2019-ը՝ «Հայ մամուլի տարի»

1305

«Հայ Մամուլի Տարուան» Նուիրուած Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակի Ընթերցում

2019 տարին Արամ Ա. կաթողիկոս հռչակեց «Հայ մամուլի տարի»: Արդարեւ, կիրակի, 12 յունուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի վեհափառ հայրապետին հայրապետական սրբատառ կոնդակը:

Կոնդակին մէջ, վեհափառ հայրապետը շեշտելէ ետք հայ մամուլին կարեւորութիւնը, կոչ կ՛ուղղէ.

– Մեր թեմակալ առաջնորդներուն, ազգային իշխանութիւններուն, մեր քոյր կազմակերպութիւններուն ու հայ մամուլի օրկաններուն` հանդիսութիւններու, սեմինարներու, համագումարներու, դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու կամ հրատարակութիւններու ճամբով, լուսարձակի տակ բերելու հայ մամուլին եզակի կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

– Հայաստանի մէջ պետական, իսկ սփիւռքի մէջ համայնքային պատասխանատուներուն` գործնական միջոցներով նեցուկ կանգնելու հայ մամուլին` շեշտելով անոր վիճակուած բազմակողմանի դերը:

– Մեր ունեւոր ազգայիններուն` հայ մամուլին տրուած պատահական նուիրատուութիւններէն անդին, յատուկ հիմնադրամներ հաստատելու` հայ մամուլին արդիականացման եւ ընդհանրապէս վերակազմակերպման սատարող ծրագիրներու իրագործման համար:

– Խմբագիրներու ու լրագրողներու պատրաստութեան ու վերաորակաւորման յատուկ դասընթացքներ հաստատելու, յատկապէս սփիւռքի մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է նման նախաձեռնութեան դիմելու` գործակցութեամբ հայ մամուլի պատասխանատուներուն:

– Մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` հեռու մնալու կայքերու ճամբով հրամցուող ընդհանրապէս անորակ ու անդիմագիծ մամուլէն, եւ իրենց ամուր կապուածութիւնը գործնապէս արտայայտելու տպագիր հայ մամուլին նկատմամբ` բաժանորդագրուելով եւ հաղորդ դառնալով անոր բովանդակութեան: