Քարոզչական Պատերազմին Մէջ Անընդունելին եւ Ընդունելին. Նամակ Երկրէն

1056

Վերջերս քարոզչական պատերազմը՝ ժողովրդային աջակցութիւն վայելող Վարչապետի կողմնակիցներուն և անոր հակադրուող քաղաքական ուժերու հետևորդներուն միջև արդէն հատած է կարմիր գիծ կոչուած սահմանը։

Յեղափոխութեան առաջին իսկ օրէն, հանրային կարծիք ձևաւորելու նպատակով, որոշ շրջանակներ շարունակաբար քարոզեցին, որ ժողովրդային շարժումը հայկական չէ, Սորոսի և արևմուտքի սարքածն է, աղանդաւորներու և ԼԳԲՏ-ի դաւադրութիւնն է, սատանայապաշտներու և ջհուդաթրքական գործակալներու եփած ապուրն է և դեռ չգիտեմ ինչ։

Որքան սաստկացաւ կոռումպացուած բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ պայքարը, նոյնքան և աւելի սաստկացաւ Նիկոլ Փաշինեանի և իր թիմին դէմ շղթայազերծուած քարոզչակա՛ն պայքարը՝ այս «հալածեալ»ներու մօտիկ շրջանակներուն և ՀՀԿ-ի համակիրներուն կողմէ։ Քարոզչական պայքարը իր գագաթնակէտին հասաւ և դեռ նոյն թափով կը շարունակուի, երբ նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանը Յատուկ Քննչական Ծառայութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ, Մարտի 1-ի արիւնալի դէպքերուն նախօրէին և ընթացքին՝ բանակի ներգրաւմամբ սահմանադրական կարգը խախտելու մեղադրանքով։ Մինչ Փաշինեան հանրութեան կը վստահեցնէր, թէ ինք որևէ ձևով չի միջամտէր դատաիրաւական համակարգի գործունէութեան, իր կառավարութեան մասնակից կուսակցութիւններէն՝ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց ձերբակալութեան կապակցութեամբ, շեշտելով, որ այս քայլը քաղաքական հալածանքի մտավախութիւն կրնայ յառաջացնել։

Հանրապետական կուսակցութիւնը՝ ՀՀԿ-ն ուղղակիօրէն դատապարտեց ձերբակալութիւնը և քաղաքական բանտարկեալի պատմուճան հագցուց նախկին ղեկավարի մը, որուն իշխանութեան տարիներուն՝ Արցախի և Հայաստանի մէջ, քաղաքական հալածանքները, մամուլի ազատութեանց և մարդկային իրաւանց բռնաբարումները իր ամէնէն թեթև մեղքերէն էին։

Բայց Նիկոլ Փաշինեանի դէմ ծայր առած քարոզչական պայքարը վաղուց արդէն անպատասխան մնացած չէր։ Քոչարեանի դէպքէն ետք, յեղափոխութեան և Փաշինեանին աջակցող հանրութեան մէջ ընդհանրապէս, և սոցիալական ցանցերուն ու ինթերնեթային լրատւութեան մէջ մասնաւորաբար, աւելի ուժգին թափ առաւ ՀՀԿ-ի և ՀՅԴ-ի դէմ քարոզչութիւնը։ Յեղափոխութեան և Փաշինեանի կողմնակիցները, արդէն մօտիկ անցեալին՝ նոյն հարթութեան վրայ դրած էին և նոյն ջուրով լուացած էին Սերժ Սարգսեանի օրերուն միասնաբար կառավարութիւն կազմած կոալիցիոն նախկին գործընկեր կուսակցութիւնները։ Անոնք, ի վերջոյ, Սերժ Սարգսեանի հետ դաշնակցած քաղաքական ուժերը հաւասարապէս պատասխանատու կը համարէին երկրին մէջ յամեցող անարդարութիւններուն և հայրենակործան կոռուպցիայի՝ փտախտի արմատաւորման համար։

Եւ այսպէս, Երեւանէն սկսեալ մինչև Սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, Նիկոլ Փաշինեանի դէմ քարոզչական պայքարի հովանաւորները, Հայաստան աշխարհի կործանումին բօթը տարածելով՝ արևմուտքի, ջհուդի, թուրքի, հակառուս Սորոսի, ԼԳԲՏ-ի, Արցախի թշնամիներու եւ հերետիկոսներու ծնունդ որակեցին Հայաստանի յեղափոխութիւնն ու նոր իշխանութիւնները։ Միւս կողմէ, Ժողովուրդի մեծամասնութեան համակրանքը վայելող Նիկոլ Փաշինեանի կողմնակից յայտարարուած շրջանակները՝ դաւաճան հռչակեցին Քոչարյանի նոր կամ հին դաշնակից համարուող կուսակցութիւնները և նոյնիսկ երկրէն ներս զանոնք արգիլելու կոչեր ըրին։

Հիմա, արդէն, քարոզչական պատերազմը հատած է տրամաբանականի, ընդունելիի և պարկեշտութեան սահմանները և վերածուած՝ փոխադարձ հայհոյանքներու։

Հաւասարապէս դատապարտելի են յեղափոխութիւնը և անոր ղեկավարները արատաւորելու հիւանդագին ու տգեղ ճիգերը ու նաև՝ նոր իշխանութիւններու ընդդիմախօսներուն դաւաճանի պիտակ փակցնելու ամուլ փորձերը կամ կուսակցութիւններ արգիլելու անընդունելի կոչերը։

Նոր իշխանութիւնները, որոնք համաժողովրդային յեղափոխութեան առաջնորդներն են, ունին քաղաքական յստակ օրակարգ՝ անողոք պայքար կոռուպցիայի դէմ, յանցագործներու արդար պատիժ, անկախ արդարադատութիւն, և վերջապէս բայց ոչ վերջինը՝ օրէնսդրական փոփոխութիւններով՝ խորհրդարանական ազատ և արդար ընտրութիւններ։ Յստակ է, որ քաղաքական այս օրակարգը կը վայելէ Հայաստանի ժողովուրդին և նոյնիսկ Սփիւռքի հայութեան մեծամասնութեան նեցուկը։

Ես ինքս իմ բազմաթիւ ընկերներուս հետ յեղափոխութեան մասնակցած եմ ճիշդ ա՛յս նպատակներու իրագործման համար և այսօր ալ ամբողջականօրէն զօրավիգ կը կանգնիմ նոր կառավարութեան, որպէսզի իրագործուին այն ծրագիրները, որոնց համար 100 հազարներու հետ փողոց իջեր էինք քանի մը ամիս առաջ։ Ոչ ոքի, ոչ իսկ ամենամտահոգ մարդուն իրաւունք կու տամ նենգամտօրէն արատաւորելու իմ և իմ ընկերներու պայքարը և մեր հաւաքական նպատակի իրագործման համար ի գործ դրուող ճիգերը։ Տեսանելի են նաև շինծու և բուռն այս քարոզարշաւին իսկակա՛ն նպատակները։

Միաժամանակ հասկնալի է, որ ոչ բոլորը համաձայն պիտի ըլլան կառավարութեան կարգ մը որոշումներուն և առած քայլերուն։ Չհամաձայնիլը և քննադատելը իրենց իրաւունքն է և նոյնիսկ՝ պարտաւորութիւնը, այնքան ատեն որ այդ անհամաձայնութիւնն ու քննադատութիւնը կոռուպցիայի դէմ պաքարն ու յանցագործութիւններու բացայայտումը, օրէնքի գործադրումը չեն խոչընդոտեր։ Ոչ ոք իրաւունք ունի ընդդիմախօսի կարծիքին վրայ այս կամ այն ձևով բռնանալու, դաւաճան որակելու և գործունէութիւնը արգիլելու։ Եւ հիմա բարեբախտաբար ոչ մէկ քաղաքացի ձերբակալուած է կամ բանտարկուած է իր կարծիքներուն և քաղաքական կեցուածքներուն համար։ Իսկ Քոչարեանը, կը ներեք, իր վրայ ունի լուրջ, շա՛տ լուրջ ամբաստանութիւններ և միայն դատարանը, անկա՛խ դատարանը պիտի որոշէ իր անմեղ կամ մեղաւոր ըլլալը։ Քաղաքական ուժերը, ովքեր ալ ըլլան, դատաիրավական համակարգի գործունէութեան խառնուելու և անոնց աշխատանքներուն քաղաքական գնահատական տալու ոչ մէկ իրաւասութիւն ունին։ Այսուհանդերձ, ինչ ալ ըլլան Քոչարյանի խնդրով քաղաքական ուժերու յայտնած գնահատականները, անընդունելի է այդ ուժերուն կամ կուսակցութիւններուն դաւաճան յայտարարելը և անոնց արգիլումը քարոզելը։

Իրականութեան մէջ, ինչ մեղքս պահեմ, կը կարծեմ, որ բանակի թալանը հանդուրժող ՀՀԿ-էն ակնկալելի է ամէն ինչ, բայց կարելի չէ նոյն ջուրով լուալ միւսները ու մանաւանդ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։ Մեր նորօրեայ պատմութեան գիտակից ոևէ հայ մարդ գիտէ այս կուսակցութեան առաջնորդող դերն ու տեղը՝ մեր ժողովուրդի հրաշալի գոյամարտին մէջ և անոր ազգային, քաղաքական, մշակութային և կրթական հսկայ, լայնածաւալ ու համատարած գործունէութիւնը Սփիւռքի մէջ։ Ես առանձնապէս ոչ տպաւորուած եմ, ոչ ալ համաձայն եղած եմ ՀՅԴ-ի վերջին տարիներու վարած ներհայաստանեան քաղաքականութեան և անկեղծօրէն արտայայտած եմ իմ հակառակ տեսակէտներս։ Բայց երբե՛ք, ոչ մէկ առիթով և ոչ մէկ պարագայի տակ կրնամ ընդունելի համարել դաւաճանի խարանը ՀՅԴ-ի ճակատին դրոշմելու նկրտումները, նոյնիսկ երբ ՀՀԿական իշխանութիւններու հետ անոր գործակցութիւնը ոչ մէկ լաւ արդիւնքի հասած է, կամ նոյնիսկ եթէ կուսակցական ղեկավարներ շարունակաբար սայթաքած են իրենց գործունէութեան ընթացքին։

Իսկ հիմա ժամանակն է, որ բոլորս աշխատինք՝ քարոզչական պայքարը իր ճի՛շդ, քաղաքակիրթ հունին մէջ տանելու ուղղութեամբ։ Հայ ժողովուրդի նորօրեայ յեղափոխութեան նպատակները պիտի իրագործուին, անկախ ամէն ինչէ, քանի որ վճռականօրէն այդպէս կը պահանջէ ու կը պարտադրէ նախ ի՛նքը՝ ինքնավստահութեան վերատիրացած ժողովուրդը։ Արտաքին մութ ուժերու գործակալներ փնտռել հայ ժողովուրդի նորօրեայ զարթօնքին, անոր փայլու՛ն յեղափոխութեան առաջնորդներուն մէջ՝ առնուազն անպարկեշտութիւն է։ Իսկ դաւաճաններ որոնել հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ռահվիրայ կուսակցութեան մէջ, նոյնիսկ երբ իր գաղափարական բարձունքին վրայ չի գտնուիր այդ կուսակցութիւնը, ոչ միայն անհանդուրժողութիւն է, այլև՝ անգրագիտութիւն։

Կուսակցութիւններ արգիլելը, ժողովուրդի յեղափոխական առաջնորդներուն մէջ օտարի գործակալներ փնտռելը նախորդ իշխանութիւններուն՝ Սերժ Սարգսեանի, Ռոբերտ Քոչարյանի և Լևոն Տէր Պետրոսեանի «տաղանդ»ներուն մաս կը կազմէ։ Յիշեցէք, որ այս երեքը դաշնակիցներ էին, երբ նորանկախ Հայաստանի մէջ արգիլուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը և ահաւոր հալածանք սկսաւ ընդդիմադիր բոլոր ուժերուն դէմ։

Փառք Աստուծոյ, յեղափոխութիւնը ուշ կամ կանուխ Հայաստանը պիտի փրկէ այս մարդոցմէ։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի։
rafdoud@aol.com