Հայաստանի Անկախութեան 100-ամեակի Յուշակոթողը Բարձրացաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

1198

«ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՄԱՏՈՒՌԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐԱՐՆ Է, ԻՍԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱԿՈԹՈՂԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆ Է»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի համահայկական համաժողովին առաջին օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ բացումը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած յուշակոթողին, որ բարձրացաւ է Անթիլիասի Մայրավանքին շրջափակին մէջ։

Չորեքշաբթի, 21 Մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 05:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեան, սկաուտներու կազմած շարեքուրն ընդմէջէն նախ ուղղուեցան Մայր Տաճարին աջ կողմը կանգնած Նահատակաց մատուռ, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։ Ապա ուղղուեցան Մայր Տաճարին ձախակողմը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կատարելու։

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի ներկայացուցիչ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Ամենապատիւ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքի ներկայացուցիչ, Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, երեսփոխաններ, նախարարներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային վարժարաններու աշակերտներ, Դպրեվանքի սաներ, միաբան հայրեր եւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն։

Ունկնդրելէ ետք Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց եւ Կիլիկիոյ քայլերգները, Նորին Սրբութիւնը անցաւ յուշակոթողին շուրջ համախմբուած բազմութեան դիմաց ու տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ Ողջունելէ ետք ներկաները, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ աւելի քան հինգ դար ստրկութիւն ու հալածանք, ցեղասպանութիւն ու աքսոր ապրած հայ ժողովուրդը իր հայրենի դարաւոր հողին վրայ 28 Մայիս 1918-ին կերտեց իր անկախութիւնը, իր կեանքի «Նո՜ր արշալոյս»ը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ թէեւ 1918-ն երկար կեանք չունեցաւ, սակայն ծածանեցուց եռագոյն դրօշը ու հայ ժողովուրդը շարունակեց կառչած մնալ իր սրբազան հողին ու մշակոյթին ու անկախութեան վերատիրացման մինչեւ որ այդ իրականացաւ 1991-ին։ «Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ազգերու անկախութիւնը կը նուաճուի հաւաքական հաւատքով ու արիւնով եւ կը պահուի հաւաքական քրտինքով», նշեց Հայրապետը ու շարունակեց՝ ըսելով, որ անկախութեան համար կանգնեցուած յուշակոթողը կազմուած է երեք ամրակուռ սիւներէ՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, որոնք միասնաբար անբաժան ու անբաժանելի երրորդութիւն մըն են, որոնք կը բարձրանան դէպի երկի՛նք, անմահութի՛ւն եւ յաղթանա՛կ։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով, որ յուշակոթողը յուշարար մըն է, որ պայքարը կը շարունակուի մինչեւ վերականգնումը ամբողջական Հայաստանին։

Նշենք, որ յուշակոթողին բարերարութիւնը ստանձնած էր Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը, իսկ անոր հեղինակ քանթակագործն է Անդրանիկ Դաւթեանը։ Գործին իրականացման կարեւոր ներդրում ունեցան են Կաթողիկոսարանի ճարտարապետներէն Յակոբ Շամլեանն ու Վազգէն Չէքիճեանը։