Դրականն Ալ Տեսնենք – Րաֆֆի Տուտագլեան

499

Նամակ երկրէն

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու քարոզարշաւը իրապէս որ շատ տգեղ է: Սուտը ճիշդին խառնուած, ֆէյքն ու իրականը անհասկնալի, փոխադարձ հայհոյանքները անպակաս՝ Հայաստանի պատմութեան ամէնէն տգեղ նախընտրական քարոզարշաւին ականատեսը կ’ըլլանք այս օրերուն: Ոմանց համար, համաժողովրդային յեղափոխութեան առաջնորդները, որոնք խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունենալու կը ձգտին, օտարի կամ Ճորճ Սորոսի գործակալներ են… Անոնք ուղարկուած են Հայաստան՝ ազգային արժէքները քանդելու եւ Արցախը ծախելու համար: Այլ հանճարներ յանկարծ յայտնաբերած են, որ Նիկոլն ու իր ընկերները Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պատրաստած քատրերն են, որոնք յատուկ աճեցուած են՝ Հայաստանը անդունդ գլորելու, բոլորին ձերբակալելու եւ երկիրը բռնատիրական կարգերով ղեկավարելու մաքիավելական նպատակով: Ուրիշ խելացիներ կը պնդեն, որ Նիկոլ Փաշինեանին ետեւը կանգնողը Սերժ Սարգսեանն է (նաեւ իր փեսան՝ Միշիկը): Այս երկուքը իրենց բացառիկ տաղանդով ու մե՜ծ հմտութեամբ կը ղեկավարեն Ապրիլէն սկսած իրադարձութիւններու ամբո՛ղջ գործընթացը, իսկ մնացած ամէն ինչը՝ շինծու է, թատրոն է: Անդին, Նիկոլ Փաշինեանի համակիրներէն ոմանք, այլ տեսակի անեթեթութիւններ դուրս կու տան. պէտք է փակել եւ արգիլել երկիրը թալանած Հանրապետական կուսակցութիւնն ու անոր երբեմնի լծակից ուժերը, կ’ըսեն այս իմաստակները եւ բոլորին գլխուն լուտանքներ կը թափեն:

Փոխադարձ ամբաստանութիւնները շատ են, մարգարէութիւնները՝ աւելի՛ շատ: Եթէ հեռուէն հետեւինք ու եթէ յանկարծ քիչ մը աւելի ուշադիր լսենք այս մարդոց, մանաւանդ Մայիսին իշխանութիւնը կորսնցուցած քաղաքական ուժերու յայտարարութիւններուն, պիտի մտածենք, որ Հայաստանի վերջը արդէն եկած է, ափոքալիփս է, երկիրը արդէն քար ու քանդ է, Արցախն ալ շուտով թուրքերուն ձեռքը պիտի անցնի: Քիչ կը մնայ որ ըսեն՝ ինչ ունիք-չունիք ռուսին ու պարսիկին ծախեցէք ու երկրէն փախէք, այ անխելք հայեր…

Մէկ կողմէն՝ կայ մեղադրանքներու եւ ամբաստանութիւններու տարափ, եւ միւս կողմէն՝ առանց դոյզն իսկ տրամաբանելու, նոյն ամբաստանութիւններու եւ մեղադրանքներու բառացի կրկնութիւն, մունետիկի դեռ ստանձնած հայաստանեան եւ սփիւռքեան թութակներու կողմէ: Ի վերջոյ, ոմանք նաեւ իրենց сredibility-ն պահելու, իրենց քաղաքական դերն ու դիրքը չկորսնցնելու խնդիր ունին ո՛չ թէ Հայաստանի, այլ Սփիւռքի՛ համակիր եւ հետեւորդ շրջանակներուն մէջ ու բացի կրակին վրայ իւղ թափելէ, փրկելու եւ փրկուելու ուրիշ ոչ մէկ հնարամիտ ձեւ գիտեն: Ափսոս, քիչերն են, որ կիրքերու բորբոքումին մէջ ոչ մէկ իմաստ եւ օգտակար բան կը տեսնեն: Քիչերն են, որ մակերասայինէն անդին, անհեթեթ յայտարարութիւններէն անդին կ’անցնին եւ խնդիրներուն խորքը կը տեսնեն:
Բայց հակառակ այս բացասական մթնոլորտին, պէտք է տեսնել նաեւ մի քանի դրական երեւոյթ: Այստեղ ես կ’ուզեմ անդրադառնալ երկու դրական երեւոյթներու, որոնք յոյս կը ներշնչեն եւ միաժամանակ մտածել կու տան, որ յեղափոխութիւնը իրապէս փոփոխութիւններ պիտի բերէ մեր երկրին մէջ:

Առաջինը՝ պետական հեռուստացոյցով՝ Հ1-ով սփռուող բանավէճերն են: Բանավիճողները, անցեալի նման, Բաղրամեան 26-ի թելադրանքով տեսախցիկին առջեւ յայտնուող մարդիկ չեն: Այսօր պետական եւ ոչ պետական մեդիայի մէջ մեծ տեղ ունին նաեւ ընդդիմադիրները՝ հանրապետականները եւ միւս հակաիշխանական ուժերը: Թէեւ ոմանք մտքի տեռորի եւ բռնութիւններու մասին կը խօսին, շատեր, սակայն, կրնան վկայել, որ Հայաստանի մէջ մեդիան, ներառեալ պետական եւ ոչ պետական մեդիան, անցնող տարիներունայսքան ազատ չէ եղած եւ այսքան շատ տեղ չէ տրուած քաղաքական հակադիր ուժերու: Անցեալին՝ ընդդիմադիրները սահմանափակ տեղ կ’ունենային, կամ յատուկ կ’ընտրուէին իշխանաւորներուն կողմէ՝ նոյն իշխանութիւններու հովանաւորած մեդիային մէջ ինչ որ թեմայով ելոյթ ունենալու համար: Այսօր, տարբերութիւնը յստակ է: Հ1-ով, օրինակ, այսօր իրար դէմ կու գան Հանրապետականն ու Քաղաքացիական Պայմանագիրը, Դաշնակցականն ու Բարգաւաճը, կամ՝ բոլորը միասին: Այս բոլորին մէջ ամէնէն յատկանշականը Հանրապետական Արփինէ Յովհաննիսեանի եւ Քաղաքացիական Պայմանագրի անդամ Լենա Նազարեանի հեռուստաբանավէճն էր: Ես չեմ յիշեր, որ անցեալին, ՀՀԿի իշխանութեան օրերուն, նման առիթ տրուէր հակաիշխանական ուժերուն ու մասնաւորաբար՝ արմատական ընդդիմադիր Նիկոլ Փաշինեանին:

Դրական երկրորդ երեւոյթը դարձեալ կը վերաբերի Արփինէ Յովհաննիսեանին եւ Լենա Նազարեանին: Ահաւասիկ երկու կիներ, որոնք քաղաքական երկու հակադիր կուսակցութիւններու ղեկավար դիրքերու վրայ կը գտնուին եւ հեռուստացոյցով լուրջ բանավէճ կ’ունենան: Սա արդէն Հայաստանի մէջ ձեւաւորուող քաղաքական նոր մշակոյթ ցոյց կուտայ: Էականօրէն սկսած է բարձրանալ կնոջ դերը՝ քաղաքական, հասարակական եւ ընկերատնտեսական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Կարեւոր չէ, թէ ո՞վ տիրական էր կամ ո՞վ աւելի լաւ հանդէս եկաւ այս բանավէճին: Կարեւոր եւ դրական երեւոյթը այն է, որ այսօր արդէն օրէ օր իրականութիւն կը դառնայ կնոջ դերակատարութեան բարձրացումը մեր հայրենիքին մէջ: Որոշ կուսակցութիւններու ընտրացանկին մէջ մեծ է նաեւ կին թեկնածուներու թիւը, հասնելով մինչեւ աւելի քան 40 տոկոսի, որ աննախընթաց է Հայաստանի պատմութեան մէջ:

Ընտրապայքարի թէժ մթնոլորտին մէջ՝ կոշտ ու կոպիտ յայտարարութիւններու, փոխադարձ անհեթեթ մեղադրանքներու եւ տգեղ արտայայտութիւններու շարանը եթէ պահ մը մէկ կողմ դնենք, անպայմանօրէն պիտի տեսնենք նաեւ այս դրական երեւոյթները: Ի վերջոյ, մեր ժողովուրդի պայքարը եւ մայիսեան յեղափոխութիւնը իր նպատակին հասնելու համար երկար ճամբայ ունի կտրելիք: Եւ առաջին քայլերը կը տեսնուին արդէն:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com