Ի՞նչ Լեզու Կը Հասկնան Ճնշումով Աթոռ Գրաւածները. Նամակ երկրէն

580

Երեկ, Սերժ Սարգսեանի եւ իր դաշնակիցներու խարդաւանանքներով ձեւաւորուած եւ ազգը չներկայացնող Ազգային Ժողովին մէջ, Հանրապետական կուսակցութիւնն ու իր լծակից ուժերը հերթական անգամ ձախողեցուցին կառավարութեան կարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկը՝ ընտրական նօր օրէնքը:

Օրէնքը անցնելու համար պէտք է ստանար 63 ձայն, բայց ստացաւ միայն 56 ձայն: Դէմ քուէարկեցին 3 հոգի: Մեծ էր բացակայ պատգամաւորներու թիւը, մեծաւ մասամբ՝ ՀՀԿական: ՀՅԴ-ն եւ ԲՀԿ-ն յայտարարած էին, թէ կողմ են ընտրական նոր օրէնքին եւ թեր պիտի քուէարկեն, քանի որ այս նոր օրէնքը աւելի լաւն է քան նախկինը: Շատերու համար անհասկնալի պատճառներով՝ ՀՅԴ-էն երկու հոգի չքուէարկեցին, իսկ ԲՀԿ-էն բացակայեցան երկու հոգի եւ եւս երկու հոգի չքուէարկեցին: Եթէ այս 6 պատգամաւորները թեր քուէրակէին, ընտրական նոր օրէնքին կողմ քուէարկողներու թիւը պիտի հասնէր 62-ի, այսինքն պիտի պակսէր մէկ ձայն միայն: Իսկ կարելի չէ՞ր այդ մէկ ձայնը ապահովել ոչ ՀՀԿ-ական բացակայ պատգամաւորներէն մէկը ժողովի բերելով: Կարելի էր:

Փողոցին մէջ արդէն կը խօսուի ոչ-իշխանական ուժերու հերթական դաւադրութեան մասին: Մարդիկ հարց կու տան թէ ինչու՞ 6 հոգի չքուէարկեցին, ինչու՞ այսքան մեծ էր նաեւ ՀՀԿ-էն հեռացած՝ բացակայ պատգամաւորներու թիւը: ՀՀԿն բացայայտօրէն դէմ արտայայտուած էր նոր օրէնքին եւ հասկնալի է իր կեցուածքը, բայց միւսնե՞րը…
Փողոցի խօսակցութիւնները, ի հարկէ, կը մնան փողոցի խօսակցութիւն: Բայց յստակ է, որ ՀՀԿ-ն որոշած է ձախողեցնել նոր օրէնքը, որովհետեւ Դեկտեմբերի ընտրութիւններուն շատ, շա՜տ քիչ պիտի ըլլան ՀՀԿ-ին քոէարկող քաղաքացիները, իսկ ռէյթինկայինով հաւանաբար դեռ եւս կարելի է գոնէ մի քանի տոկոս «խփել»:

ՀՀԿ-ն փաստօրէն ունի նաեւ համախոհներ, գլխաւորաբար նախկին «զինակիցներ» եւ օլիգարխներ, որոնք նոյնպէս շատ բան ունին կորսնցնելիք նոր օրէնքի ընդունումով կամ՝ արտահերթ ու կանխահաս ընտրութիւններով ձեւաւորուելիք խորհրդարանին մէջ: Օլիգարխիան դեռ շատ աշխուժ է մեր հերկրին մէջ, թէեւ վարչապետը կրնայ հակառակը պնդել, ու կը պնդէ: Համախոհութեամբ եւ բանակցութիւններով առաջ գնալու մարտավարութիւնը ըստ երեւոյթին լաւապէս կը չարաշահուի այս ուժերուն կողմէ: Օլիգարխիան եւ իր հետ դաշնակցած հին ու նոր ուժերը դիւրին-դիւրին տեղի պիտի չտան, շատ պարզ է:

Պէտք է հասկնալ, որ օլիգարխիան եւ իրենց հովանաւորութեամբ գործող ուժերը անցեալին ժողովուրդին հետ խօսած են ճնշումի ու կաշառքի լեզուով միայն եւ այդ ձեւով պահած են իրենց իշխանութիւնը: Ժողովուրդի վրայ ճնշումը եւ բիրտ ուժը եղած են իրենց գլխաւոր գործիքները, որոնք գործադրուած են տարիներ շարունակ, իրենց համար իւրաքանչիւր կարեւոր նախաձեռնութեան ընթացքին: Համախոհութեան ու բանակցութիւններու յորդորով հանդէս եկողները երեւի դեռ չեն հասկցած, որ օլիգարխիայի օգնութեամբ՝ օրէնսդիր թէ այլ իշխանութիւն գրաւած ուժերը իշխանութենէն կը հեռանան միայն ճնշումով, քանի որ անոնք ուրիշ լեզու չեն հասկնար, այլ մեթոտաբանութեան չեն տիրապետեր, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի ժողովուրդի քուէին եւ Ազգային ժողով ու կառավարութիւն ձեւաւորելուն: Դժբախտաբար, սա է իրականութիւնը, որուն հետ դեռ անկեղծ առերեսման չեն եկած դուրսի ու ներսի խրատ բաշխողները:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com