ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղին հրաւէրով՝ Թաթուլ Յակոբեանի զոյգ դասախօսութիւնները Եգիպտոսի մէջ

966
Փետրուար 20-ին եւ 21-ին ՀԲԸՄի Գահիրէի մասնաճիւղին հրաւէրով ՍիվիլՆեթի լրագրող և Հայկական ուսումնասիրութիուններու ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Հակոբեանը երկու դասախօսութիւն-զրոյցներ տուաւ Պըլըքտանեան սրահէն ներս, երկու շատ կարեւոր, մեզի համար էութենական նշանակութիւն ունեցող նիւթերու շուրջ: Առաջինը նուիրուած էր Արցախի եւ կը կրէր «1988-ի Փետրուար 20-ը եւ հայ ժողովուրդի արցախեան զարթօնքը» խորագիրը, իսկ երկրորդը՝ «Հայաստանը թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ՝ սպասումներ եւ յոյսեր»:Թաթուլ Յակոբեան «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փորձագէտ է եւ հայկական ուսումնասիրոււթիւններու Անի կեդրոնի համակարգող, լրագրողական լայն փորձառութեամբ մը:

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան դասախօսութիւններուն, ապա մեծ թիւով հարցումներ եղան, որոնց մանրամասնօրէն պատասխանեց դասախօսը:

Երկու դասախօսութիւններէն ետք ալ հիւրասիրութիւն կար, որուն ընթացքին ներկաները շարունակեցին իրենց զրոյցները դասախօսին եւ իրարու հետ: 

Աղբյուրը՝ http://agbuegypt.com

Լուսանկարները՝ Roupen Terzibashian