Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ

574

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

– Ալպօյաճեան Արշակ Ա., «Անհետացող դէմքեր – Գրիգոր Զօհրապ (Իր կեանքը եւ իր գործը)», խմբագիր` Ժիրայր Դանիէլեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»ի թիւ 97, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս – Լիբանան, 2018, 312 էջ (1919-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ լոյս տեսած գիրքին վերահրատարակութիւնը):

Առաքելեան Սերկէյ, «Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէթի ազգային ակադեմիական թատրոն», «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 656 էջ (21 x 29,7 սմ.) (արուեստի այս օճախի մասին հանրագիտարանային բնոյթի հրատարակութիւն, տարեգրութիւն, կենսագրականներ, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ):

Արզումանեան Զաւէն աւագ քահանայ, «Յիշարժան անդրադարձ – Հովիւի վեց տասնամեակներու ծառայութեան յուշերը», հրատարակութիւն Ա. Մ. Ն.ի արեւմտեան էջմիածնական թեմի, Պըրպենք – Ա. Մ. Ն., 2017, 266 էջ (134 էջը` անգլերէն, մնացեալը` հայերէն` ոչ նոյնական բովանդակութեամբ) (յուշեր էվերեկցի հօր տարագրութենէն մինչեւ ուսումնառութիւնը Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ, հրաժարումը Կիլիկիոյ Աթոռէն եւ կուսակրօնութենէն ու յիսնամեակէ աւելի քահանայական ծառայութիւնը Ա. Մ. Ն.ի մէջ):

Գրիգորեան Ստեփան, «Հայկական Թաւշեայ յեղափոխութիւն», «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 184 էջ (15 x 20 սմ.) (բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներ) (բնագրային հայերէն, թարգմանաբար` ռուսերէն եւ անգլերէն առանձին տարբերակներով հրատարակութիւն):

Թամոյեան Ազիզ, Թամոյեան Հասան, «Եզտիների զօրավար Ազիզ Թամոյեանի հրամանատարութեամբ Ճանկիր աղայի անուան եզտիական ռազմական ջոկատը արցախեան պատերազմում (1991-2016 թթ.)», «Սպիկա» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 200 էջ (14,5 x 20,2 սմ.) (զանազան նիւթեր, կենսագրութիւններ, փաստաթուղթերու պատճեններ, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ) (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, եզտիերէն եւ արաբերէն տարբեր նիւթեր): «Գիրքը հրատարակուել է Հ. Հ. պաշտպանութեան նախարար [2018-ի մայիսէն` նախկին – Գ. Ե.] Վիգէն Սարգսեանի հովանաւորութեամբ»:

Ծովիկեան Կրեկորիօ, «Ղարաբաղի պատմութիւնը հնագոյն շրջանէն մինչեւ անկախութիւն», «Nuova Prhomos» հրատարակչութիւն, Սիթա տի Քասթելլօ – Իտալիա, 2017, 584 էջ (21 x 29,7 սմ.) (Արցախի պատմութեան հանրագիտարանային բնոյթի աշխատութիւն` կատարուած ատամնաբոյժ հեղինակի կողմէ) (իտալերէն):

Մարանճի Քրիսթինա, «Հայաստանի արուեստը. Ներածութիւն», Օքսֆորտի համալսարանի հրատարակչութիւն, Օքսֆորտ – Անգլիա, 2018, 272 էջ (15,6 x 23,5 սմ.) (հայկական ճարտարապետութիւնը, քանդակագործութիւնը, մետաղամշակման ու փայտամշակման արուեստները, տարազը, մանրանկարչութիւնն ու խեցեգործութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 20-րդ դարի սկիզբը, 114 սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկար, 4 քարտէս, յատուկ անուններու եւ եզրերու ցանկ) (անգլերէն):

Պապեան Կորիւն, «Հոգեմատեան – Բանաստեղծութիւններ, հոգեւոր խորհրդածութիւններ, Հայ Եկեղեցւոյ լուսապսակ սուրբեր», խմբագիր` Վաղինակ ծայրագոյն վարդապետ Մելոյեան, հրատարակութիւն «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամի թիւ 23, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2018, 592 էջ (16,1 x 23 սմ.) (հոգեւոր բովանդակութեամբ բանաստեղծութիւններ, քարոզներ ու այլ գրութիւններ, Նոր Ջուղայի պատմութեան առնչուած հայագիտական երեք արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ):

Սարգսեան Սուրէն Թ., «Մկրտիչ Փորթուգալեանի հասարակական-քաղաքական կեանքը եւ «Արմէնիա» պարբերականը», Հ. Հ. Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2018, 494 էջ: Տպագրութիւնը իրականացած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան աջակցութեամբ:

Ստեփան Կերտող (Ստեփան Ստեփանեան), «Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու գործունէութիւնը առաջին հանրապետութեան տարիներին», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տպարան, Վաղարշապատ, 2018: Հատորը նուիրուած է «1918-ի մայիսեան հերոսամարտերի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին»: Լոյս տեսած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:

Տէր Կարապետեան Յակոբ, «Հայկական էթնիկ ինքնութիւնը համաշարադրանքի մէջ. Փորձառական եւ հոգեկան-ընկերային հեռանկարը», Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2018 (հայոց ազգային ինքնութեան հարցերը հոգեկան եւ հասարակական յարաբերութիւններու տեսանկիւններէ դիտարկող ու վերլուծող նիւթերու ժողովածու) (անգլերէն):

Տէր Մինասեան Վահէ, «Հայաստան – Երրորդ հանրապետութեան ժամանակագրութիւնը», «լ’Հարմաթան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018, 452 էջ (15,5 x 24 սմ.) (ֆրանսերէն):

Քիթապճեան Գրիգոր, «Վերադարձ դէպի Կեսարիա – Հարիւր տարուայ ճամբորդութիւն», անգլերէնէ թարգմանեց Անի Վարդանեան, «Գասփրինթ» տպարան, Երեւան, 2018, 259 էջ (Մեծ Եղեռնէն վերապրող ականատեսի յուշեր, լուսանկարներ):

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան