Հայաստանում իշխանությունը բոլշևիկներին հանձնելու ՀՅԴ Բյուրոյի որոշումը. 1920թ նոյեմբերի 30

3338

Ներկայացնում ենք հատված Հայրենիքի փրկության կոմիտեի ներքին գործերի վարիչ, Շիրակի նահանգապետ Կարո Սասունու գրքից, որը կրում է «Փետրուարեան ապստամբութիւնը, 1921» խորագիրը և լույս է տեսել Բեյրութում, 1970-ին: Սասունին պատմում է, թե ինչպես է ՀՅԴ-ն, այդ թվում Բյուրոյի որոշումով, իշխանությունը խաղաղ ճանապարհով փոխանցել բոլշևիկներին՝ Հայկեղկոմին։

—–

Դրօն ամէն տեսակի դիմադրութիւն անկարելի եւ աւելորդ կը նկատէր [բոլշեւիկներուն դէմ]: Այդ ուղղութեամբ կարգադրութիւններ ըրած էր վերջին վայրկեանին: Սեպուհը նոյեմբեր 30ին իր գունդերը կը ձգէր Ելենովկայի [այսօր Սևան քաղաքը – ԱՆԻ] շրջանին մէջ, եւ շարք մը ընկերներու հետ կ’անցնէր Աբարան, անկէ ալ Լօռիի վրայով՝ Վրաստան:

Այսպիսով լուրջ յոյս դնել որեւէ դիմադրութեան վրայ՝ անկարելի էր, մանաւանդ որ զինուորական նախարար Դրօն այդ դիմադրութիւնը կը գտնէր անկարելի եւ աւելորդ:

[ՀՅԴ խորհրդարանական] ֆրակիցիայի նիստին, բացի 3-4 պատգամաւորներէն, բոլոր ժողովականները կանգնած էին այն տեսակէտին վրայ, որ իշխանութիւնը պէտք է խաղաղ կերպով յանձնուի բոլշեւիկներուն, որովհետեւ մօտալուտ ֆիզիքական վտանգը կը ստիպէր հայ ժողովուրդին եւ ղեկավարներուն դարձեալ ապաւինիլ ռուսերուն: Երկար տարիներու բնազդական քաղաքականութեան շարունակութիւնն էր, որ ի յայտ կու գար, հակառակ այն մտայնութեան, որ ունէինք մայիսեան դէպքերուն ատեն: Հայ մտաւորականութիւնն ու աշխատաւորութիւնը, այդ ատեն, գործնական քայերով ցոյց տուած էին իրենց ուժը բոլշեւիկեան տարրերուն, ի պաշտպանութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ժողովրդի ազատութեան:

Փոքրամասնութիւնը, կամ աւելի ճիշդ չորս պատգամաւորները դէմ էին առանց կռուի զիջելու իշխանութիւնը: Անոնք կը պնդէին, թէ հաշտութեան լեզու մը գտած ենք թուրքերու հետ, ուստի հարկաւոր է պահպանել բարեկամութիւնը եւ մեր վերջին ուժերով դիմադրել բոլշեւիկեան հոսանքին, որովհետեւ այս վերջինները ոչ միայն Թուրքիոյ դէմ պիտի չկռուին, հայ ժողովուրդը դուրս հանելու համար ներկայ կործանումէն, այլ ներսէն պիտի ստեղծեն նոր հակամարտութիւններ եւ անցանկալի ցնցումներ, որոնք վերջնական քայքայման պիտի տանէին երկիրը:

Ֆրակցիայի բացարձակ մեծամասնութիւնը, սակայն, կանգնեցաւ կառավարութեան տեսակէտին վրայ եւ որոշւեցաւ իշխանութիւնը զիջիլ բոլշեւիկներուն:

Հ. Յ. Դ. Բիւրոն նոյնպէս յանգած էր նոյն եզրակացութեան, տալով, հետեւյալ որոշումը. «Երկու հակառակորդ կողմերու ճնշումէն հարկադրուած՝ Բիւրոն Հայաստանէն կը հեռանայ, թողնելով իր ներկայացուցիչը եւ կը հրահանգէ ընկերներուն, իրենց տեղական պայմաններուն համաձայն գործել եւ գաղտնի պահպանել կուսակցութեան գոյութիւնը. իսկ ընկերներուն չ’արգիլեր մտնել նոր իշխանութեան մէջ եւ աշխատիլ երկրի տնտեսական ու կուլտուրական զարգացման համար»: