Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ սփիւռքահայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ
– «Աւետիս Ահարոնեան – 150», կազմող՝ Նարէ Միքայէլեան, խմբագիր՝ Արքմենիկ Նիկողոսեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Երեւանի պետական համալսարանի եւ Հ. Հ.ի սփիւռքի նախարարութեան համատեղ հրատարակութիւն, Երեւան, 2017, 392 էջ (14.5 x 21 սմ.)(15 դեկտեմբեր 2016-ին Երեւանի մէջ կայացած միջազգային գիտաժողովին նիւթերը):
– Գրիգոր Նարեկացի, «Մատեան ողբերգութեան», գրաբարէն թարգմանեց հայագէտ Վալտա Սալմինիան, յառաջաբանը՝ Հրաչեայ Թամրազեանի, Ռիկա, 2017 (մանրանկարներու լուսանկարներ): Հրատարակութեան աջակցածէ Լաթվիոյ մէջ Հ. Հ.ի դեսպանութիւնը (լաթվիերէն):
– Թոքմաճեան Հրազդան (հրատարակութեան պատրաստեց), «Անապատի տխուր մեղեդին. Պետուին հայերը Նուրհան Պալեանի լուսանկարներում», Հ. Բ. Ը. Մ.ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Երեւանի կեդրոնական գրասենեակի համատեղ հրատարակութիւն, Երեւան, 2017 (ալպոմ):
– Կերկերեան Ժերար, «Լեռնային Ղարաբաղը անջատման եւ ինքնորոշման միջեւ», հրատարակութիւն «Չօպանեան» հիմնարկի, Փարիզ, 2017 (ֆրանսերէն):
– Կոստիկեան Քրիստինէ (կազմող), «Ցուցակ Մատենադարանի պարսկերէն ձեռագրերի», «Նայիրի» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 348 էջ: Պատրաստութեան աշխատանքներուն մասնակցած է Իրանի Ժառանգութեան Հիմնադրամը: Հրատարակուած է Ճէյ. Թի. Այ. Արմենիա փակ բաժնետիրական ընկերութեան նուիրատուութեամբ եւ «Մատենադարանի բարեկամներ» հիմնադրամի աջակցութեամբ (անգլերէն):
– Համաստեղ (Համբարձում Կելենեան), «Աղօթարան», հրատարակութեան պատրաստեցին Մարգարիտ Խաչատրեան եւ Գէորգ Եազըճեան, «Գրական Հայրենիք» ՓԲԸ(«Հայաստան» հրատարակչութիւն), Երեւան, 2017, 72 էջ (12 x 16.7 սմ.) (23 աղօթքներ, էջ 66-71՝ այս երկին Մարգարիտ Խաչատրեանի գրականագիտական արժեւորումը): Գրքոյկը նուիրուած է Մարինէ եւ Գագիկ Խաչատրեաններու յիշատակին:
– (Խումբ մը հեղինակներ), «Հայոց պատմութիւն», 4-րդ հատոր, Բ. գիրք (Նորագոյն ժամանակաշրջան 1945-1991 թթ.), «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016 [ապրիլ 2017], 700 էջ + 24 էջ ներդիր: Բազմահատորեակի միւս գիրքերուն նման, «հրատարակուած է Հ. Հ.ի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէի պատուէրով՝ պետական ֆինանսաւորմամբ» (Խորհրդային Հայաստանի, խորհրդահայութեան եւ արտախորհրդային սփիւռքի պատմութիւնը երկրորդ համաշխարհային պատերազմի վերջէն մինչեւ Հ. Հ.ի վերանկախութեան հռչակումը, բազմաթիւ լուսանկարներ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, օգտագործուած աղբիւրներու մատենագիտութիւն):
– Հոֆման Թեսսա եւ Քոչարեան Ժիրայր (կազմողներ), «Տեղահանութիւն, հալածանք, բնաջնջում – Հայոց նկատմամբ 1915/16-ի ցեղասպանութեան մասին շարադրանք եւ լուսանկարներ», գործակցութեամբ Հելմութ Տոնաթի եւ Վոլֆկանկ Շլոթի, «Տոնաթ» հրատարակչութիւն, Պրեմէն(Գերմանիա), 2017, 72 էջ (63 լուսանկար) (գերմաներէն):
– Մսըրլեան Գէորգ, «Իրպիտի եւ Հիւսիսային Յորդանանի հայերը», Ամման, 2017 (փաստաթուղթեր, լուսանկարներ) (արաբերէն եւ անգլերէն):
– Պօղոսեան Ռուզան (կազմող), «Ցուցակ Մատենադարանի եբրայերէն ձեռագրերի», «Նայիրի» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 142 էջ: Հրատարակուած է Ճէյ. Թի. Այ. Արմենիա փակ բաժնետիրական ընկերութեան նուիրատուութեամբ եւ «Մատենադարանի բարեկամներ» հիմնադրամի աջակցութեամբ:
– Սաքայեան Դորա, ««Նրանց քշում են անապատներ…». Կլարա եւ Ֆրից Զիկրիստ-ՀիլթիներըՀայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ (1915-1918)», թարգմանութիւն գերմաներէնէ հայերէն, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 424 էջ (զուիցերիացի քաղաքաշինարար երկրաչափ եւ հիւանդապահուհի ամոլի՝ գոթական ձեռագիրով արձանագրածներուն վերծանումը, նաեւ հատուած Հայկ Արամեանի հայերէն գիրքէն, թէ ինչպէս Զիկրիսթ-Հիլթիզոյգը 1916-ին օգնած է իրենց պահեստապետ Արամեանին` իրականացնելու վերջինիս արկածալի փախուստը եւ փրկութիւնը, 30 լուսանկար ու վերարտադրութիւն):
– Սիմոնեան Հրաչիկ, «Ինչպէս եղել է…», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 292 էջ (14.5 x 19.9 սմ.) (ակադեմիկոս պատմաբանի եւ հասարակական-կուսակցական գործիչի յուշերը՝ մանկութենէն մինչեւ կեանքի վերջին օրերը):
– Տէր Ղեւոնդեան Վահան, Սահակեան Քնարիկ, Մակարեան Վեներա, Խեչօ Մովսէս եւ Մինասեան Միհրան (կազմողներ), «Ցուցակ Մատենադարանի ձեռագիր Ղուրանների», խմբագիրներ՝ Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Զ. Սողոմոնեան եւ Մովսէս Խեչօ, Երեւան, 2016: Հրատարակուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի, Իսլամական Ձեռագիրներու Ընկերակցութեան եւ «Թեսաուրուս Իսլամիքուս» հիմնադրամի համատեղ ծրագիրի ծիրին մէջ:
– Քերովբեան Արամ, «Ձայն յանապատի – Եկեղեցական երաժշտութեան բարեկարգումը ԺԹ. Դարու վերջաւորութեան», հրատարակութիւն «Ակն» ընկերակցութեան, Փարիզ, 2017, 288 էջ (պատկերազարդ. դիմել info@akn-chant.org):
Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան