Նոր գիրքեր. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

999

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

– Աթա Ֆերուտուն (խմբագիր եւ յառաջաբանի հեղինակ), «1915-ին բանտարկուած պատմութիւնը. Հայկական հարցը», «Փանտորա» հրատարակչութիւն, Սթանպուլ, 2017 (թրքական պատմակեղծարարութեան թափօններու հերթական ժողովածու) (թրքերէն):

– Ալլուլ Հուսսին, Էլտեմ Էտհեմ եւ տը Սմէլէ Հենք (խմբագիրներ), «Սուլթան մը սպանել. Ապտուլ Համիտ Բ.ի անդրազգային մահափորձին պատմութիւնը», առաջին հրատարակութիւն, «Մաքմիլլան Փալկրէյվ» հրատարակչութիւն, Միացեալ Թագաւորութիւն, 2018, xiii + 281 էջ (հայ, թուրք ու եւրոպացի 9 հեղինակներու յօդուածներու ժողովածու 21 յուլիս 1905-ին Հ. Յ. Դ.ի իրագործած մահափորձի միջազգային առնչութիւններուն եւ մութ ծալքերուն մասին, յառաջաբան, վերջաբան, 8 սեւ-ճերմակ լուսանկար) (անգլերէն):

– Եաիր Օրոն, «Մուսա տաղի հարիւր տարիները. Յայտնաբերումներ եւ նոր լոյս գիրքին ու անոր հեղինակին վրայ», խմբագիր՝ Անուշ Ակներեան, Մոնրէալ, 2017, 106 էջ   (նորութիւններ Ֆրանց Վերֆելի եւ անոր հեղինակած «Մուսա լեռան քառասուն օրերը» վէպին մասին) (անգլերէն): Գիրքը լոյս տեսած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի միացեալ մարմինին նախաձեռնութեամբ:

– Թովմա Մեծոփեցի, «Յիշատակարան», գրաբարէն աշխարհաբարի փոխադրումը՝ Արշակ Մադոյեանի, հրատարակութեան պատրաստեց Արարատ քահանայ Պօղոսեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տպարան, 2017 (Մայր Աթոռի՝ Սիսէն Էջմիածին 1441 թուականին վերադարձի պատմութիւնը):

– Իպրահիմով Զեյնալ, «Ալիեւ եւ ընկ. – 35 նամակ որդիիս», առանց տեղի նշումի, 3 յունուար 2018 (իր երկրէն փախած ատրպէյճանցի գրողը վէպի տեսքով կը ներկայացնէ Հեյտար Ալիեւի դերը Ատրպէյճանի 1988-1993 տարիներու դէպքերուն մէջ, երկրին մէջ բռնատիրութեան հաստատումը եւ Ատրպէյճանի հայասպան պետական, ծրագրուած ու հետեւողական քաղաքականութիւնը) (ռուսերէն): Գիրքը կարելի է ձեռք բերել www.amazon.com կայքէն:

– Յակոբեան Արարատ, «1937 թուականը Հայաստանում», պատասխանատու խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 95 էջ (14,5 x 20 սմ.) (խորքային ուսումնասիրութիւն 1930-կաններու վերջին Խորհրդային Հայաստանի մէջ բռնաճնշումներուն մասին, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Հրատարակուած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան հիմնարկի Նորագոյն պատմութեան բաժինին որոշումով:

– Յովհաննիսեան Մերի, «Ուրացման քաղաքականութեան արմատները, նորօրեայ դրսեւորումները եւ նրանց հետեւանքները», խմբագիր՝ Հայկազուն Ալւրցեան, հրատարակութիւն Արեւմտահայութեան հարցերի ուսումնասիրման կենտրոնի, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 168 էջ (Հայոց Ցեղասպանոթեան թրքական ուրացման համակողմանի ուսումնասիրութիւնը):

– Շառոյեան Լեւոն, «Լեռնականներու վերջին շառաւիղը՝ Սիմոն Սիմոնեան», հայերէնէ թարգմանեց Վահէ Հ. Աբէլեան, հրատարակիչ՝ Հրաչ Քելսահակեան, 2017 (անգլերէն): Հրատարակութիւնը հովանաւորած է «Սիմոն Սիմոնեան Հիմնադրամ»ը: Գրքոյկը կարելի է ձեռք բերել www.amazon.com կայքէն:

– Պապայեան Ներսէս աւագ քահանայ, «Այնթապ 1915-1922», ներածութիւնը՝ պատմաբան Ումիթ Քուրթի, հրատարակիչներ՝ Ումիթ Քուրթ եւ պատմութեան հիմնադրամի «Եուրթ» հրատարակչատուն, Սթամպուլ, 2017 (Այնթապի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ եւ Այնթապի Հայ ազգային միութեան անդամ քահանայ հօր յուշերը) (թրքերէն):

– Սմբատեան Գրիշա, «Սիւնիքը փորձութեան մէջ. Հայ-թաթարական բախումները», «Սիւնիք-Վայոց ձորի հոգեւոր եւ պատմա-մշակութային ժառանգութիւն» մատենաշար գիրք 4, խմբագիր` Հրանուշ Խառատեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 644 էջ + 72 էջ լուսանկարներու ներդիր (17,1 x 24,8 սմ.) (Սիւնիքի մէջ 1905-1906 թուականներու հայ-թաթարական բախումներու պատմութիւնը, վաւերագիրներ, յիշատակարան, յատուկ անուններու ցանկ, հարիւրաւոր լուսանկարներ): «Գրքի հրատարակութիւնը հովանաւորել է Արմէն Յովհաննէսի Ղուկասեանը»: Գիրքը նուիրուած է հեղինակի ծնողներուն, Արցախեան ազատամարտի մասնակից եղբօր եւ Կովսականի շրջանի հանգուցեալ գիւղացիներուն:

– Տէր Եղիայեան Կարպիս, «Ձայներ լռութեան մէջ. Մարմինս լացաւ, հոգիս լացաւ, սիրտս լացաւ», հրատարակութիւն Մաշտոց Գոլէճի. Լոս Անճելոս, 2017 (հեղինակին՝ Արեւմտահայաստան, Կիլիկիա եւ Կապադովկիա ուխագնացութիւններէն 1000-է աւելի գունաւոր լուսանկարներու ալպոմ) (անգլերէն):

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան