Յեղափոխութեան Երկու Նոր Յաղթանակները. Նամակ երկրէն

667

Հայաստանի քանի մը շրջաններուն մէջ Կիրակի օր տեղի ունեցան համայնքապետերու ընտրութիւններ: Շատ շատեր կ’ակնկալէին, որ յեղափոխութեան էֆորիայի պատճառով ընտրող քաղաքացիներուն բանականութիւնը մթագնած է եւ վարչապետ Փաշինեանի կուսակցութիւնը ջախջախիչ յաղթանակ պիտի տանի ամէնուրէք: Ծանօթերէս մէկը նոյնիսկ ժողովրդավարութեան մահ համարած էր յետ-յեղափոխութեան էֆորիան, իսկ ուրիշ մը շեշտած էր, թէ հապճէպ ընտրութիւնները ժողովուրդի կամքը պիտի չներկայացնեն, որովհետեւ անոնք յեղափոխութեան առթած էֆորիկ մլնոլորտին մէջ տեղի կ’ունենան: Այլ խօսքով, յեղափոխութիւնը կրտած է ընտրող զանգուածին մտածելու կարողութիւնը, ըսել կուզէին այս երկու յարգելի ծանօթներս:

Կիրակի օրուան տեղական մարմիններու ընտրութիւնները եկան փաստելու հակառակ թէզը. Փաշինեանի կուսակցութեան թեկնածուները ճիշդ է որ տպաւորիչ յաղթանակ տարին մի քանի քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, բայց Կապանի մէջ Փաշինեանի թեկնածուն պարտուեցաւ, երբ ընտրողներուն մեծամասնութիւնը իր քուէն տուաւ անկուսակցական թեկնածուի մը, իսկ Ներքին Գետաշէնի մէջ՝ ՀՀԿական գիւղապետը վերընտրուեցաւ։

Կարելի է տարբեր բացատրութիւններ տալ թէ ինչու Կապանի մէջ պարտուեցաւ Փաշինեանի կուսակցութիւնը եւ ինչու համատարած չեղաւ վարչապետի կուսակցութեան յաղթանակը: Կարելի է նշել Հունան Պօղոսեանի մարզպետ նշանակումը, նախկիններու դեռեւս ազդեցիկ ներկայութիւնը կամ հանքեր պեղող ընկերութիւններու դերակատարութիւնը, եւայլն: Այս բոլորը կրնան ճիշդ կամ սխալ ըլլլալ եւ անհրաժեշտ է վերլուծել ու հասկնալ ընտրութիւններու արդիւնքները:

Այստեղ սակայն ես կ’ուզեմ ընդգծել այն, որ նուազ քան երեք շաբթուան ընթացքին, Հայաստանի մէջ երկու անգամ տեղի ունեցան ազատ եւ արդար ընտրութիւններ, որոնց նմանը տեսնուած չէր անցնող երկու տասնամեակին եւ անկէ առաջ, երբ ՀՀՇը, ՀՀԿը եւ դաշնակիցներ՝ ընտրութիւններէ զատ ինչ տեսակ թատրոն ուզէք կազմակերպած էին ընտրատեղամասերուն մէջ:

Ազատ եւ արդար ընտրութիւններու կայացումը յեղափոխութեան յաղթանակն է անկասկած, եթէ նոյնիսկ յեղափոխոութիւնը առաջնորդած ղեկավարին թեկնածուն չկրցաւ յաղթել այս կամ այն շրջանին մէջ, կամ մեծ յաղթանակներ ունեցաւ մէկ այլ վայրի մէջ: Չմոռնանք, որ յեղափոխութեան նպատակը ոչ թէ իշխանութիւն պարտադրել է, այլ իշխանութիւն ընտրել՝ հայ քաղաքացիի ազատ կամարտայայտութեամբ եւ ընտրական արդար ու հաւասար պայմաններու ստեղծմամբ: Այս վերջին ընտրութիւնները վստահաբար այս ուղղութեամբ առնուած յատկանշական քայլեր են: Սա մէկ յաղթանակ:

Իսկ երկրոդ յաղաթանակը կը վերաբերի Եւրոպայի Խորհուրդի Վենետիկեան Յանձնաժողովի տուած գնահատականներուն՝ ընտրական նոր օրէնսգրքին: Նախ ըսեմ, որ Հանրապաետականները եւ իրենց ենթակայ ուժերը շատ հետաքրքրական մօտեցում ունին Հայաստանի վերաբերեալ եւրոպացիներու եւ արեւմուտքի դիրքորոշումներուն հանդէպ: Մէկ կողմէն՝ յաճախ կը քննադատեն Եւրոապական արժէքները, որոնք ըստ հանրապետականի եւ իրենց լծակիցներուն, յարիր չեն հայկական մտածելակերպին եւ արժէքներուն, բայց միւս կողմէն կը վազեն Եւրոպայի մէկ յանձնաժողովէն միւսը՝ դրամաշնորհ կո մուրան ու Եւրապայի մեծ ընտանիքին մաս կազմելու դիմումնագրեր կը ներկայացնեն:

Կը քննադատեն արեւմտեան բարքերը, բայց Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւններու համախմբումին մաս կ’ուզեն կազմել: Կը բողոքեն, երբ Եւրոպան ընտրութիւններու ընթացքի վերաբերեալ քննադատական վերաբերմունք կը ցուցաբերէ, բայց միւս կողմէ, ընտրական նոր օրէնսգրքի վաւերացումին համար Վենետիկեան Յանձնաժողովի կարծիքով կ’ուզեն առաջնորդուիլ: Կ’ուզեն եւրոպական երկիրներու մեծ ակումբին մաս կազմել, բայց չեն ուզեր ենթարկուիլ այդ ակումբի խաղի բոլոր կանոններուն: Սա՝ ի միջի այլոց:

Հիմա վերադառնանք Վենետիկի Յանձնաժողովին, որուն կարծիքը՝ ընտրական նոր օրէնսգրքին մասին շա՜տ կարեւոր էր Հանրապետականին եւ դաշնակիցներուն համար: Անցեալ շաբաթ Վենետիկեան յանձնաժողովը մեծաւ մասամբ դրական եզրակացութիւն տուաւ ընտրական նոր օրէնսգրքին մասին: Ընդամէնը ունէր մէկ վերապահութիւն, որ կը վերաբերէր յանձնաժողովի եզրակացութիւններէն ետք՝ ընտրութիւնները մէկ տարի յետոյ կազմակերպելու ընդունուած սկզբունքին: Բայց դրական կարծիքները գերակշիռ էին ու հաւանաբար շատերու համար… անցանկալի:

Սա յեղափոխութեան երկրորդ յաղաթանակն է, որ միջազգային օրինականութիւն կու տայ ընտրական նոր օրէնսգրքին եւ տրամաբանական կը համարէ յեղափոխութենէն ետք ստեղծուած արտակարգ վիճակն ու ժողովրդավարական դրական իրադարձութիւնները: Հանրապետականները, որոնք շա՜տ մտահոգ կը թուէին ըլլալ Վենետիկի Յայնձնաժողովի եզրակացութեամբ, վստահաբար իրենց ամէնէն երջանիկ օրը չեն ապրիր, քանի որ միջազգային հանրութիւնը իր օրհնութիւնը տուաւ յեղափոխութենէն յետոյ տեղի ունենալիք արտահերթ ընտրութիւններուն:

Ամէն պարագայի, զոյգ յաղթանակներուն համար առաջին հերթին պէտք է շնորհաւորել հայ ժողովուրդը, որ ըստ ամենայնի օրէ օր քաղաքացիական աւելի բարձր գիտակցութիւն ձեռք կը բերէ եւ անշեղ ու անդառնալի ուղիի վրայ կը դնէ յեղափոխութեան նպատակներու իրագործման արդէն իսկ արագընթաց գնացքը:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի՝ rafdoud@aol.com