Դեկտեմբեր 6ին, Երեւանի մէջ, պիտի ներկայացուի Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեանի յայտնի Ա-Տօ անունով «Մեծ Դէպքերը Վասպուրականում, 1914-1915 թուականներին» հատորը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Լոնտոնի մէջ գործող «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն՝ Արա Սարաֆեանէն, որ նոյնպէս պիտի ներկայացնէ հատորը:
Պատմաբանը, որ հայերէնէ անգլերէնի թարգմանած է նշեալ հատորը, յայտնեց թէ «Van 1915» գիրքը կը կարեւորուի այն փաստարկով, որ ցարդ պատմագիտական շրջանակներուն մօտ եղող Անգլերէն սկզբնաղբիւրներու առումով պիտի ըլլայ նորութիւն:
Ան նշեց նաեւ, որ նման հատոր մը նպատակ ունի հայոց ցեղասպանութիւնը մինչեւ օրս ուրացող կարգ մը պատմաբաններուն համար պատմական ճշմարտութիւնները աչքի առջեւ ունենալու համար կարեւոր ուղեցոյց մը հանդիսանալ:
Սարաֆեան նշեց, որ Օսմանեան կայսրութեան 1915 թուականի ժամանակաշրջանը, յաճախ հանդիսացած է պատմաբաններու ուշադրութեան առարկայ եւ այս առումով ալ Յովհաննէս Տէր Մարտիրոսեանի, առաջին անգամ Երեւանի մէջ, 1917 թուին, արեւելահայրէնով տպագրուած հատորը պիտի համարուի կարեւոր սկզբնաղբիւր, որուն շնորհիւ ալ հայոց ցեղասպանութեան փաստերը հաւաքագրող եւ այդ ժամանակաշրջանի դէպքերը լոյսին հանող պատմաբաններուն համար պիտի հանդիսանայ իւրայատուկ եւ շահեկան սկզբնաղբիւր:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 6 Դեկտեմբեր, 2017ին, ժամը 14.00, Երեւանի ազգային գրադարանէն ներս:
Աղբյուրը՝ http://arevelk.am