ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
Մօտ ապագային, պիտի գումարուի ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը: Կուսակցութեան կանոնագիրով հաստատուած չորս տարին անգամ մը գումարուող այս ժողովը հիմնականօրէն կոչուած է գնահատելու իր բարձրագոյն մարմինի՝ Բիւրոյի նախորդ տարիներու գործունէութիւնը, ճշդելու՝ կուսակցութեան յառաջիկայ տարիներու գործունէութեան ուղեգիծերը տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ ընտրելու նոր Բիւրոյի կազմը:
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններով մեկնարկած նոր ժամանակներու առաջին ժողովը պիտի ըլլայ ասիկա: Ենթադրելի է, հետեւաբար, որ իշխանական նոր ուժերու ձեւաւորումով, բայց մանաւանդ քաղաքական նոր գործօնի՝ ժողովուրդի վճռորոշ դերակատարութեամբ յատկանշուող այս նոր ժամանակներու տինամիզմը իր ներգործող ազդեցութիւնը պիտի ունենայ այս ժողովին վրայ: Այլ խօսքով, Հայաստանի մէջ քաղաքական նոր իրականութիւն մը կայ եւ բնական է ենթադրել որ այս Ընդհանուր Ժողովը անկեղծ հաշուառումը ընէ անոր:
Նոր ժամանակներու իրատես գնահատումի թելաթրական պատգամն է ասիկա, որուն արձագանգները ամէնէն առաջ կը լսենք մեր ժողովուրդէն եւ յատկապէս անոր այն հատուածէն որ Դաշնակցութիւնը ազգային եւ գաղափարական արժէք կը համարէ եւ անոր խօսքին ու գործին նկատմամբ տակաւին մեծ յոյսեր կը կապէ: Բնաւ պէտք չէ կասկածիլ, որ մեր ժողովուրդը իրական ակնկալութիւններով պիտի հետեւի այս ժողովին, իսկ անկէ բխած ամէն որոշում կամ ընտրութիւն ըստ այնմ, առաջին հերթին, իր գնահատականի պրիսմակէն պիտի անցընէ վստահաբար:
Մայիսեան իրադարձութիւններու արդիւնքով ժողովուրդի գործօնին քաղաքական դաշտ մտնելու հանգամանքներով կարելի է միայն բացատրել այս շահագրգռութիւնը:
Հայաստանի քաղաքացին իր քուէի ձայնով այսուհետեւ քաղաքական ուժ ու ազդակ է երկրին մէջ եւ, իբրեւ այդպիսին, բնականօրէն չի կրնար անտարբեր ըլլալ իր շրջապատի քաղաքական իրադարձութիւններուն:
Փոխադարձաբար եւ նոյն տրամաբանութեան հետեւողութեամբ, ժամանակը եկած պէտք է համարել, որ երկրին մէջ գործող քաղաքական ուժերը անդրադառնան, որ այսուհետեւ իրենց քաղաքական որոշումներն ու ընտրութիւնները միայն կուսակցական եւ համակիր շրջանակներու ներքին «սպառում»ին չեն ծառայեր, այլեւ աւելի լայն ընկալում ունին, քաղաքականօրէն հանրային հասարակական տրամադրութիւններ ու կարծիքներ գոյացնելու հնչեղութիւն ունին եւ որոնց հետեւանքով իրենց քաղաքական հեղինակութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն ժողովուրդին մօտ:
Հանրութեան եւ քաղաքական ուժերու միջեւ փոխադարձ ներգործութեան կշռոյթով գործելու այս եղանակը քաղաքական նոր մշակոյթ մըն է Հայաստանի համար եւ որուն ստեղծման վարկանիշը անկասկած կ՛երթայ Մայիսեան ժողովրդային շարժման:
Քաղաքական այս նոր պայմաններու խաղի կանոններով աշխատելու դժուար կացութեան առջեւ է այսօր Դաշնակցութիւնը: «Մեր ժողովուրդ»ով սկսող ու վերջացող հռետորաբանութիւնները եթէ վայրկեան մը մէկդի դնենք, պիտի խոստովանինք, որ Դաշնակցութեան համար այս փոխներգործութեան ձեւաչափով գործելը բոլորովին նորութիւն է: Հետեւաբար, իբրեւ կուսակցութիւն, քաղաքական նոր մշակոյթ մը իւրացնելու խնդիրը ունինք մեր առջեւ, եթէ կ՛ուզենք քաղաքական առաջնահերթութիւն դարձնել մեր շուրջ բոլորուած զանգուածէն (համակիր կոչուի անիկա թէ կայուն ընտրազանգուած) անդինին հասնելու եւ զայն ներգրաւելու մտադրութիւնը: Եթէ այս մշակոյթի իւրացումը առարկայականօրէն կարելի չէր Սփիւռքի մէջ, ապա նոյնը կարելի չէ ըսել Հայաստանի պարագային:
Սփիւռքի դրուածքն է այնպէս որ ժողովուրդը իբրեւ քաղաքական գործօն կուսակցութիւններու վրայ ազդելու քաղաքական լծակներ ու միջոցներ չէ ունեցած: Այս պարզ իրականութենէն զարգացած է գործելու քաղաքական կենցաղ մը (յաճախ գերինքնավստահութեան ու անսխալականութեան յատկանիշերով)՝ ժողովուրդին առանց հաշուետու ըլլալու հանգամանքները նկատի ունենալու:
Սփիւռքեան պայմաններն ու միջավայրը, ինչպէս նաեւ աւանդական քաղաքական մտայնութեանց եւ նախապաշարումներու սահմանագիծերը մեծապէս նպաստած են առանց ժողովուրդի գործօնի հաշուառումին, առանց անոր հաշուետուութեան գործելու այս քաղաքական մշակոյթի ստեղծման: Սփիւռքեան այս միջավայրի ընձեռած «ապահովութեամբ» գործող քաղաքական բոլոր ուժերը ժողովուրդի վստահութեան քուէի փորձաքարին զարնուելու տագնապը կամ մտահոգութիւնը ընդհանրապէս չեն ունեցած: Այս ուժերուն համար ժողովուրդի իրենց հատուածին՝ իրենց կուսակցական ու համակիր անմիջական շրջանակին գոյատեւումը եղած է իրենց ամէնէն մեծ մտահոգութիւնը:
Ընդհանուր գնահատումով կարելի է ըսել, որ Հայաստանի մէջ սփիւռքեան քաղաքական մշակոյթի այս նոյն մտայնութեամբ գործելու փորձութեան մատնուեցանք անցնող երկու տասնամեակներուն, այս պարագային, սակայն, տեղւոյն քաղաքական միջավայրի ընձեռած «ապահովութեամբ»: Մէկ կողմէ «մեր դէմ խաղ չկայ»ի մտայնութեամբ մենաշնորհային իշխանական պայմանները, որոնք քաղաքականօրէն անդամալուծած էին ժողովուրդը եւ չեզոքացուցած՝ անոր քաղաքական գործօնի ազդեցութիւնը, իսկ միւս կողմէ, այս միեւնոյն պայմաններուն արդիւնքով քաղաքական ծրագիրներու ու գաղափարախօսութիւններու միջեւ մրցակցութեան բացակայութիւնը, անփութօրէն դիրքորոշուելու ու քաղաքական գործի ընտրութիւններ կատարելու շռայլութիւնը մատուցեցին: Շուրջ քսան տարիներու վրայ շարունակաբար գերիշխող քաղաքական այս մթնոլորտին մէջ ժողովուրդի գործօնը հաշուի չառնելու աշխատելաձեւը հետզհետէ դարձաւ բնական, թէեւ հոսանքն ի վեր թիավարելու ճանապարհը ընտրելու կարելիութիւնը միշտ ունեցած ենք: Ժամանակի ընթացքին ժողովուրդի գնահատականէն անկախաբար, քաղաքական կէտեր արձանագրելը աւելի կարեւոր թուեցաւ: Նոր Սահմանադրութեան օրինակը ուշագրաւ է այս իմաստով: Ներկայիս գործող Սահմանադրութեան ընդունումը քաղաքական կարեւոր իրագործում համարեցինք եւ, հասկնալիօրէն, զայն քաղաքական դրամագլուխ կուտակելու քարոզարշաւին ծառայեցուցինք: Ի հարկէ, տարբեր նիւթ է այս սահմանադրութեան բարեմասնութիւններուն կամ խոցելի երեսներուն մասին քննարկումը: Նոյնքան կարեւոր նիւթ էր, սակայն, եւ որուն ընդհանրապէս չանդրադարձանք, թէ ինչպէս ընդունուեցաւ այս սահմանադրութիւնը: Անընդունելիօրէն անտարբեր էինք սահմանադրութեան հանրաքուէի ընթացքին տեղի ունեցած համատարած կեղծիքներուն ու չարաշահումներու փաստին նկատմամբ:
Անհանգստութիւն ու տագնապ չապրեցանք այն իրողութեան դիմաց որ այս սահմանադրութեան ընդունումը մեր ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնը չէր: Ըստ էութեան ոչ մէկ խօսք, ոչ մէկ անդրադարձ կամ մտատանջութիւն մեր կողմէ, որ այս նոր սահմանադրութիւնը ժողովուրդի վստահութեան քուէին չարժանացաւ:
Տարիներու ընթացքին հաշտուեցանք նաեւ ժողովուրդի կամքը չարտայայտող եւ անոր վստահութեան քուէին չարժանացած խոր-հրդարանական ընտրութիւններու իրականութեան հետ: Իննիսունականներուն մեր բարձրացուցած բողոքի ու դատապարտումի ալիքները, այդպէս, ժամանակի ընթացքին անհետացան, հակառակ անոր որ ըստ էութեան ոչինչ փոխուած էր դէպի լաւը: Մեր քաղաքական ծրագիրներու ու գաղափարական մրցակցութիւններու մասին պնդումները երեւան եկան ընտրութենէ ընտրութիւն եւ ապա անհետացան:
Ժողովուրդի գործօնի բացակայութեան պայմաններուն մէջ, մենաշնորհեալ քաղաքական մթնոլորտը աւելի ներգործող ազդեցութիւն ունեցաւ մեր վրայ: Հետեւանքը եղաւ այն, որ հետզհետէ սկսանք շրջանցել ընդհանրապէս դէպի ժողովուրդ արեւելումով մտածելու ու գործելու մեր գաղափարական շարժումի ուղին: Աւելի դիպուկ ձեւով դնելու համար՝ մեր ժողովուրդի ներուժին հաւատալով ու վստահելով գործելու ու տրամաբանելու քաղաքական մշակոյթէն հեռացանք, որուն արդիւնքով ժամանակի ընթացքին նեղցուցինք մեր քաղաքական մտահորիզոնը՝ (նախարար ու պատգամաւոր ունենալը համարեցինք քաղաքական իրագործում), դարձանք աւելի ինքնամփոփ ու ներհայեաց, մեր քաղաքական գործի տրամաբանութիւնը խարսխելով գերազանցապէս ներքին հաշուարկներու վրայ: Եւ այս բոլորը՝ քաջ գիտնալով որ Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ պատմութեան ընթաքին մղած ազգային ազատագրական պայքարի յաջողութեան ամբողջ գրաւը դրած է մեր ժողովուրդին վրայ: Քաղաքական հաշիւներու ու մեր «գրաւ»ի գաղափարական հաւատամքին միջեւ այս ակնյայտ հակասութիւնները հարթելու ժամանակն է այսօր:
Հասարակական քաղաքական կեանքի մէջ կուսակցութիւնները կը գործեն հիմնուելով ուժի երկու յենարաններու վրայ. կամ իշխանութեան կամ ժողովուրդին. երրորդը չկայ: Պարզ է բոլորին, թէ մենք ի՛նչ ընտրութիւն կատարած էինք մինչեւ մայիսեան շարժումը: «Ժողովուրդին համար», «Արցախի համար» կատարուած այս ընտրութիւնը վերջին հաշուով ժողովուրդը ընկալեց իբրեւ ընտրութիւն՝ առանց «համար»ներու: Նեխած համակարգին յենելով զայն բարեփոխելու «պալատական յեղափոխութեան» մեր տեսութիւնները փաստօրէն արձագանգ չգտան մեր ժողովուրդին մօտ: Իսկ զօրաւոր ու ապահով Արցախը իր ռազմավարական թիկունքին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան զօրութեան սկզբունքով պայմանաւորած մեր ժողովուրդին համար, այդ թիկունքը իր բնակչութենէն պարպելու, ամէն տեսակի փտածութեան մէջ զայն տնտեսապէս արիւնաքամ ընելու նախորդ իշխանութիւններու վարքագիծին մեր համակերպումը, ոչ համոզիչ դարձուցին մեր արցախեան դիրքորոշումը:
Մեր ժողովուրդին հետ հաշուի նստելու մարտահրաւէրը ունինք մենք այսօր: Ի հարկէ, ընդհանուր ժողովը կրնայ այս իրականութենէն անկախաբար իր գործը կատարել: Բոլոր պարագաներուն ալ, այսույետեւ, վերջին խօսքը միշտ ժողովուրդին կը մնայ:
22 Դեկտեմբեր, 2018