Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը «Ասպետ»-ի Շքանշանով Կը Պարգեւատրէ Նազարէթ Եւ Պետիկ Սապունճեան Եղբայրները

1598

Հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 17 դեկտեմբեր 2017-ին, յընթացս սուրբ պատարագին, տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի նոր ատեանին սրբանկարներուն օծումը:

Նոր ատեանի շինութեան ծրագիրը իրագործուեցաւ բարերարութեամբ Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեան եղբայրներուն` ի յիշատակ իրենց ծնողքին` Ճորճի եւ Անժել Սապունճեաններուն: Ս. Երրորդութեան, Ս. Պօղոս առաքեալի, Ս. Պետրոս առաքեալի, Ս. Յակոբ Մծբնացիի, Հռիփսիմէ եւ Գայեանէ կոյսերուն, Ս. Սահակ Պարթեւի, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս. Ներսէս Շնորհալիի, Ս. Ղեւոնդ Երէցի, Ս. Վարդան Մամիկոնեան զօրավարի, Ս. Գրիգոր Նարեկացիի, Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի, Ս. Ներսէս Մեծի եւ Ս. Սարգիսի սրբանկարները, որոնց հեղինակն է Յովսէփ վրդ. Աշգարեան, օծուեցան եկեղեցական յատուկ եւ տպաւորիչ արարողութեամբ:

Օծման կարգի աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս տուաւ իր հայրապետական պատգամը, որուն մէջ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ ծէսերուն մէջ օծման ու օրհնութեան կարեւորութեան` բացատրելով, որ եկեղեցին մեծ պատգամ եւ նշանակութիւն ունեցող յատուկ կարգեր սահմանած է իւրաքանչիւր առիթի, որովհետեւ մեր եկեղեցին ժողովուրդին եկեղեցին է, ուստի անոր կեանքին մէջ ունի կարեւոր դերակատարութիւն: Վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ պատկերներու օծման պատմական ուղիին` դիտել տալով, որ  սրբապատկերներու նկատմամբ հաւասարակշռուած մօտեցում կը ցուցաբերուի, կ’ընտրուին այնպիսի նկարներ, որոնք Աստուծոյ ներկայութիւնը ցոյց կու տան եւ Անոր հետ երկխօսութեան առիթ կը ստեղծեն:

Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտը դրաւ օրուան խորհուրդը փոխանցող երեք պատգամներու եւ իմաստներու վրայ: Առաջինը այն է, որ, երբ կը նայինք սրբանկարներուն, այդ սուրբերուն ապրած սրբակենցաղ կեանքին, զանոնք պէտք է մեր կեանքին ուղեցոյցը դարձնենք եւ ունենանք իբրեւ տիպար ու օրինակ, որոնց առջեւ միշտ կը խոնարհինք, կը յարգենք զանոնք եւ կ’ընդունինք իբրեւ բարեխօս` մեր ցաւերը, տառապանքն ու աղօթքը ներկայացնելու Քրիստոսին: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ երկրորդ պատգամը այն է, որ մեր սուրբերէն շատեր մեր եկեղեցւոյ հայրերը կը նկատուին` թէ՛ իրենց սրբակեաց կեանքով ու քրիստոսակեդրոն վկայութեամբ, եւ թէ՛ իրենց սրբազան գրականութեամբ, որով մեծապէս հարստացուցած են մեր պատմութիւնը, անոնք եղած են մեծ աստուածաբաններ` դէպի Աստուած տանող յոյսի ճամբան բանալով բոլոր հաւատացեալներուն դիմաց: Իսկ երրորդ պատգամով, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ այս սուրբերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սովորական սուրբեր չեն եղած ու ճգնաւորական կեանք չեն ապրած, այլ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են, դրոշմ ձգած են ազգային իմաստով եւս եւ այսօր տիրական ներկայութիւն են մեր կեանքին մէջ` իրենց ժառանգած հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով, որոնց համար մեր յարգանքին եւ հաւատարմութեան արժանի են վստահաբար:

Արամ Ա. կաթողիկոսը իր խօսքին վերջին բաժինով անդրադարձաւ ընդհանրապէս ծառայութեան եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ծառայելու կարեւորութեան` շեշտելով, որ ատիկա իւրաքանչիւր հայորդիի պարտականութիւնն է, որովհետեւ այդպիսով ի՛նք է, որ կը բարձրանայ, կը հզօրանայ եւ գոհունակութիւն կ’ապրի: Անոր համաձայն, եկեղեցին ունի ներքին եւ արտաքին պայծառութիւն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց կարգին կարեւոր է, որովհետեւ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, ուստի պէտք է ըստ արժանւոյն ներկայանայ հաւատացեալներուն: Աւարտին վեհափառը մեծապէս գնահատեց Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեանները, որոնց  առաջարկով ու նախաձեռնութեամբ կարելի եղաւ փոխել 80 տարուան հնութիւն ունեցող ատեանը: Ան յիշեցուց, որ երկրին վրայ դիզուած գանձերը պիտի փոշիանան, առ այդ` անհրաժեշտ է անոնցմէ բաժին հանել սրբազան նպատակներու` ազգին, եկեղեցւոյ, դպրոցին, մշակոյթին եւ կարիքաւոր հայորդիներուն, որովհետեւ այդպիսով կարելի է հարստանալ, հզօրանալ ու անմահանալ:

Ս. պատարագէն ետք վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս` իբրեւ գնահատանք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի նոր ատեանի սրբանկարներու բարերարներ Նազարէթ եւ Պետիկ Սապունճեաններուն, զանոնք պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց Սապունճեան եղբայրներուն նախաձեռնութիւնը` դիտել տալով, որ անոնք Հալէպէն մինչեւ Լիբանան, զանազան կերպերով օգտակար եղած են ժողովուրդին: Անոնց կեանքին մէջ եկեղեցին, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, մնայուն ներկայութիւն եղած է, ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ նշեց, որ անոնք անցնող տարիներուն տեսանելի եւ անտեսանելի ձեւերով ներդրում ունեցած են եկեղեցւոյ կեանքին եւ լիարժէքօրէն ծառայած Ս. աթոռին: Ան նաեւ ըսաւ, որ Սապունճեան եղբայրները ո՛չ միայն նիւթական յատկացուցած են այս նորոգութեան եւ սրբապատկերներու զետեղման, այլ նաեւ իրենք ամէնօրեայ ներկայութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով հետամուտ եղած են, որ ամէն ինչ ընթանայ ճշգրիտ եւ կատարեալ ձեւով:

Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս խօսեցաւ մեզմէ վեր եղողներուն` ազգին, եկեղեցւոյ եւ դպրոցին մեր ունեցածին համաձայն նուիրելու կարեւորութեան մասին` հաստատելով, որ մեր շնորհներով եւ կարելիութիւններով պէտք է ծաղկեցնել, հարստացնել մեր շրջապատը: «Իսկական ծառայութիւնը քանակ, չափ, ձեւ չի ճանչնար: Երբ ծառայութեան մէջ մեր հոգին ու մեր անձը կը դնենք, այդ ժամանակ ծառայութիւնը իր լիարժէք իմաստը կը ստանայ», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս` շեշտելով, որ բարերարութեան մէջ անցեալ չկայ, այլ անիկա մնայուն ու շարունակուող ընթացք է:

Պատգամի աւարտին կարդացուեցաւ Հայրապետական կոնդակը, ու վեհափառ հայրապետը  Սապունճեան եղբայրներուն յանձնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանը:

Ապա իր եւ Սապունճեան ընտանիքին երախտագիտութեան խօսքը արտասանեց Նազարէթ Սապունճեան, որ ըսաւ, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս իսկական բացատրութիւնն է վեհ եւ վեհափառ բառերուն: «Վեհ էք ձեր ներկայութեամբ եւ կեցուածքով, վեհ էք ձեր մտքով եւ դատողութեամբ, վեհ էք ձեր խօսքով եւ քարիզմայով, վերջապէս` վեհափառ էք ամբողջական իմաստով», հաստատեց ան: Ն. Սապունճեան դիտել տուաւ, որ իր հայրը, ինք եւ եղբայրը բազմիցս իրենց հաւատարմութիւնը, սէրը, յարգանքն ու հպարտութիւնը արտայայտած են կաթողիկոսութեան նկատմամբ, իսկ իրենց շնորհուած շքանշաններուն համար իրենք մեծապէս ուրախ են ու հպարտ: Անոր համաձայն, աւելի քան 30 տարիներէ ի վեր իրենք իրենց պարտականութիւնն է, որ կատարած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. աթոռին հանդէպ: Իր խօսքը եզրափակելով` Նազարէթ Սապունճեան իր, եղբայրներուն` Պետիկին ու Զարեհին եւ սփիւռքի տարբեր օճախներուն մէջ ապրող Սապունճեան գերդաստանի հարիւրաւոր անդամներուն անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:

ԱԶԴԱԿ, 18 Դեկտեմբեր, 2017թ.