Հայաստանի պետութիւնն է, որ աւելի շահագրգռուած պէտք է ըլլայ հայ սփիւռքի հետ իր կապերը սերտացնելով

762

Միչիգանի համալսարանի Հայագիտության կենտրոնի ղեկավար, պատմաբան Արա Սանճեանը նոր գրությամբ արձագանքել է Հայաստանի կառավարության կառուցվածքի նախատեսվող փոփոխություններին, ըստ որոնց՝ վերացվելու է Սփյուռքի նախարարությունը։

Կը ծրագրէի եւս մէկ եւ վերջին գրութեամբ անդրադառնալու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ապագային՝ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման եւ զանիկա առայժմ ոչինչով փոխարինելու լոյսի ներքոյ։ Բայց, գրութիւնը երկարեցաւ ու նախընտրեցի զանիկա երկու մասով հրապարակել՝ մի քանի ժամ տարբերութեամբ։

Նախքան յաջորդ գրութեանս մէջ սփիւռքի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները յառաջիկային փոխվարչապետի գրասենեակին կողմէ համակարգուելու տարբերակը քննարկելս, այս գրութեամբ փորձեմ հարեւանցի (եւ բնականաբար յետագայ ճշգրտման ենթակայ) դասակարգում մը կատարել լուծարուած Սփիւռքի նախարարութիւնը կանգուն պահելու կամ զանիկա այլ ինքնուրոյն կառոյցով մը փոխարինել-չփոխարինելու նպատակայարմարութեան խնդրին շուրջ վերջին օրերուն հայաստանեան եւ սփիւռքեան քննարկումներուն ընթացքին արտայայտուած գլխաւոր ուղղութիւններուն։

Յետեղեռնեան, «հին» Սփիւռքէն բարձրացած ձայներուն մէջ կան ե՛ւ նախարարութեան պահպանումը պահանջողներ ե՛ւ ուրիշներ, որոնք կ’ընդգծեն թէ նախարարութիւնը նախորդ տարիներուն իրենց կեանքին մէջ որեւէ դրական լուրջ փոփոխութիւն չէ մտցուցած եւ ատոր համար ալ դէմ չեն անոր փակման։ Կայ նաեւ երրորդ խումբ մը, որ կը ձայնակցի հայաստանեան այն տեսակէտին թէ Հայաստանը պէտք է ունենայ ո՛չ թէ սփիւռքի, այլ հայրենադարձութեան նախարարութիւն (այս մասին՝ ստորեւ)։ Ես աւելի շատ նախարարութիւնը պահելու կոչ ընող ելոյթներու հանդիպեցայ քան՝ հակառակը, բայց քանի որ ստոյգ վիճակագրութիւն անկարելի է ընել սոցիալական ցանցերու միջոցով, իսկ աւանդական լրատուամիջոցներն ալ սովորաբար միայն խմբագրութեան հետ համակարծիք նիւթեր կը հրապարակեն, կը խուսափիմ կտրուկ հաստատումներ ընելէ թէ ո՛րն է գերիշխողը։

Անձնապէս, ես կ’ուզեմ սփիւռքով համակողմանիօրէն զբաղող, անկախ կառոյց մը տեսնել, որ ունենայ իր յստակ ղեկավարը, որ միա՛յն սփիւռքով զբաղի ու անմիջականօրէն հաշուետու ըլլայ վարչապետին կամ փոխվարչապետերէն մէկուն։ Բայց այս կարճ պարբերութեան մէջ արտայայտուող կարծիքը մէկ անձի տեսակէտ է, որ կրնայ նման կամ տարբեր ըլլալ ընթերցողի նախընտրութենէն։ Ինձմէ զատ որեւէ մէկուն անուոնով չեմ խօսիր։

Հայաստանի մէջ արտայայտուած տարբեր կարծիքները, ըստ իս, աւելի կարեւոր են՝ քանի որ, դարձեալ՝ ըստ իս, Հայաստանի պետութիւնն է, որ աւելի շահագրգռուած պէտք է ըլլայ հայ սփիւռքի հետ իր կապերը սերտացնելով՝ քանի որ ան սփիւռքէն կ’ակնկալէ ե՛ւ մարդասիրական օժանդակութիւն, ե՛ւ տնտեսական ներդրումներ, ե՛ւ մասնագիտական օժանդակութիւն, ե՛ւ ներգաղթ։ Սփիւռքի մէջ ալ (առնուազն՝ յետեղեռնեան, «հին» սփիւռքի մէջ) Հայաստանի հետ աւելի սերտ համագործակցութիւն ցանկացողներն ալ մեծ մասամբ համոզուած են, որ այս հանգրուանին սփիւռքը Հայաստանին աւելի շատ պիտի տայ քան ակնկալէ ու պիտի բաւարարուին եթէ վստահ ըլլան թէ իրենցմէ բխած այլատեսակ օժանդակութիւնները Հայաստանի մէջ կ’օգտագործուին խելամտօրէն ու գէթ մազաչափ մը կը նպաստեն երկրի սոցիալ-տնտեսական կայունացման ու յառաջընթացին, գիտութեան, կրթութեան եւ կեանքի այլ ոլորտներու զարգացման։

Կը տեսնեմ թէ Հայաստան-սփիւռք կապերու ապագային մասին հայաստանաբնակ մեկնաբաններն ալ մի քանի խումբի կը բաժնուին։

1. Կայ խումբ մը, որ դէմ է նախարարութեան լուծարման եւ անհրաժեշտ կը գտնէ որ անիկա վերականգնուի եւ կամ ստեղծուի անոր նման նոր կառոյց մը։

2. Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման ջատագովներէն ոմանք իբրեւ փաստարկ կը գրեն թէ Հայաստանը որեւէ պարտաւորութիւն չունի սփիւռքի հանդէպ։ Ասիկա կառավարութեան հրապարակային տեսակէտը չէ, բայց կրնայ իբրեւ այդպիսին ընկալուիլ անոնցմէ որոնք կ’ուզէին կանգուն տեսնել Սփիւռքի նախարարութիւնը։ Սփիւռքի մէջ ալ այս տեսակէտը կրնան ողջունել անոնք, որոնք կը կարծեն թէ սփիւռքը իր կարողութիւնները կը մսխէ յետխորհրդային Հայաստանի մէջ եւ թէ, ընդհակառակը, այդ ամէնը պէտք է նպատակաուղղուին միա՛յն սփիւռքի ներքնակառոյցները ուժեղացնելու համար։

3. Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման ջատագովներու այլ խումբ մը կը նշէ թէ նախարարութիւնը որեւէ լուրջ օգուտ չէ բերած Հայաստանին եւ անոր գոյութիւնը միայն աւելցուցած է Հայաստանի քաղաքացիներուն հարկային բեռը։ Սա եւս ժխտական արձագանգ կրնայ գտնել սփիւռքահայութեան լայն շերտերու մօտ, ներառեալ՝ անձինք, որոնք կը հրճուին Հայաստանէն յառաջընթացի լուրերով, բայց խնդիր չեն տեսներ Սփիւռքի նախարարութեան չգոյութեան մէջ։

4. Սփիւռքի հետ կապերը սերտացնելու կոչ ընող խումբ մը կայ, որ կ’արդարացնէ նախարարութեան լուծարումը, բայց նաեւ կառավարութենէն կ’ակնկալէ, որ ներկայացնէ համագործակցութեան նոր եւ ըստ իրենց աւելի արդիւնաւէտ ձեւաչափ մը։ Սա նաեւ ներկայ կառավարութեան կիսապաշտօնական մեկնաբանութիւնն է, բայց առայժմ ո՛չ կառավարութիւնը եւ ո՛չ ալ այս տեսակէտի պաշտպանները քննարկման ներկայացուցած են որեւէ նոր ձեւաչափ եւ ո՛չ ալ ժամկէտ նշած՝ այն հրապարակելու համար։

5. Ի վերջոյ, կայ նաեւ խումբ մը (որ, ինչպէս վերեւը նշեցի, ձայնակիցներ ունի սփիւռքի մէջ ալ), որ կ’ուզէ սփիւռքի նախարարութեան տեղ ունենալ հայրենադարձութեան նախարարութիւն մը։ Ի հարկէ առաջարկուած այս փոփոխութիւնը գաղափարախօսական շեշտ կը կրէ, բայց` իրապաշտ ըլլալով, չմոռնանք որ նոյնիսկ եթէ 2040 թուականին Հայաստանը հասնի եւ անցնի Սերժ Սարգսեանի փայփայած չորս միլիոն թուաքանակը, ապա այդ ժամանակ անգամ Հայաստանէն դուրս աւելի շատ հայ պիտի ապրի քան Հայաստանի մէջ։

Այս օրերուն Հայաստանի մէջ շատերու կողմէ իտէալականացուող Իսրայէլն անգամ իր սահմաններէն ներս կը պարփակէ աշխարհի հրեաներուն միա՛յն մէկ երրորդէն մինչեւ կէսը (նայած թէ ինչպէ՛ս կը սահմանենք հրէական ինքնութիւնը)։

Հայրենադարձութեան աճը պիտի չնոյնանայ սփիւռքի արագ շոգիացման հետ։ Առաւել եւս, այս մօտեցումը ինքնաբերաբար կը վանէ այն անձինք, որոնք այսօր-վաղը Հայաստան հաստատուելու մտադրութիւն չունին, բայց ցանկութիւն ու պատրաստակամութիւն ունին Հայաստանին օժանդակելու՝ եթէ իրենց բացատրուի թէ Հայաստանը ինչի՛ կարիք ունի եւ թէ իրենք ինչպէ՛ս կրնան լեցնել այդ բացերուն մէկ մասը։

Պատկերացուցէ՛ք ապագայ իրավիճակ մը, երբ՝ Իսրայէլի պետութեան կոչին անսալով, ԱՄՆ-ի բոլոր հրեաները Իսրայէլ վերադարձած են։ Այլեւս ամերիկեան կառավարութեան մէջ ո՛չ մէկ հրեայ կայ։ Նաե՛ւ չկան ԱՄՆ-ի քաղաքացի, ամերիկաբնակ հրեաներ, որոնք ամերիկեան քոնկրէսի թեկնածուներուն նիւթական կամ այլատեսակ օժանդակութիւն տրամադրեն ընտրութիւններու ժամանակ…

Ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ այս ենթադրեալ նոր իրավիճակը Իսրայէլ-ԱՄՆ յարաբերութիւններուն վրայ։ Իսրայէլն այդպիսով իր անվտանգութիւնն (ապահովութիւն) աւելցուցա՞ծ կ’ըլլայ՝ հակառակ որ այս պարագային աշխարհի բոլոր հրեաները ենթադրաբար միատեղ՝ իրենց սուրբ տեղերուն շուրջ, բոլորուած կ’ապրին։ Ինչպէս յաճախ կը նշէ մեր երիտասարդ սփիւռքագէտներէն մէկը մեր անձնական զրոյցներուն ժամանակ, իրողութիւնն այն է, որ աշխարհի պատմութեան մէջ չէ եղած սփիւռք մը, որ ամբողջութեամբ բնօրրան վերադարձած ըլլայ։

Արա Սանճեանի նախորդ գրությունը

Սփիւռքի հետ կապերը փոխվարչապետի գրասենեակէն համակարգուելու տարբերակը շատ մշուշոտ է այս հանգրուանին