Ղարաբաղեան Շարժման Օրագրութիւն (Փետրուար-Յունիս 1988). Արա Սանճեան

1394

Արա Սանճեան

(Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Ֆակուլտետի երկրորդ

կուրսի սփիւռքահայ ուսանող)

Ղարաբաղեան Շարժման Օրագրութիւն

(Փետրուար–Յունիս 1988)

Նոր Նորքի երկրորդ զանգուած Ուսանողական աւան 4-րդ մասնաշէնքսենեակ հ. 227

Երեւան, 1988

ՀՐԱՊԱՐԱԿՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ղարաբաղեան Շարժման սկզբնաւորման երեսնամեակին առթիւ, որոշեցի

ելեկտրոնային ձեւաչափով առցանց հրապարակել շարժման առաջին ամիսներուն

քաղաքական  անցուդարձը համարեա օրը օրին արտացոլած օրագրութիւնս։

1988 թուականի Փետրուարին Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան

Ֆակուլտետի երկրորդ կուրսի սփիւռքահայ ուսանող էի, երբ շարժումը ժայթքեցաւ։

 

Հանրահաւաքներուն չորրորդ կամ հինգերորդ օրը ես ալ հասած էի այն

եզրակացութեան, թէ կ’ապրէինք իւրայատուկ ժամանակաշրջան մը, որուն

վիճակուած էր ցնցելու  հայաշխարհը, գուցէ՝ նաե՛ւ աւելին։

 

Անմիջապէս որոշեցի օրագրութիւն պահել՝ մանաւանդ, որ Խորհրդային Հայաստանի

պետական լրատուամիջոցները (միակը՝ երկրին մէջ) այդ օրերուն շատ ժլատ եւ

ոչ համակողմանի կ’արձագանգէին զարգացումներուն՝ դժգոհութեան լայն ալիք

ստեղծելով հանրութեան մէջ։

 

Այդ աշխատանքը ջանասիրաբար շարունակեցի մինչեւ Յունիսի վերջը՝ երբ ամառային

արձակուրդին պատճառով Երեւանէն վերադարձայ Պէյրութ՝ ծնողներուս մօտ։

Շարունակութիւնը՝

https://www.academia.edu/35963109/A_Diary_of_the_Karabagh_Movement_February-June_1988_in_Armenian_