Տօնախմբութենէն ետք՝ Հայրենակերտումի Մեծ Մարտահրաւէրը

1502

Նամակ երկրէն

Մթնոլորտը տօնական է Հայաստանի մէջ: Վաղը Ապրիլ 24 է, բոլորս այլ պարտականութիւն ունինք կատարելիք: Նահատակներու սուրբ յիշատակը անպիղծ էր ու անպիղծ պիտի մնայ: Չորեքշաբթի օր յուֆորիան պիտի անցնի եւ իրերայաջորդ հարստահարող իշխանաւորներու տարիներով կուտակած հարցերը պիտի յիշեցնեն իրենց անողոք ներկայութիւնը: Ու մենք պիտի կրկին կանգնինք միլիոնէ աւելի աղքատներու, արտագաղթի, օլիգարխիկ տնտեսական համակարգի, ձախաւեր եւ անճոռնի տեղական իշխանութիւններու, կոռումպացուած պաշտօնատարներու, կեղեքողներով համալրուած Ազգային Ժողովի, անարդարութեանց եւ ընչաքաղցութեան լրջագոյն խնդիրներուն առջեւ: Ու դեռ, այս բոլոր խնդիրներուն կողքին մեր կեանքին մէջ ունինք anachronistic կուսակցութիւններ ու քաղաքական կեանքի մէջ փոքր ու մեծ միապետեր, որոնք այս խնդիրներու գոյառման պատճառներէն են անկասկած:

Շատ են, այո՛, մեր առջեւ ցցուած դժուարութիւնները: Բայց մենք աւելին ենք, քան մեր ազգի ու հայրենիքի զարգացումը խոչընդոտող բազմազան խնդիրները: Իսկ ամէնէն կարեւորը, խնդրիներու լուծման մղիչ ուժը պէտք է ըլլայ ազգային նորօրեայ այս հրաշալի զարթօնքը, որուն ներուժն ու առթած խանդավառութիւնը պէտք է վերածենք ոչ թէ գեղագիտական, այլ իսկակա՛ն փոփոխութիւններու մղիչ շարժակի: Ցնծութիւնը պիտի անցնի, եւ այո, կրկին անգամ պիտի զգանք, որ խնդիրներն ու հարցերը շատ են, մարտահրաւէրները հիմա շատ աւելի ահագնացած պիտի ցցուին մեր առջեւ: Բայց մենք ունինք հզօր երիտասարդութիւն, աշխարհով տարածուած ու հայաստանաբնակ հայ արհեստավարժ մասնագէտներ, հայրենասիրութեան նոր ոգի ու այս բոլորին հետ՝ վախէ ու ճնշումներէ ազատագրուած ժողովուրդ: Յանկարծ այնպէս չըլլայ, որ յետադիմական ուժերը՝ օլիգարխիան եւ անոնց դաշնակցող, պետական հարստութիւնը դրամատնային սեփական հաշիւի պէս օգտագործող բարձրաստիճան պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ ասոնց հետ սերտաճած, քաղաքականութիւն խաղացող ապագաղափարական ուժերը, դիմափոխուին ու դարձեալ տէր դառնան անցումային այս ժամանակաշրջանին: Դեռ եւս իշխանութիւններուն մէջ այս ուժերն են տիրականը, անոնք տեղի պիտի տա՞ն ազգային փառահեղ զարթօնքին առջեւ, թէ դարձեալ պիտի կարենան գետնառիւծի իրենց վարքագիծով ըստ ձեւի փոխուիլ, բայց ըստ էութեան մնալ նոյնը եւ ազգի ղեկը թեքել իրենց նախասիրած ուղղութեամբ:

Սա է մեր մեծագոյն մարտահրաւէրը: Իշխանական ուժերը չհասկցան ժողովուրդի դարդն ու ցաւը: Մնացին հին ու հնամաշ լոզունգներու եւ սուտ օրակարգերու գերին: Նոր օրակարգը շատ աւելի բարդ է, եւ շատ աւելի մեծ ճիգ կը պահանջէ մեզմէ, մեր բոլորէն:

Գրեցէք ինծի:
rafdoud@aol.com