Մեր ժողովուրդը թանկ գին վճարեց սեպտեմբեր 21-ի կերտման` իր անկախութեան նուաճման համար

1316

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

26 տարի առաջ, սեպտեմբեր 21-ին, մեր ժողովուրդը հանրաքուէի ճամբով «Այո՛» ըսաւ անկախութեան: Արցախեան մարտնչումներու եւ ահաւոր երկրաշարժի բարդ ու տագնապալի պայմաններուն մէջ, մեր ժողովուրդը ընտրեց անկախ պետականութեամբ ինքզինք հաստատելու եւ ամրապնդելու ուղին:

Դիւրին չեղան անկախութեան 26 տարիները: Արցախի պատերազմը, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ մեր երկրին պարտադրուած շրջափակումը, քաղաքական կեանքի կայունութեան եւ համերաշխութեան սպառնացող մարտահրաւէրները, անցնող 26 տարիներուն, մեր երկիրն ու ժողովուրդը դրին պատմական պատասխանատուութեան դիմաց` ազատ, արդար եւ ապահով ընկերութեան մը բարգաւաճ, հզօր եւ ժողովրդավար հայրենիքը կերտելու:

Մեր ժողովուրդը թանկ գին վճարեց սեպտեմբեր 21-ի կերտման` իր անկախութեան նուաճման համար: Այդ ազատութիւնը մեր ժողովուրդի արժէքային համակարգին հիմքն է եւ սակարկութեան ենթակայ չէ:

Սեպտեմբեր 21-ը ազատ ու անկախ հայրենիքի տօնն է, որ այսօր հրաւէր կ՛ուղղէ իւրաքանչիւր հայու իր հայութիւնը գործնապէս արտայայտելու` մասնակից դառնալով հայրենակերտումի հրամայական առաքելութեան: Հայրենիքը կը պատկանի համայն հայութեան: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդը ազգային պարտաւորութիւններով եւ իրաւունքներով կապուած է Հայաստանին:

Սեպտեմբեր 21-ը օրն է ոգեկոչելու յիշատակը արցախեան ճակատներուն եւ Հայաստանի սահմաններուն վրայ ինկած մեր բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք իրենց սեփական արեամբ գրեցին մեր իսկական անկախութեան պատմութիւնը:

Սեպտեմբեր 21-ը օրն է յարգանքի մեր տուրքը ընծայելու հայկական քաջարի բանակին, որուն շնորհիւ կ՛ապահովուի մեր պետութեան անվտանգութիւնը, մեր ժողովուրդին խաղաղ եւ ստեղծագործ կեանքը:

Սեպտեմբեր 21-ը օրն է ողջունելու մեր երկրի բարօրութեան եւ բարգաւաճման համահայկական բոլոր ճիգերը, որովհետեւ երկրի սահմաններէն ներս ամէն նուաճում, ընկերային-տնտեսական կեանքի զարգացման իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն կարեւոր յառաջընթաց մըն է ժողովուրդ-պետութիւն փոխադարձ վստահութեան խորացման եւ ներքին միասնականութեան ամրապնդման:

Սեպտեմբեր 21-ը օրն է նաեւ հաստատելու, որ լիբանանահայութիւնը իր ուրոյն դերակատարութեամբ եւ հսկայ ներուժով կը մնայ ամուր եւ յուսալի կամուրջ երկու բարեկամ երկիրներու` Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ, միշտ պատրաստ` իր աջակցութիւնը բերելու Հայաստանի հզօրացման վեհ գործին:

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ