Ֆրանսայի նախագահին նամակը՝ ուղղուած Արամ Ա. կաթողիկոսին

976

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նամակ մը ստացաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն։

Պրն. Նախագահը առաջին հերթին կը վստահեցնէ, որ Ֆրանսան «միջազգային իր դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակէ աշխատիլ ի խնդիր խաղաղութեան եւ ապահովութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս, պահպանելով ցեղային ու կրօնական զանազանութիւնը եւ ինքնութիւնը, որ շրջանի իւրայատուկ յատկանիշներէն մէկը կը հանդիսանայ։ Ֆրանսան նաեւ պիտի շարունակէ պայքարիլ ծայրայեղութեան դէմ՝ պաշտպանելով ցեղային ու կրօնական ծայրայեղութեան ու բռնութեան զոհ դարձած համայնքները»։ Անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին, ան կը շեշտէ՝ «արդարութեան վրայ հիմնուած տագնապի քաղաքական լուծման կարեւորութիւնը, որպէսզի Սուրիոյ ժողովուրդը բաղկացնող ցեղային ու կրօնական համայնքները կարենան ապրիլ խաղաղութեան մէջ, յարգուած տեսնելով իրենց մարդկային իրաւունքները»։

Ֆրանսայի նախագահը նաեւ կ՚անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Յիշելով թէ «Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ յետոյ Միջին Արեւելքը տակաւին կ՚ապրի բռնութեան ու բռնակալութեան մթնոլորտի մէջ», կը վստահեցնէ, թէ Ֆրանսան «հաւատարիմ իր կեցուածքներուն, պիտի շարունակէ շեշտել ճշմարտութեան հրամայականը եւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման կարեւորութիւնը աշխարհի բոլոր երկիրներէն, ներառեալ Թուրքիայէն ներս», միաժամանակ ընդգծելով, որ Ֆրանսան «անկեղծ բարեկամ է Հայաստանին եւ աշխարհի բոլոր կողմերը ապրող հայ ժողովուրդին, եւ ան ամբողջութեամբ յանձնառու է Ղարաբաղի հարցին բանակցութեան ճամբով մնայուն լուծում մը գտնելու՝ յօգուտ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն»։

Վերջապէս, Նախագահ Մաքրոն կը վերահաստատէ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի միջեւ գոյութիւն ունեցող զօրեղ բարեկամութիւնը, Լիբանանը նկատելով տիպար երկիր մը գոյակցութեան, բազմազանութեան եւ ժողովրդավարութեան, ուր հայ համայնքը ունի իր կարեւոր տեղը։

http://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/20583