Նոր գիրքեր. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1000

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

Աղպաշեան Համբարձում (ուսումնասիրեց եւ հաւաքեց), «Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ճանչցած թուրք մտաւորականներ», Բ. հատոր, հրատարակութիւն «Նոր Օր» թերթի, Փասատենա, Ա. Մ. Ն., 2018 (50 հոգիի վկայութիւնները) (անգլերէն): Ա. հատորը լոյս տեսած էր 2015-ին:

Թէրզեան Պերճ, «Գահիրէի համալսարանի Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը», յառաջաբանը Եգիպտոսի մէջ Հ. Հ.ի դեսպան Արմէն Մելքոնեանի, տպարան «Աֆրիքըն փրես», Գահիրէ, 52 էջ (17 x 24 սմ.) (1999-ի մարտին հիմնադրութեան գործընթացը սկսած, սակայն միայն 2007-ի սեպտեմբերին բացուած այս գիտական կառոյցի ստեղծման եւ գործունէութեան պատմութիւնը` բազմաթիւ փաստաթուղթերու շարադրանքներով հարստացած):

– «Լոռի-Գուգարքի 31 առակ եւ հեքիաթ», բարբառէն ֆրանսերէնի թարգմանեց Հրաչ Պետրոսեան, հրատարակիչ` «Հայերէն գրութեանց շրջանակ», Ֆրանսա, դեկտեմբեր 2017, 244 էջ (17 x 23 սմ.) (1915-1916-ին ազգագրագէտ-բանահաւաք Երուանդ Լալայեանի ժողոված բանահիւսական նիւթերու ընտրանի): Շարքի 3-րդ հրատարակութիւնն է: Առաջին երկուքը կը վերաբերին Արցախ-Սիւնիքի եւ Շիրակ-Բասեն-Ճաւախքի տարածաշրջաններուն:

Կիրակոսեան Արման Ճ. (խմբագիր եւ յառաջաբանի հեղինակ), «Հայաստանը եւ խորհրդայինեւթուրք յարաբերութիւնները դիւանագիտական փաստաթուղթերու մէջ, 1945-1946», ռուսերէն բնագիրէն թարգմանութիւնը` Հայկ Գուգարացի, անգլերէն թարգմանութեան խմբագիր` Նայիրի Արզումանեան, «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ» թիւ 11, տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2018, 458 էջ (14,6 x 21,5 սմ.) (Կիրօ Մանոյեանի մուտքի խօսքը, 8 գունաւոր քարտէս, յառաջաբան, ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկ, հեղինակին կենսագրութիւնը Դ. կողքին վրայ) (անգլերէն):

Համբարձումեան Ռաֆայէլ, «Յաղագս Արցախականի», խմբագիր` Սամուէլ Սեդրակեան, «ՎՄՎ-պրինտ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 88 էջ (Ա-5) (6-62-րդ էջերը` Արցախեան Շարժումի երեւանեան 1988-1990 թուականներու իրադարձութեանց խեղաթիւրումներու ճշդումներ եւ մեկնաբանում-գնահատումներ): «Հրատարակութեան ծախսերի կէսը հոգացել է թեհրանահայ գործարար Լեւոն Ահարոնեանը»: Հրատարակութիւնը նուիրուած է Արցախեան ազատամարտի 30-ամեակին:

Ճէրէճեան Եղիկ, «Պանդուխտ (Միքայէլ Սերեան)», «Հրասիրտները» մատենաշար թիւ 3, Պէյրութ, 2018, 238 էջ (17 x 24 սմ.) (նշանաւոր ֆետայի, հայկական կամաւորական 6-րդ գունդի հրամանատարին կեանքը, ծանօթագրութիւններ, օգտագործուած գրականութեան եւ անձնանուններու ցանկեր):

– Մանուկեան Աբէլ Քահանայ, «Վկայելով Մարդկութեան – Զուիցերիոյ Մարդասիրական Մասնակցութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին, 1894-1923», «Անխենտորֆ» հրատարակչութիւն, Զուիցերիա, փետրուար 2018, 606 էջ (15,5 x 23 սմ.) (զուիցերիական կազմակերպութիւններու եւ զուիցերիացի առանձին անհատներու ծաւալած հայանպաստ գործունէութեան պատմութիւնը՝ 1894-էն մինչեւ 1923 թուականները, անուանացանկեր, 82 լուսանկար) (անգլերէն):

– «Յովհաննէս Աղպաշեան (Խիկար) – Մարդը, գրողը, թարգմանիչը, հրապարակագիրը, քաղաքական գործիչը, երգիծագիրը», կազմեց եւ խմբագրեց Պարոյր Յովհաննէսի Աղպաշեան, Պէյրութ, նոյեմբեր 2017, 608 էջ (16,9 x 23,8 սմ.) (լիբանանահայ մտաւորականի հրապարակումներու ընտրանի, լուսանկարներու եւ արաբական մամուլէն կտրօններու յաւելուած): Լոյս տեսած է «Յովհաննէս Աղպաշեանը սիրող, յարգող, յիշող, սրտակից-գաղափարակից համակիր-բարեկամներու» օժանդակութեամբ:

– Պիլալեան Համբիկ, «Սպիտակ այգիներու ճամբեզրին», խմբագիր` Արմենակ Եղիայեան, հրատարակութիւն` Զաւէն եւ որդիք, Պէյրութ, 2017, 536 էջ (16,1 x 23,9 սմ.) (հեղինակի հրապարակագրութեան ժողովածուն): «[Ինքնութիւնը անյայտ – Գ. Ե.] մեկենասը այս հատորը կը նուիրէ հայ գիր ու դպրութեան ծառայած իրերայաջորդ սերունդներու»:

«Սուրիոյ հայերը. Գիտաժողովի նիւթեր (24-27 մայիս 2015)», խմբագիր` Անդրանիկ Տագէսեան, հրատարակութիւն Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2018, 720 էջ (17 x 24 սմ.) (գիտաժողովի զեկուցումները, բազմաթիւ մասերէ բաղկացած յաւելուած` ներառեալ զեկուցողներուն կենսագրութիւնները, անգլերէն եւ արաբերէն ամփոփումներ, համալսարանի հրատարակչատան տպագրած գիրքերու ցանկ):

Վազգէն Ա. Պալճեան Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, «Երկերի ժողովածու», Բ. հատոր` «Քարոզներ եւ խօսքեր», պատրաստեց` Տ. Արարատ քահանայ Պօղոսեան, հրատարակութիւն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տպարան, Վաղարշապատ, 2018 (քարոզներու եւ տարբեր առիթներով ելոյթներու ընտրանի): Տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:

– Տէր Մինասեան Վահէ, «Հայաստան. Երրորդ Հանրապետութեան ժամանակագրութիւն», «լ’Հարմաթան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, փետրուար 2018, 452 էջ (15,5 x 23 սմ.) (ֆրանսերէն):

Քասունի Երուանդ Հ., «Լուսարձակի տակ – Անհաճոյ ըլլալու երանութիւնը», տպարան Design Kesdenian, Պէյրութ, 2017, 328 էջ (16,6 x 23,9 սմ.) (հեղինակին հրապարակագրութեան ընտրանին. յառաջաբան, նիւթերու եւ փաստաթուղթերու յաւելուած, հեղինակին կենսագրութիւնն ու հրատարակուած հատորներուն ցանկը, արաբերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Գիրքը ձօնուած է «Երախտապարտ յիշատակին Ցեղասպանութեան գեհէնէն հրաշքով ճողոպրած այն սերունդին, որ իր պապերու կրանիթեայ հաւատքին կառչած, Մաշտոցեան Ոսկեդարու ռազմավարութեամբ սերունդներ դաստիարակեց, անշեղօրէն քալելու Մեծ Երազի Ճամբուն վրայ, մինչեւ բռնագրաւուած հայրենի աշխարհի ազատագրումն ու հոն վերադարձը»:

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան