ ընտրութիւնն էր: ԼՏՊ-ն կողմ էր փուլային տարբերակը ընդունելու մարտավարութեան, իսկ միւս երեքը՝ փաթեթային: Այս հարցով կողմերու միջեւ անհամաձայնութիւնը չհարթուեցաւ եւ 1998-ին Լեւոն Տէր Պետրոսեան հրաժարական տուաւ՝ գլխաւորաբար Վազգէն Սարգսեանի եւ իր հետ դաշնակցած Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի ճնշումներով: ԼՏՊ-ն ժամանակաւորապէս հեռացաւ քաղաքական բեմէն, իսկ Ռոբերտ Քոչարեանը Վազգէն Սարգսեանի օրհնութեամբ «ընտրուեցաւ» նախագահ, իսկ անոր գլխաւոր մրցակիցը՝ Կ. Դեմիրճեանը դարձաւ խորհրդարանի նախագահ, դարձեալ Վազգէն Սարգսեանի կնքահայրութեամբ տեղի ունեցող քաղաքական քուլիսային պայմանաւորուածութիւններու շնորհիւ: Վազգէն Սարգսեան վերցուց վարչապետի պաշտօնը:
Մէկուկէս տարի անց, Դեմիրճեանն ու ամենազօր Վազգէն Սարգսեանը զոհ գացին Ազգային Ժողովին մէջ ահաբեկչական անարգ յարձակումին: Քաղաքական վտանգաւոր vacuum-ը ի վերջոյ աւարտեցաւ Ռոբերտ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի քաղաքական դաշտի ամբողջական տիրապետումով: 1999-էն մինչեւ 2018, նախ Քոչարեանը եւ ապա Սարգսեանը ղեկավարեցին Հայաստանը, մերթ ընդ մերթ քաղաքական դաշինքներ կնքելով Հանրապետական կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Օրինաց Երկրի եւ այլ հին ու նոր կուսակցութիւններու հետ: Այդ տարիներուն չդադրեցան քաղաքական հալածանքները, Հայաստանի բնութեան, անտառներու եւ ընդերքի ոչնչացումը շարունակուեցաւ նոյն եւ երբեմն նոյնիսկ աւելի մեծ թափով: Երկրի տնտեսութիւնը սկսաւ աճ արձանագրել գլխաւորաբար (բայց ոչ միայն) աւելի քան մէկ միլիոն արտագաղթած հայերու Հայաստան ուղարկած գումարներուն շնորհիւ: Ամէն տարի, դէպի Հայաստան կատարուած փոխանցումները գրեթէ հաւասար էին պետութեան պիւտճէին: Այդ օրերուն էր, որ զարգացաւ այսպէս կոչուած հայկական օլիգարխիան եւ այդ օրերուն էր, որ սպառողական ապրանքներու ներկրումը մենաշնորհներու վերածուեցաւ: Չոլերու մէջ տառապանքով կտոր մը հաց վաստակող աշխատաւոր հայ մարդու քրտինքը կանխիկ գումարի վերածուեցաւ Հայաստանի մենաշնորհեալներու ձեռքերուն մէջ, որոնք հարստութիւն կուտակեցին ոչ թէ իրենց գործարարի հմտութիւններուն, այլեւ իշխող խաւի հետ իրենց գործընկերութեան շնորհիւ: Վերջաւորութեան, Օլիգարխիան դարձաւ իշխանութիւն եւ իշխանութիւնը՝ Օլիգարխիա, իսկ այս շահագործող ցեցերուն հետ դաշնակցող ուժերը՝ դարձան իշխանական սեղանէն օգտուողներու փոքրիկ արտօնեալներ:
(Շարունակութիւն 1)
Րաֆֆի Տուտագլեան